«­Թըր­քիշ ­Տէյ­լի ­Նիուզ» կը գրէ, որ «­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ բնա­կող, ծա­գու­մով հայ թուրք տնտե­սա­գէտ» ­Տա­րօն Ա­ճե­մօղ­լուն ան­ցեալ տա­սը տա­րո­ւան իր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րուն հա­մար գրա­ւած է ա­ռա­ջին դիր­քը ազ­դե­ցիկ տնտե­սա­գէտ­նե­րու «Տն­տե­սա­գի­տու­թեան մէջ հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ»ու ցան­կին վրայ։ 2223 յա­ռա­ջա­տար տնտե­սա­գէտ­նե­րու մէջ ­Մա­սա­չու­սե­ցի ­Ճար­տա­րա­գի­տու­թեան ­Հիմ­նար­կի (MIT) փրո­ֆե­սոր Ա­ճե­մօղ­լուն գրա­ւած է ա­ռա­ջին դիր­քը: Ան նա­խա­պէս ա­ռա­ջադ­րուած էր ­Նո­պէ­լեան մրցա­նա­կին: ­Վեր­ջերս ան մեծ հռչակ շա­հած է ­Ճէյմս ­Ռա­պին­սը­նի հետ իր հա­մա­հե­ղի­նա­կած «Ին­չո՞ւ պե­տու­թիւն­ներ կը ձա­խո­ղին» խո­րա­գի­րով գիր­քին հա­մար: