­Լի­բա­նա­նի հա­րա­ւը տե­ղա­կա­յո­ւած ՖԻՆԻՒ­Լի մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղա­պահ ու­ժե­րուն մաս կազ­մող հայ­կա­կան ջո­կա­տը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ջո­կա­տի հրա­մա­նա­տար ­Կա­րէն Ա­թո­յեա­նի, Ե­րեք­շաբ­թի՝ 9 ­Մա­յի­սի ա­ռա­ւօ­տուն այ­ցե­լած է Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վանք եւ վե­հա­րա­նին մէջ հան­դի­պում ու­նե­ցած է Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սին հետ՝ ներ­կա­յու­թեամբ ­Լի­բա­նա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պան ­Սա­մո­ւէլ Մկրտ­չեա­նի:
Հ­րա­մա­նա­տար ­Կա­րէն Ա­թո­յեան ընդ­հա­նուր գի­ծե­րու մէջ անդ­րա­դար­ձած է ջո­կա­տի ան­դամ­նե­րուն ա­ռա­քե­լու­թեան՝ նշե­լով, որ ա­նոնք մաս­նակ­ցած են տար­բեր զօ­րա­վար­ժու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ պաշտ­պա­նո­ղա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու:
­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ող­ջու­նած է «հա­յոց բա­նա­կի քաջ զի­նո­ւոր­նե­րը, ո­րոնք հպար­տու­թիւն կ­՛առ­թեն հայ­րե­նի­քին ու հա­մայն հա­յու­թեան եւ կը հան­դի­սա­նան հայ­րե­նի­քի հզօ­րու­թեան ու յա­ւեր­ժու­թեան ե­րաշ­խի­քը»: Ան հաս­տա­տած է, որ բա­նա­կը հայ­րե­նի­քին ա­ռանցքն է, հզօ­րու­թեան աղ­բիւ­րը, ան­սա­սա­նու­թեան ե­րաշ­խի­քը: Այ­սօր ­Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը կը գտնո­ւին բազ­մա­թիւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դէմ յան­դի­ման, ու­նին բա­զում կա­րիք­ներ. հա­յոց բա­նա­կը կո­չո­ւած է զօ­րեղ ու կեն­սու­նակ պա­հե­լու հայ­րե­նի­քը:
Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս ու­րա­խու­թիւն յայտ­նած է եւ փառք տո­ւած Աս­տու­ծոյ, որ հա­յու­թիւ­նը ու­նի հզօր բա­նակ, որ ո­րակ է՝ քա­նակ ըլ­լա­լէ ա­ռաջ, եւ հայ­կա­կան բա­նա­կին ո­րա­կը ան­պայ­ման ար­դիա­կան սպա­ռա­զի­նու­թիւն, մաս­նա­գի­տա­կան զէն­քեր ու­նե­նա­լով չի բնո­րո­շուիր, այլ ծա­ռա­յու­թեան ո­գիով, նո­ւի­րու­մով, հա­ւատ­քով, վճռա­կա­նու­թեամբ եւ պար­տա­կա­նու­թեան գի­տակ­ցու­թեամբ:
­Կա­թո­ղի­կո­սը յի­շե­ցուց ­Վար­դա­նանց ճա­կա­տա­մար­տը, ուր փի­ղե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը վտանգ կը հան­դի­սա­նար եւ սար­սափ կ­՛ազ­դէր՝ դի­տել տա­լով, որ այ­սօր չկան փի­ղեր, սա­կայն կայ սպառ­նա­լի­քը, կայ դա­ւա­դիր թշնա­մին, ո­րուն դէմ մղո­ւած պայ­քա­րը եւ հայ­րե­նի­քը ան­կէ պաշտ­պա­նե­լը սրբա­զան ա­ռա­քե­լու­թիւն են ու կո­չում:
­Վե­հա­փա­ռը հաս­տա­տեց, որ ­Հա­յաս­տանն ու հա­յու­թիւ­նը միշտ են­թա­կայ ե­ղած են տար­բեր տե­սա­կի պա­տե­րազմ­նե­րու, սա­կայն միշտ ալ հա­յոց բա­նա­կը իր ա­րեան գնով պաշտ­պա­նած է հայ­րե­նիքն ու ա­նոր ան­կա­խու­թիւ­նը: Այ­սօր եւս նման կա­ցու­թեան դի­մաց կը գտնուի մեր ժո­ղո­վուր­դը, այս պայ­քա­րին մէջ իւ­րա­քան­չիւր հայ զի­նո­ւոր է, իսկ հայ­կա­կան բա­նա­կի իւ­րա­քան­չիւր ան­դամ՝ յա­ռա­ջա­պահ:
Անդ­րա­դառ­նա­լով հայ զի­նո­ւոր­նե­րուն ­Լի­բա­նա­նի մէջ խա­ղա­ղա­պահ ա­ռա­քե­լու­թիւն կա­տա­րե­լու հան­գա­ման­քին՝ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նած է այս գծով, ո­րով­հե­տեւ հա­յու­թիւ­նը խա­ղա­ղու­թիւն սի­րող եւ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման մաս­նա­կից դար­ձող ազգ է, բա­ցի երբ փորձ կա­տա­րո­ւած է խլե­լու իր ի­րա­ւունք­նե­րը: Ան իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նած է, որ ՖԻՆԻՒ­Լի մի­ջազ­գա­յին խա­ղա­ղա­պահ ու­ժե­րուն մաս կազ­մող հայ­կա­կան ջո­կա­տը ա­մե­նայն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ եւ գի­տակ­ցու­թեամբ կա­տա­րած է իր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ յոյս յայտ­նե­լով, որ ­Լի­բա­նա­նի մէջ ի­րենց աշ­խա­տան­քը ա­ւար­տե­լէ ետք զի­նո­ւոր­նե­րը ­Հա­յաս­տան կը վե­րա­դառ­նան վե­րա­նո­րոգ կամ­քով ու կո­րո­վով:
­Վե­հա­փա­ռը նաեւ իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց, որ հայ­կա­կան ջո­կա­տին այ­ցե­լու­թիւ­նը Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վանք կը զու­գա­դի­պի ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­թեան 25ա­մեա­կին: Ան շեշ­տեց, թէ ­Շու­շին խորհր­դա­նիշ է՝ ա­զա­տագ­րու­թեան, ինչ­պէս նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­ւա­քա­կան կամ­քին ու հայ­րե­նի­քին հա­մար իր ա­րիւ­նը թա­փե­լու յանձ­նա­ռու­թեան:
­Վե­հա­փա­ռը կոչ ուղ­ղած է, որ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը ի­րենց կա­րե­լին կա­տա­րեն՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­յոց բա­նա­կին ա­ռա­ւել հզօ­րաց­ման աշ­խա­տան­քին՝ եզ­րա­կաց­նե­լով, թէ հզօր բա­նակ կը նշա­նա­կէ հզօր հայ­րե­նիք, հզօր հայ­րե­նիք կը նշա­նա­կէ հզօր Ս­փիւռք:
­Լի­բա­նա­նի մօտ ­Հա­յաս­տա­նի դես­պան ­Սա­մո­ւէլ Մկրտ­չեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է ­Վե­հա­փա­ռին՝ ըն­դու­նե­լու­թեան, քա­ջա­լե­րա­կան ու գօ­տեպն­դիչ խօս­քե­րուն հա­մար: Ան վստա­հե­ցու­ցած է, որ զի­նո­ւոր­նե­րը ո՛ւր ալ գտնո­ւին նոյն ո­գիով ու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ պի­տի շա­րու­նա­կեն ի­րենց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը՝ հաս­տա­տե­լով, որ ­Վե­հա­փա­ռին պատ­գամն ու օրհ­նու­թիւ­նը տար­բեր խոր­հուրդ ու կա­րե­ւո­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նան ա­նոնց հա­մար:
Ա­ւար­տին վե­հա­փա­ռը խա­չեր ու ա­ղօ­թա­գիր­քեր նո­ւի­րած է իւ­րա­քան­չիւր զի­նո­ւո­րի: