Գաղ­թա­կա­նա­կան պե­տա­կան ծա­ռա­յու­թեան պետ ­Գա­գիկ Ե­գա­նեան ­Հինգ­շաբ­թի՝ 4 ­Մա­յի­սին, կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տէն ետք, լրագ­րող­նե­րուն յայտ­նած է, որ 2002էն ի վեր ­Հա­յաս­տա­նէն տա­րե­կան ար­տա­գաղ­թած է մին­չեւ 30 հա­զար հո­գի:
Ե­գա­նեա­նի հա­մա­ձայն՝ հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ չեն կա­տա­րո­ւած, թէ ար­դեօք ար­տա­գաղ­թի հոս­քը ա­ռան­ձին ա­լիք­նե­րո՞վ ե­ղած է եւ որ, ար­դեօք, ա­նոնք կա­պո­ւա՞ծ են ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հետ: «2002-2007 թո­ւա­կան­նե­րին երկ­րից ա­մէն տա­րի մեկ­նել է 25-26 հա­զար մարդ, 2007-2015 թո­ւա­կան­նե­րին՝ 28-29 հա­զար: ­Չի կա­րե­լի ան­տե­սել ար­տա­գաղ­թի սո­ցիալ-տնտե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­կան պատ­ճառ­նե­րը: ­Կա­ռա­վա­րու­թիւնն ա­մէն ինչ ա­նում է, որ հան­րա­պե­տու­թիւ­նում աշ­խա­տան­քի ար­ժա­նի վար­ձատ­րու­թեամբ զբա­ղո­ւա­ծու­թեան ա­ւե­լի շատ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծո­ւեն»,- նշած է Ե­գա­նեան: