­Ռե­թէոս ­Պէր­պէ­րեան 1851-1907

­Ռե­թէոս ­Պէր­պէ­րեան (1851-1907). ­Հայ մտքի եւ հո­գիի անձն­դիր ՄՇԱ­Կը Ն.

0
2133

Ապ­րիլ 21ի այս օ­րը կ­՚ո­գե­կո­չենք 110րդ ­տա­րե­լի­ցը հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան մե­ծա­վաս­տակ ե­րախ­տա­ւոր­նե­րէն ­Ռե­թէոս ­Պէր­պէ­րեա­նի վախ­ճա­նու­մին։
­Հայ մտքի եւ հո­գիի, հայ մշա­կոյ­թի, գի­րի ու դպրու­թեան նո­ւի­րեալ պա­հակ­նե­րէն է ­Ռե­թէոս ­Պէր­պէ­րեան, որ իր կեան­քին ու վաս­տա­կին նշա­նա­բա­նը դար­ձուց «ա­ռանց կրթու­թեան չկայ կեանք, չկայ եր­ջան­կու­թիւն» հան­գա­նա­կը։
­Ռե­թէոս ­Պէր­պէ­րեան թէ՛ բա­նաս­տեղ­ծա­կան-ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ներդ­րում ու­նե­ցաւ հայ գրա­կան ան­դաս­տա­նին մէջ, թէ՛ կրթա­կան-ու­սուց­չա­կան իր անձ­նո­ւէր ծա­ռա­յու­թեամբ հա­յոց ազ­գա­յին ար­ժէք­ներն ու ա­ւանդ­նե­րը լիար­ժէք փո­խան­ցեց հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն։
­Մե­ծա­նուն իր ժա­մա­նա­կա­կի­ցը՝ Օր­մա­նեան ­Պատ­րիարք «­Հայր զար­գա­ցե­լոց» եւ «Ու­սուց­չա­պետ» տիտ­ղո­սին ար­ժա­նա­ցուց Ռ. ­Պէր­պէ­րեա­նին, իսկ հայ գրա­կա­նու­թեան «նո­րա­վէ­պի իշ­խան»ին՝ Գ­րի­գոր ­Զօհ­րա­պի վկա­յու­թեամբ, «­Պէր­պէ­րեան պար­տա­կա­նու­թեան մարդն էր, օգ­տա­կա­րին, գե­ղե­ցի­կին եւ բա­րիին քա­րո­զի­չը»։
Իր ա­նու­նը ան­մա­հա­ցաւ յատ­կա­պէս հայ կրթա­կան կա­րե­ւո­րա­գոյն օ­ճախ­նե­րէն՝ ­Պոլ­սոյ «­Պէր­պէ­րեան» վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեամբ եւ ճա­ռա­գայ­թող գոր­ծու­նէու­թեամբ։ Ինչ­պէս որ ­Թէո­դիկ վկա­յած է իր «Ա­մէ­նուն ­Տա­րե­ցոյց»ի 1908ի հա­տո­րով, Ռ. ­Պէր­պէ­րեա­նի ա­պա­ժամ մա­հո­ւան (56 տա­րե­կան հա­սա­կին) ա­ռի­թով, 1876ին հիմ­նո­ւած «31 տա­րո­ւան դպրոցն իր փառ­քի կո­թո­ղը մնաց, հաս­ցու­նե­լով երկ­րին ու հա­մայն­քին պա­տիւ բե­րող բազ­մա­թիւ սա­ներ»։
­Ռե­թէոս ­Պէր­պէ­րեան ծնած է 1851ին, ­Խաս­գիւղ, ­Պո­լիս։ ­Թա­ղի ­Ներ­սէ­սեան վար­ժա­րա­նին մէջ ստա­ցած է իր նա­խակր­թու­թիւ­նը, ին­չը զար­գա­ցուց եւ­րո­պա­կան լե­զու­նե­րու սեր­տո­ղու­թեամբ ­Պոլ­սոյ օ­տար վար­ժա­րան­նե­րու մէջ, բայց յատ­կա­պէս ինք­նա­զար­գաց­ման շեշ­տա­կի եւ ան­դուլ ճի­գով։
­Կա­նուխ տա­րի­քէն ­Ռե­թէոս ­Պէր­պէ­րեան դրսե­ւո­րեց ման­կա­վար­ժա­կան իր կո­չու­մին ուղ­ղու­թեամբ նո­ւի­րում, որ եւ դար­ձաւ իր կեան­քին մղիչ ու­ժը։ 16 տա­րե­կա­նին ար­դէն սկսաւ անձ­նա­կան դա­սեր տալ բա­րե­կե­ցիկ ըն­տա­նի­քի զա­ւակ իր տա­րե­կից­նե­րուն։
­Հա­զիւ 25 տա­րե­կան էր Ռ. ­Պէր­պէ­րեան, երբ 1876ին ձեռ­նար­կեց նախ ­Քաղ­քե­դո­նի (­Գա­տը­գիւղ), ա­պա Ս­կիւ­տա­րի մէջ սե­փա­կան վար­ժա­րա­նի հիմ­նու­մին։ Եւ իր ա­նու­նով կո­չո­ւած ­Պոլ­սոյ «­Պէր­պէ­րեան» վար­ժա­րա­նը բա­ռին բուն ի­մաս­տով սերն­դա­կեր­տու­մի օ­ճախ դար­ձաւ ա­րեւմ­տա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ՝ ներգ­րա­ւե­լով ոչ միայն ­Պոլ­սոյ, այ­լեւ գա­ւառ­նե­րու նո­րա­հաս սե­րուն­դը գի­շե­րօ­թի­կի իր բաժ­նով։
­Սիա­ման­թո­յի, ­Վա­հան ­Թէ­քէ­յեա­նի եւ ­Լե­ւոն ­Բա­շա­լեա­նի տա­րո­ղու­թեամբ բա­նաս­տեղծ ու մտա­ւո­րա­կան մե­ծու­թիւն­ներ հաս­ցու­ցած «­Պէր­պէ­րեան» վար­ժա­րա­նը ի սկզբա­նէ ե­ղաւ դաս­տիա­րակ­չա­կան մեծ կո­չու­մի տէր հաս­տա­տու­թիւն։ ­Մին­չեւ 1907ի իր վախ­ճա­նը, իբ­րեւ վար­ժա­րա­նին տնօ­րէ­նը եւ ու­սուց­չա­պե­տը, ­Ռե­թէոս ­Պէր­պէ­րեան հո­գեմ­տա­ւոր ար­ժէք­նե­րու՝ գե­ղե­ցի­կին, բա­րիին եւ հան­րօ­գու­տին ծա­ռա­յե­լու իր խառ­նո­ւած­քը, հա­յե­ցի աշ­խար­հա­յեացքն ու ան­նիւ­թա­կան ար­ժէք­նե­րու պաշ­տա­մուն­քը անմ­նա­ցորդ փո­խան­ցեց իր ա­շա­կերտ­նե­րուն։
­Վա­ւե­րա­կան մտա­ւո­րա­կա­նի շա­ղա­խով օժ­տո­ւած ան­հա­տա­կա­նու­թիւն էր Ռ. ­Պէր­պէ­րեան եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին, ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեամբ, դրսե­ւո­րեց իր ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րը թէ՛ կրթա­կան, թէ՛ բա­նաս­տեղ­ծա­կան եւ թէ հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան աս­պա­րէզ­նե­րէն ներս։
­Փաս­տօ­րէն իր անձ­նա­կան օ­րի­նա­կէն ներշն­չո­ւած է «­Վար­ժա­պետն» խո­րագ­րով ­Հայ Ու­սու­ցի­չի տի­պա­րին նո­ւի­րո­ւած Ռ. ­Պէր­պէ­րեա­նի դա­սա­կա­նա­ցած բնու­թագ­րու­մը, ո­րուն հա­մա­ձայն՝
«­Մեծ գոր­ծա­ւոր մ­’է ան, վար­ժա­պե­տը. կը կռէ, կը դարբ­նէ ան­դուլ. ի՞նչ է կռա­ծը, ի՞նչ է դարբ­նա­ծը.- միտք եւ սիրտ կը կռէ, գա­ղա­փար­ներ եւ զգա­ցում­ներ կը դարբ­նէ։ ­Կոշտ, տձեւ, մթին է հո­գին՝ երբ կ­’եր­թայ նո­րա ձեռ­քին մէջ. աս­տո­ւա­ծա­յին է գե­ղա­փայլ, երբ դուրս կ­’ել­նէ ան­տի. թեւ չու­նէր, հի­մա ի­րենն է մի­ջո­ցը. ա­զա­տա­թեւ կը սա­ւառ­նի դա­րուց եւ աշ­խար­հաց վե­րեւ, կը թե­ւա­ծէ ան­հու­նին մէջ»…
­Մին­չեւ մեր օ­րե­րը պահ­պա­նո­ւող ­Հայ Դպ­րո­ցին եւ Ու­սու­ցի­չին հան­դէպ հա­յոց ազ­գա­յին պաշ­տա­մուն­քը կը բխի ճիշդ այս ա­կուն­քէն։ Ի­րա­ւամբ, դաս­տիա­րակ­չա­կան մար­զին մէջ, ­Պէր­պէ­րեան վար­ժա­րա­նը չե­ղաւ իր սա­նե­րուն միայն կեան­քի եւ գոր­ծի մէջ յա­ջո­ղե­լու պատ­րաս­տու­թիւն ջամ­բող կրթա­կան ըն­թա­ցիկ հաս­տա­տու­թիւն մը, այլ՝ մար­դու, հա՛յ մար­դու ազ­նո­ւա­կան կեր­պա­րի կազ­մա­ւոր­ման հնոց մը դար­ձաւ։
­Ռե­թէոս ­Պէր­պէ­րեան միշտ իր ան­ձին օ­րի­նա­կով ու գոր­ծով սեր­մա­նեց, մշա­կեց եւ տա­րա­ծեց իր գա­ղա­փար­ներն ու հա­մո­զում­նե­րը։ Եւ բնաւ ալ պա­տա­հա­կան չէ, որ ի­րենց հօր օ­րի­նա­կին հե­տե­ւե­ցան եւ ա­նոր ար­ժա­նա­ւոր յա­ջորդ­նե­րը դար­ձան ­Ռե­թէո­սի ե­րեք զա­ւակ­ներն ալ՝ Օն­նիկ, ­Շա­հան եւ ­Ման­նիկ ­Պէր­պէ­րեանն­նե­րը։ Ա­նոնք ոչ միայն պահ­պա­նե­ցին ու շա­րու­նա­կե­ցին «­Պէր­պէ­րեան» վար­ժա­րա­նի ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ի­րենց հօր մա­հէն ետք (մին­չեւ 1920ա­կան­նե­րուն ­Գա­հի­րէ փո­խադ­րու­թիւնն ու նիւ­թա­կան դժո­ւա­րու­թեանց հե­տե­ւան­քով փա­կու­մը), այ­լեւ՝ հե­ղի­նա­կա­ւոր դէմ­քեր դար­ձան յա­ջոր­դա­բար իբ­րեւ ե­րա­ժիշտ, գե­ղա­գէտ-հո­գե­բան-ի­մաս­տա­սէր եւ բա­նաս­տեղ­ծու­հի։
Իբ­րեւ բա­նաս­տեղծ՝ ­Ռե­թէոս ­Պէր­պէ­րեան ե­րի­տա­սարդ իր տա­րի­քին հրա­տա­րա­կեց «Ա­ռա­ջին տե­րեւք» ա­նու­նով գրքոյկ մը, որ ա­րեւմ­տա­հայ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան վի­պա­պաշտ (ռո­ման­թիք) դպրո­ցին տի­պա­կան վկա­յու­թիւն­նե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սա­նայ՝ գրա­բա­խառն իր հա­յե­րէ­նով եւ գողտ­րիկ, ոչ-բուռն զգա­ցում­նե­րու վեր­ծա­նու­մով, ո­րոնց վրայ կ­’իշ­խեն հռե­տո­րա­կան շունչն ու բա­րո­յա­խօ­սա­կան շեշ­տը։ ­Բայց բա­նաս­տեղ­ծա­կան իր երկ­րորդ հա­տո­րը, իր կնոջ մա­հէն ետք 1903ին հրա­տա­րա­կո­ւած «­Խոհք եւ յուշք» շար­քը ար­դէն կը դրսե­ւո­րէ սի­րոյ եւ ըն­տա­նե­կան ար­ժէք­նե­րու խոր յոյ­զեր ու ապ­րում­ներ, ո­րոնք նաեւ այ­սօր կեան­քի ըն­կե­րոջ կո­րուս­տին վիշ­տով ու խո­հա­կա­նու­թեամբ կը հա­մա­կեն ըն­թեր­ցո­ղը։
Ա­հա՛ 1872ին գրո­ւած եւ «Ի ­Զուր» խո­րա­գի­րը կրող Ռ. ­Պէր­պէ­րեա­նի քեր­թո­ւա­ծը, որ ընդ­հա­նուր ճա­շակ մը կը փո­խան­ցէ ­Զար­թօն­քի ­Սե­րուն­դին այս ե­րախ­տա­ւո­րին գրա­կան հա­յե­րէ­նին, ո­ճին եւ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խար­հին մա­սին.

Ա՛նց, ժա­մա­նակ, ան­ցէ՛ք, ա­միսք, ամք ա­րագ,
­Ձեր ա­նո­ւին տակ շուտ ա­մէն ինչ մա­շե­ցէք,
Ա­մէն բա­նի տո­ւէք տե­սիլ եւ ե­րանգ.
— ­Զիս փո­փո­խել չը կա­րէք:

Ի զո՜ւր, ­Գա­րուն, կ’ել­նես հով­տաց այ­ցե­լու,
Ի զո՜ւր ծաղ­կեայ տաս լեռ­նե­րուն պատ­մու­ճան,
Եւ ծեր բնու­թիւնն ման­կա­ցը­նէ շունչդ քու.
— ­Թանձր է սրտին իմ պա­տան:

Ո՜հ, քեզ նը­ման օր մը եւ ե՛ս ժպտե­ցայ,
Եւ հաւ­տա­ցի եր­ջան­կու­թեան ցը­նոր­քին.
­Ժը­պիտն ընդ­հուպ մե­ռաւ շրթանցս իմ վե­րայ,
— Եւ ստո­ւերք զիս պա­տե­ցին:

Ընդ վա՜յր իմ շուրջս յի­մար աշ­խարհ կը խնդայ,
Եւ զո՜ւր ­Հա­ճոյք զը­ւարթ ճակ­տով զիս կո­չեն.
Ա՛լ չեմ ապ­րիր ­Կեան­քին հա­մար. զիս ա­հա
— ­Սեւ ու­րո­ւա­կանք կը ձայ­նեն:

Աչ­քե­րուս մէջ ա՜լ ար­ցունք մը ու­նիմ լոկ,
­Քաղցր ու տը­խուր յի­շա­տակ մը յիմ սրտին,
­Բեր­նիս վը­րայ լոկ ա­նուն մը՝ իբր ա­ղօթք,
— Եւ ոտ­քիս տակ մի շի­րիմ…:

­Ռե­թէոս ­Պէր­պէ­րեան տե­սա­կէտ ու­նե­ցող, հա­մո­զում պաշտ­պա­նող եւ տե­սիլք փո­խան­ցող հրա­պա­րա­կա­խօս էր ու փի­լի­սո­փայ միա­ժա­մա­նակ։ ­Ժա­մա­նա­կի պար­բե­րա­կան մա­մու­լին մէջ լոյս տե­սած իր հրա­պա­կա­խօ­սա­կան ե­լոյթ­նե­րը, ման­կա­վար­ժա­կան տե­սու­թիւն­նե­րը եւ հայ կեան­քի ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ մտո­րում­նե­րը մէկ­տե­ղո­ւած են քա­նի մը հա­տոր­նե­րու մէջ։ 1901ին լոյս տե­սած «­Դաս­տիա­րա­կի մը խօս­քե­րը» եւ 1907ին հրա­տա­րա­կո­ւած «Դպ­րոց եւ դպրու­թիւն» ու «­Մար­դիկ եւ իրք» գոր­ծե­րը ըն­թեր­ցո­ղին առ­ջեւ կը բա­նան ինք­նա­զար­գաց­ման ու ինք­նամ­շակ­ման՝ գե­ղե­ցի­կի, բա­րիի եւ ազ­նո­ւա­կա­նի պաշ­տա­մուն­քով յատ­կան­շո­ւող խո­հուն աշ­խարհ մը, որ մնա­յուն պա­տո­ւան­դա­նը ե­ղաւ հայ մտա­ւո­րա­կա­նի օ­րի­նա­կե­լի տի­պար ­Ռե­թէոս ­Պէր­պէ­րեա­նին։
Ինչ­պէս որ «Գ­րա­գէտն» խո­րագ­րով բնու­թագ­րա­կան իր խորհր­դա­ծու­թեանց մէջ Ռ. ­Պէր­պէ­րեան ընդգծած է, միայն 56 տա­րո­ւան կեան­քի ար­ժա­նա­ցած այս ­Մեծ ­Հա­յը իր մտքին ու սրտին մէջ միշտ վառ պա­հեց եւ սե­րունդ­նե­րուն փո­խան­ցեց տես­լա­կանն ու ձգտու­մը ինք­նա­հաս­տատ­ման՝ պատ­գա­մե­լով, որ
«Ճշ­մա­րիտ եւ մեծ գրա­գէ­տը սո­վո­րա­կան ի­մա­ցա­կա­նու­թեանց մէջ ա՛յն է, ինչ որ է գա­գաթն մի երկ­նա­բերձ լե­րան.կ­’ա­ռանձ­նա­նայ այն ա­մէ­նուն մէ­ջէն, կը բարձ­րա­նայ, ամ­պերն իր ոտ­քե­րը կը պա­շա­րեն, իւր գլու­խը կը մխի վճիտ լու­սոյ մէջ, ան­տի ա­րե­ւը կ­՛ող­ջու­նէ զաշ­խարհ…»։