Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան ­Վա­րիչ ­Մար­մի­նը կը հա­ղոր­դէ, որ ­Շա­բաթ՝ 25 եւ ­Կի­րա­կի՝ 26 ­Մարտ 2017ին տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան եր­կօ­րեայ ձմեռ­նա­յին բա­նա­կում-ար­շա­ւը դէ­պի Ա­յոս Անտ­րէաս բա­նա­կա­վայ­րը։

Այս ծրա­գի­րը, երբ որ յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ պա­տա­նի­նե­րուն, շատ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծեց եւ բո­լո­րը ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սէին բա­նա­կում-ար­շա­ւին։

Այս­պէս, պա­տա­նի­ներ՝ ­Ֆիք­սի, ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի խում­բե­րէն, ի­րենց վա­րիչ­նե­րով, եր­կու օր ան­ցու­ցին բնու­թեան մէջ, ըն­կե­րա­յին ու­րախ մթնո­լոր­տով, յի­շե­լով ա­մառ­նա­յին բա­նա­կու­մի ու­րախ պա­հե­րը։

­Յու­նաց ­Մարտ 25ի տօ­նին ա­ռի­թով, սկաու­տա­կան տո­ղանց­քէն ետք, ­Շա­բաթ օր, կէ­սօ­րո­ւան ժա­մե­րուն, ճամ­բայ ե­լանք դէ­պի բա­նա­կա­վայր։ ­Պա­տա­նի­նե­րը վրան­նե­րուն մէջ տե­ղա­ւո­րո­ւե­ցան ու մեր եր­կօ­րեայ բա­նա­կու­մը սկսաւ դրօ­շակ­նե­րու ա­րա­րո­ղու­թեամբ։ ­Յա­ջոր­դե­ցին խաղ եւ զրոյց։

Ընթ­րի­քին հա­մար նա­խա­տե­սո­ւած էր լեհ­մա­ճուն եւ փաս­թի­ցիօ՝ պա­տա­նի­նե­րուն հա­մար պա­տաս­տո­ւած Հ. Կ. ­Խա­չի ը­նե­րու­հի­նե­րուն կող­մէ։ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան ­Վա­րիչ ­Մար­մի­նը իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը կը յայտ­նէ Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան եւ բո­լոր խա­չու­հի­նե­րուն, ո­րոնք ըն­դա­ռա­ջե­լով մեր դի­մու­մին՝ ա­պա­հո­վե­ցին պա­տա­նի­նե­րու ընթ­րի­քը։

Ե­րե­կոն ան­ցաւ ու­րախ եւ զո­ւարթ մթնո­լոր­տի մէջ։

­Կի­րա­կի ա­ռա­ւօտ, ժա­մը 10ին, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան 20 ըն­կեր­ներ եւ ըն­կե­րու­հի­ներ այ­ցե­լե­ցին բա­նա­կա­վայր, որ­պէս­զի ծա­նօ­թա­նան պա­տա­նի­նե­րուն եւ միաս­նա­բար լաւ ժա­մա­նակ անցը­նեն գար­նա­նա­յին այս օ­րը։

Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւ­նը ծրագ­րած էր Workshop մը կա­տա­րել։ Այս­պէս, պա­տա­նի­ներ եւ ե­րի­տա­սարդ­ներ բաժ­նո­ւե­ցանք 5 խում­բե­րու ու աշ­խա­տե­ցանք տար­բեր նիւ­թե­րու վրայ։ ­Խում­բ մը զբա­ղե­ցաւ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ՝ ­Հա­յաս­տան մեր այ­ցե­լու­թե­նէն նիւ­թով, յա­ջորդ խում­բը՝ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ Ար­ցա­խի ճամ­բոր­դու­թե­նէն նիւ­թով։ Եր­րորդ խում­բի նիւթն էր՝ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ բա­նա­կու­մի կեան­քէն եւ տար­բե­րու­թիւն­նե­րը, որ կան նա­խորդ տա­րի­նե­րու եւ վեր­ջին տա­րի­նե­րու բա­նա­կում­նե­րուն մի­ջեւ։ ­Չոր­րորդ խում­բը զբա­ղե­ցաւ Ապ­րիլ 24ի նիւ­թով։ ­Հին­գե­րորդ խում­բին նիւթն էր՝ վի­տէօ-ե­րիզ­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան եւ թղթակ­ցու­թիւն­նե­րու վար­ժու­թիւն։

Այս աշ­խա­տան­քա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ե­րի­տա­սարդ­նե­րու եւ պա­տա­նի­նե­րու մի­ջեւ շատ լաւ ար­դիւնք տո­ւաւ՝ տես­նե­լով, որ բո­լոր պա­տա­նի­նե­րը ի­րենց գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին այս ծրագ­րով եւ ու­րա­խու­թեամբ կը սպա­սեն անց­նե­լու Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի շար­քե­րը։

­Կէ­սօ­րո­ւան ճա­շի պատ­րաս­տու­թիւ­նը ստանձ­նած էին Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք կրակ վա­ռե­ցին եւ հա­մով խո­րո­ված խո­րո­վե­ցին։

Ե­րե­կո­յեան, դրօ­շի ա­րա­րո­ղու­թեամբ, վերջ գտաւ եր­կօ­րեայ բա­նա­կու­մը՝ պզտիկ համ մը ձգե­լով մեր պա­տա­նի­նե­րու քիմ­քին, ո­րոնք ան­համ­բեր կը սպա­սեն ա­մառ­նա­յին բա­նա­կու­մին։