Ազ­գո­վին կը գտնո­ւինք ­Թուր­քիոյ կող­մէ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րո­ւած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 102ա­մեա­կի սե­մին։
24 Ապ­րիլ 1915ին, ի գործ դնե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջնջ­ման իր քա­ղա­քա­կան ծրա­գի­րը, թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը կա­տա­րեց մարդ­կու­թեան դէմ գոր­ծո­ւած 20րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին ցե­ղաս­պա­նա­կան ոճ­րա­գոր­ծու­թիւ­նը, ո­րուն հե­տե­ւանք­նե­րը զգա­լի են մին­չեւ այ­սօր։
­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը տա­կա­ւին ան­պա­տիժ եւ ան­հա­տոյց կը մնայ։ ­Թուր­քիա կը շա­րու­նա­կէ ու­րա­նալ իր յան­ցա­պար­տու­թիւ­նը։ ­Հայ­կա­կան ­Նիւ­րեմ­պէր­կը դեռ չէ ի­րա­կա­նա­ցած։ Ար­դա­րու­թիւ­նը դեռ չէ յաղ­թա­նա­կած։
Անց­նող տաս­նա­մեակ­նե­րուն Ս­փիւռ­քը կրցաւ հա­մախմբո­ւիլ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման եւ քա­ղա­քա­կան ար­դար հա­տուց­ման պա­հանջ­նե­րուն շուրջ եւ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րեց:
­Պայ­քա­րի այդ եր­կար ճամ­բուն վրայ մեր ժո­ղո­վուր­դը կրցաւ կազ­մա­կեր­պո­ւած ու­ժի վե­րա­ծո­ւիլ՝ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով մեր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն, ­Հայ­րե­նի­քին, իր լե­զո­ւին եւ մշա­կոյ­թին, ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան: ­Հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րու մէջ բա­ցո­ւած իւ­րա­քան­չիւր դպրոց, ե­կե­ղե­ցի, մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն եւ ա­կումբ՝ յաղ­թա­կան քայլ մը ե­ղաւ մեր նպա­տակ­նե­րուն հաս­նե­լու եր­կար ու դժո­ւա­րին ճամ­բուն վրայ:
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րին աշ­խու­ժա­ցու­մը, ա­ւե­լի քան եր­բեք, հրա­մա­յա­կան պա­հանջ է այ­սօր, ո­րով­հե­տեւ ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թիւ­նը դար­ձեալ կանգ­նած է մեծ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու առ­ջեւ: ­Թուր­քիան կը շա­րու­նա­կէ իր հա­յա­տեաց քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի հան­դէպ ու չի վա­րա­նիր սպառ­նա­լիք­ներ ուղ­ղե­լու բո­լոր այն եր­կիր­նե­րուն եւ մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցած են ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­նու­րա­նա­լի ի­րո­ղու­թիւ­նը։
­Թուր­քիոյ եւ Ատր­պէյ­ճա­նի սադ­րանք­նե­րու պատ­ճա­ռով վտան­գո­ւած են Ար­ցա­խի հե­րո­սա­կան ժո­ղո­վուր­դի ա­րիւ­նով ձեռք բե­րո­ւած ա­զա­տու­թիւնն ու ան­կա­խու­թիւ­նը: ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­կորն­չե­լի ար­ժէք­նե­րուն, մեր սե­րունդ­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րուն հաշ­ւոյն օ­տա­րի շա­հե­րը բա­ւա­րա­րե­լու փոր­ձը կը շա­րու­նա­կո­ւի։
­Մենք հա­մո­զո­ւած ենք, որ մի­միայն պա­հան­ջա­տի­րա­կան վճռա­կամ քայ­լե­րով կը կա­րե­նանք աշ­խար­հի մէջ ձե­ւա­ւո­րել հա­յոց ազ­գա­յին-պե­տա­կան շա­հե­րը հա­շո­ւի առ­նե­լու, մեր ի­րա­ւունք­նե­րը յար­գե­լու գի­տակ­ցու­թիւն։
­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մով ազ­գա­յին մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը նաեւ պե­տա­կան մա­կար­դա­կով յա­ռաջ մղե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ստա­ցաւ: ­Յատ­կա­պէս՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կի Հռ­չա­կա­գի­րը ամ­րապն­դեց հայ­րե­նի պե­տու­թեան, հա­մազ­գա­յին տա­րո­ղու­թեամբ, մեր ար­դար պա­հանջ­նե­րուն ձեռք բեր­ման տէր կանգ­նե­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ՝ շեշ­տադ­րեց, ­Հա­յաս­տա­նի թէ Ս­փիւռ­քի մէջ ապ­րող հա­յու­թեան հա­մար, միաս­նա­կան կեր­պով ­Հայ ­Դա­տը հե­տապն­դե­լու պայ­քա­րի զօ­րա­ւոր կամ­քը։
Ար­տա­յայ­տե­լով ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րա­կան ո­գին ար­ծարծ պա­հե­լու վճռա­կա­նու­թիւ­նը՝ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը այ­սու կը յայ­տա­րա­րէ, թէ այս տա­րի եւս, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին՝ պի­տի կա­տա­րո­ւին ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րուած ո­գե­կո­չա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ քա­րոզ­չա­կան բնոյ­թի բո­լոր ձեռ­նարկ­նե­րը:

Առ այդ՝

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն կոչ կ’ուղ­ղէ ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան իշ­խա­նու­թեանց, ու­ղե­կից միու­թիւն­նե­րուն ու կազ­մա­կեր­պու­թեանց, կրթա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, հայ ու­սա­նո­ղու­թեան ու ե­րի­տա­սար­դու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին բնա­կող ա­մէն մէկ ազ­գա­յի­նի, որ ըն­դա­ռա­ջեն եւ խիտ շար­քե­րով մաս­նա­կից դառ­նան Ա­թէն­քի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ Թ­րա­կիոյ հա­յա­շատ շրջան­նե­րուն մէջ ծրագ­րո­ւած ձեռ­նարկ­նե­րու յա­ջո­ղու­թեան։
­Մեր խուռ­նե­րամ ներ­կա­յու­թեամբ եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան անն­կուն ո­գիով ցոյց տանք աշ­խար­հին, որ միայն ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մով, թրքա­կան պե­տու­թեան դա­տա­պար­տու­մով եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին տրո­ւած քա­ղա­քա­կան ար­դար հա­տու­ցու­մով՝ հնա­րա­ւոր է խա­ղա­ղու­թիւն եւ կա­յու­նու­թիւն ա­պա­հո­վել աշ­խար­հի այս գօ­տիէն ներս։
­Միայն ար­դա­րու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մով հնա­րա­ւոր է նոր էջ բա­նալ հա­յեւ­թուրք յա­րա­բե­րու­թեանց ա­րիւ­նա­լի պատ­մու­թեան մէջ։
Ա՛յդ է բիւ­րա­ւոր մեր նա­հա­տակ­նե­րուն կտա­կը։
Ա՛յդ է պատ­գա­մը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 102ա­մեա­կին։

Հ.Յ.Դ. ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԿԵԴՐ. ԿՈՄԻՏԷ