Ան­ցեալ շաբ­թո­ւան ըն­թաց­քին, հել­լէն մա­մու­լի տպա­գիր ազ­դե­ցիկ թեր­թե­րու թղթա­կից­ներ, օգ­տո­ւե­լով Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­րար ­Կա­րէն ­Միր­զո­յեա­նի Ա­թէնք կա­տա­րած այ­ցե­լու­թե­նէն, հար­ցազ­րոյց­ներ ու­նե­ցան ա­նոր հետ։

Է­ֆի­մե­րի­տա թոն սին­տաք­թոն

Ա­ռա­ջին հար­ցազ­րոյ­ցը լոյս տե­սաւ «Է­ֆի­մե­րի­տա թոն սին­տաք­թոն» (ԷՖ. ՍԻՆ) թեր­թի Եր­կու­շաբ­թի՝ 20 ­Մարտ 2017ի թի­ւին մէջ, թղթա­կից ­Նի­քո­լաս ­Զիր­ղա­նո­սի ստո­րագ­րու­թեամբ։ Լ­ման է­ջով հրա­տա­րա­կո­ւած հար­ցազրոյ­ցը կը կրէ «­Թուր­քիա կ’ա­պա­կա­յու­նաց­նէ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը՝ սե­փա­կան շա­հի հա­մար» խո­րա­գի­րը։
­Հար­ցում­նե­րը կը վե­րա­բե­րին տա­րի մը ա­ռաջ՝ Ապ­րի­լին Ար­ցա­խի դէմ սան­ձա­զեր­ծո­ւած ատր­պէյ­ճա­նա­կան զի­նեալ յար­ձա­կու­մէն ետք ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին, Ատր­պէյ­ճա­նի յար­ձա­կո­ղա­պաշ­տու­թիւ­նը հրահ­րող պատ­ճառ­նե­րուն,­Հա­րա­ւա­յին ­Կով­կա­սի եւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մի­ջեւ յա­րա­բե­րակ­ցու­թիւն­նե­րուն եւ ­Թուր­քիոյ դե­րին։
Պրն. նա­խա­րա­րը, պա­տաս­խա­նե­լով հար­ցում­նե­րուն, կը նկա­րագ­րէ ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը՝ դի­տել տա­լով, թէ խա­ղա­ղու­թիւն եւ կա­յու­նու­թիւն չկան, քա­նի որ շա­րու­նա­կա­բար կը կրկնո­ւին զի­նեալ յար­ձա­կում­նե­րը եւ զի­նա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րը՝ ատր­պէյ­ճա­նա­կան ռազ­մա­կան ու­ժե­րուն կող­մէ։
Ատր­պէյ­ճան կը­ շա­րու­նա­կէ իր փոր­ձե­րը՝ սահ­մա­նագ­ծին վրայ ի­րա­վի­ճա­կը ա­պա­կա­յու­նաց­նե­լու ա­ռու­մով, ինչ որ վտան­գա­ւոր մի­տում է։ ­Կը նշո­ւի, թէ հար­ցի խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման հա­մար աշ­խա­տան­քը դեռ ըն­թացք չէ ա­ռած։ «Ատր­պէյ­ճա­նի այս յար­ձա­կո­ղա­կան­դիր­քո­րո­շու­մը բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ա­նե­լի կը մատ­նէ եւ վտան­գի տակ կը դնէ տա­րա­ծաշր­ջա­նի մէջ խա­ղա­ղու­թիւնն ու կա­յու­նու­թիւ­նը»,- կ’ը­սէ նա­խա­րա­րը։ Լ­րագ­րո­ղի այն հար­ցու­մին, թէ ին­չո՞ւ Ատր­պէյ­ճան կը սրէ լա­րո­ւա­ծու­թիւ­նը, ­Կա­րէն ­Միր­զո­յեան դի­տել կու­տայ, թէ հիմ­նա­կան պատ­ճառ­նե­րը ներ­քին են. հետզ­հե­տէ սաստ­կա­ցող տնտե­սա­կան ան­բա­րեն­պաստ ի­րա­վի­ճա­կը, հա­կա­ռակ ու­ժա­նիւ­թի աղ­բիւր­նե­րէ գո­յա­ցող հա­սոյթ­նե­րուն։ Միա­ժա­մա­նակ, եր­կի­րը կը դի­մագ­րա­ւէ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու յարգ­ման լուրջ հար­ցեր։«­Ներ­կա­յիս ­Պա­քու կը փոր­ձէ շե­ղել հան­րա­յին կար­ծի­քը իր ներ­քին խնդիր­նե­րէն ան­դին, Ար­ցա­խի դէմ գոր­ծադ­րո­ւող իր յար­ձա­կո­ղա­պաշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ։ Ա­նոնք կ’ամ­րապն­դեն ազ­գայ­նա­կան զգայ­նու­թիւն­նե­րը, հա­կա­հայ­կա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րը, ցե­ղա­պաշ­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը՝ վտան­գա­ւոր խաղ մը մէջ­տեղ բե­րե­լով եւ այլ եր­կիր­ներ եւս ներգ­րա­ւե­լով հա­կա­մար­տու­թեան մէջ։ ­Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին, կը տես­նենք սերտ դա­շինք մը Ատր­պէյ­ճա­նի, ­Թուր­քիոյ եւ ­Փա­քիս­տա­նի մի­ջեւ, յա­նուն իս­լա­մա­կան հա­մե­րաշ­խու­թեան։
Այս խա­ղը սա­կայն­ շատ վտան­գա­ւոր է, քա­նի որ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը կրօ­նա­կան չէ, եւ ե­թէ նման ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան մօ­տե­ցում որ­դեգ­րո­ւի՝ ­Փան­տո­րա­յի արկ­ղը բա­ցո­ւած պի­տի տես­նենք»,- կ’ը­սէ ­Կա­րէն ­Միր­զո­յեան։

Մի­րի Օ­մո­նիա

Երկ­րորդ հար­ցազ­րոյց մըն ալ լոյս տե­սած է ­Յու­նաս­տա­նի ռու­սա­լե­զու «­Մի­րի Օ­մո­նիա» թեր­թի ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 22 ­Մար­տի թի­ւին մէջ։
Ա­ռա­ջին է­ջով հրա­տա­րա­կո­ւած է Ար­ցա­խի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի լու­սան­կա­րը եւ յօ­դո­ւա­ծի հիմ­նա­կան խո­րա­գի­րը, ա­պա՝ ներ­սի եր­կու է­ջե­րով տեղ տրո­ւած է տա­րա­ծուն հար­ցազ­րոյ­ցին։
­Հար­ցազ­րոյց­նե­րու այլ շարք մըն ալ կա­տա­րո­ւած է տպա­գիր թէ ե­լեկտ­րո­նա­յին լրա­տո­ւա­կան կայ­քէ­ջե­րու հետ, ո­րոնք պի­տի հրա­տա­րա­կո­ւին յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն։