Իր գոր­ծու­նէու­թեան 11 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին «­Վի­ւա­սել» ըն­կե­րու­թիւ­նը շուրջ 28 մի­լիառ դրամ յատ­կա­ցու­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի մէջ տար­բեր ո­լորտ­նե­րու բա­րե­լաւ­ման եւ կա­յուն զար­գաց­ման նպա­տակ­նե­րու: «Ա­ւե­լի քան 11 տա­րի ա­նընդ­մէջ, «­Վի­ւա­սել»ը հա­ւա­տար­մօ­րէն ա­ռաջ­նոր­դո­ւել է իր ար­ժե­հա­մա­կար­գի ա­ռանց­քը հան­դի­սա­ցող՝ կոր­պո­րա­տիւ (corporative) պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան օ­րա­կար­գով: Ընդ ո­րում, կա­յուն զար­գաց­մա­նը մի­տո­ւած՝ սո­ցիա­լա­կան (հա­սա­րա­կա­կան) լայ­նա­ծա­ւալ ներդ­րում­ներն այդ օ­րա­կար­գի ըն­դա­մէ­նը մէկ բա­ղադ­րիչն են: Ոչ պա­կաս կա­րե­ւոր է թէ՛ կազ­մա­կեր­պու­թեան ներ­սում, եւ թէ՛ սո­ցիա­լա­կան լայ­նա­ծա­ւալ ներդ­րում­նե­րի մի­ջո­ցով կոր­պո­րա­տիւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ինս­տի­տու­տի (հիմ­նար­կի) ներդ­րումն ու ամ­րապն­դու­մը ­Հա­յաս­տա­նում՝ հե­տե­ւո­ղա­կան եւ հա­մա­կար­գո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րի մի­ջո­ցով»,- յայտ­նած է ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէն ­Ռալֆ Եի­րի­կեան ­Հինգ­շաբ­թի՝ 9 ­Մար­տին, լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին: