­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ եւ ֆի­նան­սա­ւո­րու­մով կա­ռու­ցո­ւած ­Մար­տա­կեր­տի շրջա­նի ­Նոր ­Կի­լի­կիա շրջա­նին մէջ 15 բնա­կա­րան­ներ յանձ­նո­ւած են ի­րենց տէ­րե­րուն:
Բ­նա­կա­րան­նե­րը տրա­մադ­րո­ւած են ­Մար­տա­կեր­տի շրջա­նի ­Կի­չան եւ ­Նոր ­Ղա­զան­չի հա­մայնք­նե­րու զո­հո­ւած ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու եւ  բազ­մա­զա­ւակ ըն­տա­նիք­նե­րուն: «Ար­ցախփ­րես»-ի հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին ­Մար­տա­կեր­տի վար­չա­կազ­մի ղե­կա­վար Վ­լա­տի­միր ­Խա­չատ­րեան ը­սած է, որ այն տա­րած­քը, ուր կա­ռու­ցո­ւած են բնա­կա­րան­նե­րը, բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար սուրբ վայր է, ո­րով­հե­տեւ ար­ցա­խեան գո­յա­մար­տի ժա­մա­նակ հայ քա­ջոր­դի­նե­րը հա­կա­ռա­կոր­դին յա­ռաջ­խա­ղաց­քը այս­տեղ կա­սե­ցու­ցած են: «Սկզբ­նա­կան շրջա­նին կա­ռու­ցո­ւած եւ բնա­կիչ­նե­րուն բաժ­նո­ւած են 10 բնա­կա­րան­ներ: Այ­սօր ար­դէն 15 բնա­կա­րան­ներ յանձ­նո­ւած են: Բ­նա­կա­րան­նե­րը կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն քա­ղա­քա­շի­նա­կան ժա­մա­նա­կա­կից պայ­ման­նե­րուն: ­», ը­սած է Վ. ­Խա­չատ­րեան: