Սմ­բատ Վրդ. ­Սա­պուն­ճեան

Հինգ­շաբ­թի՝ 23 ­Փետ­րո­ւար 2017ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 5։30ին, ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ­Փո­խա­նորդ ­Կո­մի­տաս Արք. Օ­հա­նեան, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Տի­կին ­Վե­րաՊ­լե­ճեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Սմ­բատ Վրդ. ­Սա­պուն­ճեան եւ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի ­Սեր­րէս՝ նշե­լու հա­մար Ս. ­Վար­դա­նան­ցի տօ­նը սեր­րէ­սա­հայ հա­մայն­քին հետ։ Սր­բա­զան ­Հայ­րը սի­րով ող­ջու­նեց սեր­րէ­սա­հայ հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րը։ Մ­տեր­միկ զրոյ­ցէ մը ետք, Սր­բա­զան ­Հօր նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւն՝ ­Վար­դա­նանց տօ­նին ա­ռի­թով, ա­պա՝ Սր­բա­զա­նը իր պատ­գա­մը ուղ­ղե­լով՝ ը­սաւ.- «­Հայ ժո­ղո­վուր­դը վար­ժո­ւած է իր կեան­քի գնով պաշտ­պա­նե­լու իր գո­յու­թիւ­նը, իր ինք­նու­թիւ­նը, իր պա­պե­րէն ժա­ռան­գած հա­ւատքն ու հայ­րե­նի­քը։ ­Նոր սե­րունդ­նե­րը ան­գամ ժա­ռան­գորդ­ներն են մեր հե­րոս նա­խա­հայ­րե­րու ան­պար­տե­լի ո­գիին եւ ո­րուն վկա­յու­թիւն­նե­րէն մէկն է ձեր, ­Յու­նաս­տա­նէն ներս, ­Սեր­րէս քա­ղա­քին մէջ, ի­րա­գոր­ծած հայ­պահ­պան­ման ճի­գը, ո­րուն շնոր­հիւ ստեղ­ծած էք ե­կե­ղե­ցի եւ սրահ՝ հա­մախմ­բո­ւե­լու եւ փո­խան­ցե­լու նոր սե­րուն­դին մեր հե­րոս­նե­րուն եւ նա­խա­հայ­րե­րուն սրբա­զան ժա­ռա­գու­թիւ­նը»։ Ա­պա՝ տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն ի պա­տիւ Սր­բա­զան ­Հօր, որ­մէ ետք խում­բը վե­րա­դար­ձաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէ։

­Հան­դի­պում Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ

Ուր­բաթ՝ 24 ­Փետ­րո­ւար 2017ի ժա­մը 21։00ին, «­Տէր ­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­պում ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­կան ­Փո­խա­նորդ ­Կո­մի­տաս Արք. Օ­հա­նեա­նի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կա­հայ հա­մայն­քէն ներս գոր­ծող միու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ։
­Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց ­Վահ­րամ Սրկ. ­Պէք­թա­շեան, որ յա­նուն ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դին՝ Սր­բա­զան ­Հօր մաղ­թեց բա­րի ա­ռա­քե­լու­թիւն, ա­ռա­ւել եւս իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը մա­տու­ցե­լով ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մի զա­ւա­կա­նե­րուն։ Ա­պա՝ հա­մայն­քի հո­գե­ւոր հո­վիւ Սմ­բատ Վրդ. ­Սա­պուն­ճեան բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց Սր­բա­զան ­Հօր։ ­Հայր ­Սուր­բը դպրե­վան­քեան օ­րե­րը որ­պէս օ­րի­նակ յի­շե­լով հաս­տա­տեց, թէ Սր­բա­զան ­Հայ­րը իր նոր ա­ռա­քե­լու­թեամբ հո­գե­ւոր մթնո­լոր­տով պի­տի ծաղ­կեց­նէ յու­նա­հա­յոց ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քը։ Ա­պա՝ Սր­բա­զան ­Հայ­րը ­Վե­հա­փառ ­Հօր ող­ջոյն­նե­րը փո­խան­ցեց ներ­կա­նե­րուն։ Սր­բա­զա­նը սրտի խօս­քը սկսաւ յետ­դարձ մը կա­տա­րե­լով իր ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ ծա­ռա­յու­թեան օ­րե­րուն՝ խոս­տա­նա­լով, որ նոյն այդ ո­գիով պի­տի շա­րու­նա­կէ իր ա­ռա­քե­լու­թի­ւը։ Սր­բա­զան ­Հայ­րը իր ա­ռա­քե­լու­թեան մեկ­նա­կէտն ու նպա­տա­կը ամ­փո­փեց մէկ բա­ռի մէջ. «­Ծա­ռա­յու­թիւն»՝ ա­նոր ի­մաս­տը մարմ­նա­ւո­րե­լով ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կոս Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի ա­ռա­քե­լու­թեամբ, որն է ­Ծա­ռա­յու­թիւն՝ ­Հայ Ազ­գին։
Ա­պա՝ մտեր­միկ մթնո­լոր­տը սի­րոյ սե­ղա­նին շուրջ իր ա­ւար­տին հա­սաւ, երբ Սր­բա­զան ­Հայրն ու ­Հայր ­Սուր­բը դպրե­վան­քի ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն «­Պա­հա­պան ա­մե­նայ­նի» ա­ղօթ­քը ա­ղօ­թե­ցին եւ «Հ­րեշ­տակ ­Զո­ւար­թուն» եր­գե­լով բա­րի գի­շեր մաղ­թե­ցին բո­լո­րին։