­Ռու­սիա­յէն նա­խորդ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին մա­տա­կա­րա­րո­ւած «Իս­կան­դեր» հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գե­րը կը պատ­կա­նին ­Հա­յաս­տա­նի զի­նուած ու­ժե­րուն, եւ ա­տոնք կը կա­ռա­վա­րեն հայ­կա­կան զի­նո­ւած ու­ժե­րու (Զ.Ու.) սպա­նե­րը: Այս մա­սին՝ ըստ «Ար­մէնփ­րես»ի, «­Ռիա-նո­վոս­թի»ին տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցի ժա­մա­նակ յայ­տա­րա­րած է է Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան:
«Այն, որ ««Իս­կան­դեր»նե­րը մա­տա­կա­րա­րո­ւած են ­Հա­յաս­տա­նին, իմ կար­ծի­քով, բո­լո­րին հա­մար ակնյայտ է, քա­նի որ ա­տոնք բո­լո­րը բա­ցա­յայտ տե­սած են: Այն, որ ա­տոնք կը պատ­կա­նին ­Հա­յաս­տա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րուն, նոյն­պէս կրնամ հաս­տա­տել 100 տո­կոս վստա­հու­թեամբ: Եւ այս­տեղ ո­րե­ւէ երկ­րորդ կար­ծիք ուղ­ղա­կի չի կրնար ըլ­լալ: Ինչ կը վե­րա­բե­րի մնա­ցած հար­ցե­րուն` ե՞րբ, ի՞նչ գու­մար­նե­րով, վճար­ման ի՞նչ ժամ­կէ­տով եւ այլն. ինչ­պէս կը հասկ­նաք, այդ ա­մէ­նը կ­՛ի­րա­կա­նա­ցո­ւի «յոյժ գաղտ­նի»: ­Կը կա­ռա­վա­րենք մենք, կը կա­ռա­վա­րեն ա­նոնք, ո­րոնց կը պատ­կա­նին: Այս­տեղ ես կրնամ բա­ցա­յայ­տել գաղտ­նիու­թեան վա­րա­գոյ­րը»,- ը­սած է Վ. ­Սարգսեան:
­Հա­յաս­տան «Իս­կան­դեր» հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գե­րը գոր­ծար­կե­լու ո­րո­շում կ’ըն­դու­նի` կա­խո­ւած ի­րա­վի­ճա­կի զար­գա­ցու­մէն: «Ես կրնամ ձե­զի ցոյց տալ ալ­գո­րիթ­մը: Այդ զէն­քի գոր­ծա­ռոյ­թը եւ պա­րա­մեթ­րե­րը թոյլ կու տան ա­նուղ­ղե­լի վնաս հասց­նե­լու են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րուն այն երկ­րի, ո­րուն դէմ ա­նի­կա կրնայ կի­րա­ռո­ւիլ: ­Հա­մա­պա­տաս­խա­նա­բար, «Իս­կան­դեր»նե­րու կի­րառ­ման ո­րո­շու­մը սեր­տօ­րէն կա­պո­ւած պի­տի ըլ­լայ ի­րա­վի­ճա­կի զար­գա­ցու­մէն: Ա­մէն պա­րա­գա­յի, մենք զայն կը դի­տար­կենք որ­պէս զէնք` ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւած հա­րուա­ծի հա­մար, ե­թէ նման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն ըլ­լայ: Ա­տի­կա, ա­ռա­ջին հեր­թին, զսպող զէնք է: Ակն­յայտ է, որ ի­րա­վի­ճա­կի զար­գա­ցու­մը կրնայ թե­լադ­րել նման մօ­տե­ցում­նե­րու դի­տար­կում, բայց սկզբուն­քօ­րէն, իր գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեամբ, հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րով այդ զէն­քը այն­պի­սին է, որ պէտք է իւ­րա­քան­չիւր տաք գլուխ սա­ռեց­նէ ո­րո­շում­նե­րու ըն­դուն­ման ժա­մա­նակ»,- ընդգ­ծած է Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը:
Ճշ­դող հար­ցու­մին՝ ար­դեօք այդ հա­մա­կար­գե­րու կա­ռա­վա­րու­մը կը գտնո­ւի՞ ձեռ­քը ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան զի­նուած ու­ժե­րու սպա­նե­րուն, ո­րոնք ան­ցած են հա­մա­պա­տաս­խան վե­րա­պատ­րաս­տում, Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րը ընդգ­ծած է.- «հաս­տա՛տ»: