Հարցազրոյց` Նորա Պայրագտարեան Գապաքեանի

Սի­սի պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դարձ­ման պա­հանջ­քով դա­տի թղթած­րա­րի պատ­րաս­տու­թեան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րէն դոկտ. ­Նո­րա ­Պայ­րագ­տա­րեան-­Գա­պա­քեանի հէտ

0
2347

­Թուր­քիոյ դէմ ­Սի­սի պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դարձ­ման պա­հանջ­քով՝ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան բա­ցած դա­տին մա­սին, անց­նող ե­րեք տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով թէ՛ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը եւ թէ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւա­կան գրա­սե­նեա­կը ո­րոշ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն: ­Հի­մա որ 6 ­Դեկ­տեմ­բեր 2016ին թղթած­րա­րը Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րան յանձ­նո­ւած է, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին թե­լադ­րան­քով դա­տի թղթած­րա­րի պատ­րաս­տու­թեան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րէն դոկտ. ­Նո­րա ­Պայ­րագ­տա­րեան-­Գա­պա­քեան ներ­կայ հար­ցազ­րոյ­ցը ու­նե­ցաւ կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի «­Հասկ» պաշ­տօ­նա­թեր­թին հետ, անհ­րա­ժեշտ տե­ղե­կու­թիւն­ներն ու լու­սա­բա­նու­թիւն­նե­րը հա­մա­պար­փակ կեր­պով ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար մեր ժո­ղո­վուր­դին: ­Դոկտ. ­Պայ­րագ­տա­րեան-­Գա­պա­քեան մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի դա­սա­խօս է ­Լի­բա­նա­նեան ­Հա­մալ­սա­րա­նին մէջ:

Ինչ­պէ՞ս սկսաւ ­Սի­սի պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դարձ­ման պա­հանջ­քի գծով ­Թո­ւր­քիոյ դէմ դատ բա­նա­լու գա­ղա­փա­րը:

­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով՝ Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս ո­րո­շեց ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը փո­խադ­րել ի­րա­ւա­կան դաշտ: Բ­նա­կա­նա­բար սա դիւ­րին քայլ մը չէր: ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ա­ռի­թով մը կ­՛ը­սէր, թէ «­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն 100 տա­րի­ներ յե­տոյ ի՞նչ ը­րիք պի­տի ը­սէ պատ­մու­թիւ­նը: ­Հե­տե­ւա­բար, անհ­րա­ժեշտ է մեր դա­տը նոր հո­րի­զոն­նե­րու առ­ջեւ բա­նալ՝ զայն ի­րա­ւա­կան դաշտ ա­ռաջ­նոր­դե­լով»: Այս հե­ռան­կա­րով, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը նա­մակ յղեց ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նին (Օ­գոս­տոս 2011) եւ ա­պա եր­կու ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետ­նե­րը միաս­նա­բար նա­մակ գրե­ցին (Ապ­րիլ 2013) Էր­տո­ղա­նին, պա­հան­ջե­լով մեր ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու վե­րա­դար­ձը: Եր­կու նա­մակ­նե­րը մնա­ցին ան­պա­տաս­խան: ­Նոյն ա­ռա­ջադ­րան­քով, 2012ի ­Փետ­րո­ւա­րին ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Ան­թի­լիա­սի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին խորհր­դա­ժո­ղով մը՝ «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը՝ ճա­նա­չու­մէ հա­տու­ցում» (The Armenian Genocide: from Recognition to Reparation) նիւ­թով, ո­րուն ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն­հինգ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի մաս­նա­գէտ­ներ հա­մաշ­խար­հա­յին համ­բաւ վա­յե­լող հա­մալ­սա­րան­նե­րէ: Ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին նաեւ Եու­կոս­լա­ւիոյ ­Մի­ջազ­գա­յին ­Դա­տա­րա­նի նախ­կին նա­խա­գահ դա­տա­ւոր ­Ֆոս­թօ ­Փո­քար եւ ­Մի­ջազ­գա­յին Ար­դա­րա­դա­տու­թեան ­Դա­տա­րա­նի դա­տա­ւոր ­Ճօ ­Վեր­հո­վըն: Հ­րա­ւի­րո­ւած էր նաեւ Մ.Ա.Կ.ի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գա­հը, որ սա­կայն վեր­ջին ժա­մուն հրա­ժա­րե­ցաւ մաս­նակ­ցե­լէ:
­Յի­շեալ խորհր­դա­ժո­ղո­վը իւ­րա­յա­տուկ էր իր մաս­նակ­ցու­թեան մա­կար­դա­կով ու քննար­կում­նե­րով եւ ան­կիւ­նա­դարձ մը հան­դի­սա­ցաւ դէ­պի ի­րա­ւա­կան դաշտ մեր եր­թին: ­Խորհր­դա­ժո­ղո­վին մաս­նա­գի­տա­կան բնոյթն ու ո­րա­կը գնա­հա­տո­ւե­լով՝ Եւ­րո­պա­յի ­Մի­ջազ­գա­յին Ք­րէա­կան Օ­րէն­քի պար­բե­րա­թեր­թի International Criminal Law Reviewի (­Մի­ջազ­գա­յին ոճ­րա­յին օ­րէն­քի պար­բե­րա­թերթ) խմբագ­րու­թիւ­նը յա­տուկ թիւ մը յատ­կա­ցուց խորհր­դա­ժո­ղո­վին ներ­կա­յա­ցո­ւած նիւ­թե­րուն: ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի ո­րո­շու­մով յի­շեալ թի­ւը (14/2014) ա­ռան­ձին հա­տո­րով լոյս տե­սաւ կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին կող­մէ. Legal Avenues for Armenian Genocide Reparation — 2015 (­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­տուց­ման հա­մար ի­րա­ւա­կան ճամ­բա­ներ 2015) խո­րագ­րով՝ զայն ա­ւե­լի լայն խա­ւե­րու մատ­չե­լի դարձ­նե­լու հա­մար:
­Խորհր­դա­ժո­ղո­վը քա­րոզ­չա­կան նպա­տա­կով կազ­մա­կեր­պո­ւած չէր, այլ կը մի­տէր ա­ռար­կա­յա­կան ու մաս­նա­գի­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով եւ մի­ջազ­գա­յին թէ թրքա­կան օ­րէնք­նե­րու լոյ­սին տակ քննար­կու­մը կա­տա­րե­լու ­Հայ ­Դա­տի ի­րա­ւա­կան գոր­ծըն­թա­ցին՝ պար­զե­լով կա­րե­լիու­թիւն­ներն ու դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ­Թուր­քիոյ կող­մէ դրո­ւած եւ ժա­մա­նա­կի շրջան­ցու­մին կա­պո­ւած օ­րի­նա­կան պատ­նէշ­նե­րը: Ար­դա­րեւ, խորհր­դա­ժո­ղո­վը մեկ­նա­կէ­տը հան­դի­սա­ցաւ ­Սի­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դարձ­ման դա­տա­կան գոր­ծի ըն­թաց­քին:

Ան­թի­լիա­սի մայ­րա­վան­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գու­մա­րին մօ­տե­ցու­մը ի՞նչ էր ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դարձ­ման պա­հանջ­քը ի­րա­ւա­կան ըն­թաց­քի մէջ դնե­լու նկատ­մամբ:

­Խորհր­դա­ժո­ղո­վը ա­ռա­ջին հեր­թին քննար­կեց եւ հա­մե­մա­տեց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ի­րա­ւա­կան գոր­ծի ու­ղի­նե­րը եւ յան­գե­ցաւ այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, թէ հարկ է ան­ջա­տել ճա­նաչ­ման քա­ղա­քա­կան ու­ղին՝ ա­նոր ի­րա­ւա­կան հե­տապն­դու­մէն: Ա­պա՝ խորհր­դա­ժո­ղո­վը քննար­կեց ներ­կայ ­Թուր­քիոյ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան հար­ցը եւ պատ­մա­կան-քա­ղա­քա­կան ու ի­րա­ւա­կան փաս­տա­ցի տո­ւեալ­նե­րով եզ­րա­կա­ցուց, թէ ներ­կայ ­Թուր­քիան ժա­ռան­գորդն է Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան, եւ պե­տու­թեան յա­ջոր­դա­կա­նու­թեան (state succession) սկզբուն­քի հի­ման վրայ, պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ու­նի վերց­նե­լու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը: Ա­պա՝ լայ­նօ­րէն քննար­կո­ւե­ցաւ 1948ի Մ.Ա.Կ.ի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան կան­խար­գիլ­ման ուխ­տը յա­րա­բե­րա­բար մեր դա­տին: ­Հա­կա­ռակ այն ի­րո­ղու­թեան, թէ ­Լեմ­քի­նի բա­ռե­րով «­Հա­յոց ­Ցե­պաս­պա­նու­թիւ­նը հիմ­քը կազ­մած է Ուխ­տի յա­ռա­ջաց­ման», այ­դու­հան­դերձ՝ Ուխ­տը յե­տա­դար­ձի ի­րա­ւուն­քը չու­նե­նա­լով՝ ան­գոր­ծադ­րե­լի նկա­տո­ւե­ցաւ մեր ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­րա­գա­յին: ­Խորհր­դա­ժո­ղո­վը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ ­Թուր­քիոյ կող­մէ ստո­րագ­րո­ւած մի­ջազ­գա­յին ուխ­տե­րուն ու հա­մա­ձայ­նու­թիւն­նե­րուն, յատ­կա­պէս նպաս­տա­ւոր հա­մա­րե­լով ­Լօ­զա­նի դաշ­նա­գի­րի (1923) 37էն մին­չեւ 44րդ ­յօ­դո­ւած­նե­րը: Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ­Լօ­զա­նի դաշ­նա­գի­րը ­Թուր­քիոյ կող­մէ վա­ւե­րա­ցո­ւած ըլ­լա­լով, ա­նոր գոր­ծադ­րու­թիւ­նը պար­տա­ւո­րիչ կը դառ­նայ ներ­կայ թուրք պե­տու­թեան հա­մար: ­Խորհր­դա­ժո­ղո­վը յա­տուկ քննար­կու­մի նիւթ դար­ձուց մի­ջազ­գա­յին դա­տա­րան­նե­րը ու ա­ռանձ­նա­բար քննար­կո­ւե­ցան ­Մի­ջազ­գա­յին Ար­դա­րու­թեան ­Դա­տա­րա­նը, ­Մի­ջազ­գա­յին Ք­րէա­կան ­Դա­տա­րա­նը եւ Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րա­նը, եւ պար­զո­ւե­ցաւ իւ­րա­քան­չիւր դա­տա­րա­նի ըն­ձե­ռած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներն ու ար­գելք­նե­րը: ­Խոր քննար­կու­մի նիւթ դար­ձան բա­րե­կամ եր­կիր­նե­րոու դա­տա­րան­նե­րուն մօտ դատ բա­նա­լու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ թրքա­կան դա­տա­րան­նե­րուն մօտ դա­տա­կան հայց ներ­կա­յաց­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներն ու դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը եւ հա­տուց­ման այ­լա­զան ձե­ւերն ու պայ­ման­նե­րը:
Ա­հա թէ ին­չո՛ւ, ինչ­պէս շեշ­տե­ցի, Ան­թի­լիա­սի խորհրդա­ժո­ղո­վը պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ­Հայ ­Դա­տի պատ­մու­թեան մէջ:
Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած մը վե­րա­դարձ­նե­լու պա­հանջ­քը փաս­տօ­րէն ա­ռա­ջին ի­րա­ւա­կան քայլն է: Ին­չո՞ւ հա­րիւր տա­րի սպա­սե­ցինք նման քայլ մը առ­նե­լու հա­մար:

­Ճիշդ է, ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լո­ւած մը պա­հան­ջե­լը ա­ռա­ջին ի­րա­ւա­կան քայլն է. սա­կայն բո­լո­րիս ծա­նօթ են յետ-­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան տա­րագ­րու­թեան դժո­ւա­րին պայ­ման­նե­րը, ո­րոնք կը ստի­պէին հայ ժո­ղո­վուր­դը կեդ­րո­նա­նա­լու գա­ղու­թա­յին կեան­քի կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու վրայ: ­Վաթ­սու­նա­կան թո­ւա­կան­նե­րէն ետք է միայն, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը իր ե­կե­ղե­ցիով եւ քա­ղա­քա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րով բարձ­րա­ցուց ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ջա­հը՝ շեշ­տը դնե­լով ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման պա­հան­ջին վրայ: Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս, Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Խոր­հուր­դի (Ե.Հ.Խ.) ա­տե­նա­պե­տու­թեան 15 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, ­Հայ ­Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը Ե.Հ.Խ.ի օ­րա­կար­գի մնա­յուն նիւ­թե­րէն մէ­կը դար­ձուց, իր անձ­նա­կան կա­պե­րով եւ մի­ջազ­գա­յին բե­մե­րէն ու­նե­ցած ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով ա­պա­հո­վե­լով ե­կե­ղե­ցա­կան աշ­խար­հի զօ­րակ­ցու­թիւ­նը եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման նպաս­տա­ւոր կե­ցո­ւածք­ներ: Բ­նա­կա­նա­բար կա­րե­լի չէ մոռ­նալ Ֆ­րան­սիս ­Պա­պին կա­տա­րած պատ­մա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը 2015ին: ­Դար­ձեալ մեր ժո­ղո­վուր­դի միաս­նա­կան ո­գիին ու հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քը ե­ղաւ, որ քսա­նէ ա­ւե­լի պե­տու­թիւն­ներ պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցան ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս 100ա­մեա­կի սե­մին:
Ընդ­հա­նուր հա­մո­զու­մը այն էր, թէ ­Թուր­քիոյ կող­մէ ճա­նաչ­ման քայ­լին պի­տի հե­տե­ւէր օ­րի­նա­կան հե­տապնդ­ման եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան թղթած­րար­նե­րու ար­ծար­ծու­մը: ­Հոս է, որ 2012ի Ան­թի­լիա­սի մի­ջազ­գա­յին խորհր­դա­ժո­ղո­վը իր ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին նշա­նա­կու­թիւ­նը ստա­ցաւ, երբ օ­րի­նա­կան հիմ­նա­ւո­րում­նե­րով ո­րոշ ի­մաս­տով ան­ջա­տեց ճա­նաչ­ման եւ ի­րա­ւա­կան հե­տապն­դու­մի ու­ղի­նե­րը, եւ ուղ­ղեց մեզ դէ­պի ի­րա­ւա­կան դաշտ, ա­ռանց սպա­սե­լու ճա­նաչ­ման քա­ղա­քա­կան ու­ղիի վեր­ջին հանգ­րո­ւա­նին, այլ խօս­քով՝ ցե­ղաս­պա­նին կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մին:

Մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քը ի՞նչ կ­՛ը­սէ այս մա­սին. այլ խօս­քով՝ հա­րիւր տա­րի­նե­րու հնու­թիւն ու­նե­ցող դատ մը ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է առն­չել մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի, որ լայն չա­փով մշա­կո­ւած է վեր­ջին շուրջ յի­սուն տա­րի­նե­րուն:

­Մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քը կա­յուն ի­րո­ղու­թիւն մը չէ, այլ միշտ են­թա­կայ է մեկ­նա­բա­նու­թեան: Առ այդ, մի­ջազ­գա­յին դա­տի մը բա­նա­ձե­ւու­մը կ­՛են­թադ­րէ ա­նոր հա­մա­պա­տաս­խա­նող օ­րէնք­նե­րը ո­րո­նել ու ա­նոնց մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը կա­տա­րել՝ պատ­շա­ճեց­նե­լով ան­շուշտ, ըստ տրա­մա­բա­նու­թեան եւ ըստ հնա­րա­ւո­րու­թեան, տո­ւեալ դա­տի պա­հանջ­նե­րուն: ­Միւս կող­մէ հարկ է ի մտի ու­նե­նալ մեր դա­տին 100 տա­րի­նե­րու հնու­թիւ­նը, թե­րեւս ա­ւե­լի ճիշդ է ը­սել՝ ժա­ման­ցե­լիու­թեան խնդի­րը, որ մեր առ­ջեւ կանգ­նող հիմ­նա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րէն մէկն է:
Արդ, մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի ըն­ձե­ռած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու քննար­կու­մէն ետք, Ան­թի­լիա­սի խորհր­դա­ժո­ղո­վի եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րը կա­րե­լի է խտաց­նել ե­րեք հիմ­նա­կան կէ­տե­րու մէջ.
Ա.) ­Սեր­տել ­Թուր­քիոյ ներ­քին դա­տա­րան­նե­րու ըն­ձե­ռած կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով ա­նոնց մօտ դա­տա­կան հայ­ցի գործ­նա­կան հե­տապնդ­ման կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը:
Բ.) Մ.Ա.Կ.էն ներս, օգ­տո­ւե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ներ­կա­յու­թե­նէն, աշ­խա­տանք տա­նիլ Ա­պա­հո­վու­թեան ­Խոր­հուր­դին մօտ՝ հայ­ցե­լու Ար­դա­րու­թեան ­Մի­ջազ­գա­յին ­Դա­տա­րա­նի տե­սա­կէ­տը՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ ա­նոր հե­տե­ւանք­նե­րու քննարկ­ման գծով:
Գ.) Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րա­նին մօտ դատ բա­նալ, հիմ­նո­ւե­լով ա­նոր պաշտ­պա­նած՝ կա­լո­ւա­ծի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­հաս­տա­տու­մի սկզբուն­քին վրայ:

Ի՞նչ ըն­թացք ու­նե­ցաւ դա­տի պատ­րաս­տու­թիւ­նը. ո­րո՞նք մաս­նակ­ցե­ցան թղթած­րա­րի պատ­րաս­տու­թեան:

­Խորհր­դա­ժո­ղո­վէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը յա­ռա­ջա­ցուց մաս­նա­գէտ­նե­րէ կազ­մո­ւած յանձ­նա­խումբ մը: ­Յանձ­նա­խում­բին մաս կը կազ­մէին մի­ջազ­գա­յին դա­տե­րու եւ Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րա­նին մօտ դա­տե­րու փաս­տա­բան­ներ եւ մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի դա­սա­խօս­ներ փրոֆ. ­Փա­յամ Ա­խա­ւան եւ փրոֆ. ­Թիմ Այ­քէ, կա­լո­ւա­ծա­յին ու մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց հար­ցե­րու փաս­տա­բան ­Ճէմ ­Մու­րատ ­Սո­ֆո­ւօղ­լու, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մաս­նա­գէտ դոկտ. ­Թա­նէր Աք­չամ, մի­ջազ­գա­յին ու թրքա­կան օ­րէնք­նե­րու մաս­նա­գէտ­ներ ու դա­սա­խօս­ներ դոկտ. ­Բու­րակ ­Ժե­մալ­մազ եւ դոկտ. Իշ­թար ­Կիւ­զայ­տը, ԺԹ. եւ Ի. դա­րե­րու ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի պատ­մու­թեան դա­սա­խօս դոկտ. ­Մա­կար Էլ­սին, մաս­նա­գէտ թարգ­մա­նիչ ­Ֆա­թի­մա ­Սա­քա­րիա: ­Տա­րի մը ա­ռաջ ­Թիմ Այ­քէ, Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րա­նին մօտ Անգ­լիոյ պե­տու­թեան դա­տա­ւո­րը նշա­նա­կո­ւե­ցաւ, հե­տե­ւա­բար՝ ան հրա­ժա­րե­ցաւ յանձ­նա­խում­բի ան­դա­մակ­ցու­թե­նէն ու փո­խա­րի­նո­ւե­ցաւ կրկին անգ­լիա­ցի եւ Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րա­նին մօտ դա­տե­րու փոր­ձա­ռու մաս­նա­գէտ փրոֆ. ­Թիմ Օթ­թիի կող­մէ: Ա­ւե­լի ուշ, եւ յատ­կա­պէս Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րա­նին մօտ դա­տա­կան թղթած­րա­րի պատ­րաս­տու­թեան հա­մար յանձ­նա­խում­բին մաս կազ­մե­ցին Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րա­նի մաս­նա­գէտ փաս­տա­բան­ներ՝ ­Ֆի­լի­բա ­Վէպ, Է­րիք Պ­յորք, ­Կիւ­զէթ Եուք­սէլ եւ Ճ. Օս­մա­նօղ­լու: ­Յանձ­նա­խում­բի վեր­ջին նիս­տին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Ազգ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ան­դամ փաս­տա­բան ­Վա­հէ Եա­գու­պեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ­Հայ ­Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեան: ­Յանձ­նա­խում­բի աշ­խա­տան­քը հա­մադ­րեց ­Վե­պըս­թըր հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս ­Թե­նի ­Փի­րի-­Սի­մո­նեան: Ե­րեք տա­րո­ւան ըն­թաց­քին յանձ­նա­խում­բը գու­մա­րեց չորս նիս­տեր ­Ժը­նե­ւի մէջ, եւ եր­կու մաս­նա­կի նիս­տեր Ան­թի­լիա­սի մէջ: ­Վե­հա­փա­ռը ղե­կա­վա­րեց բո­լոր նիս­տե­րուն աշ­խա­տան­քը եւ մօ­տէն հե­տե­ւե­ցաւ դա­տա­կան թղթածրա­րի պատ­րաս­տու­թեան: Իր զա­նա­զան ե­րես­նե­րով քննար­կե­լէ ետք ե­կե­ղե­ցա­կան կա­լո­ւած­նե­րու վե­րա­դարձ­ման պա­հանջ­քի հար­ցը՝ յանձ­նա­խում­բը կեդ­րո­նա­ցաւ ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին վրայ, նկա­տի ու­նե­նա­լով ա­նոր պատ­մա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ խորհր­դան­շա­կան ի­մաս­տը, ու ո­րո­շեց դա­տը ներ­կա­յաց­նել ուղ­ղա­կիօ­րէն ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րան: ­Վե­հա­փա­ռը ա­մէն ջանք ի գործ դրաւ, դա­տը բա­ցո­ւած տես­նե­լու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին առ­թիւ, ինչ որ կա­տա­րո­ւե­ցաւ 27 Ապ­րիլ 2015ին:

Պատ­մա­կան-ի­րա­ւա­կան ի՞նչ տո­ւեալ­նե­րու հի­ման վրայ պատ­րաս­տո­ւե­ցաւ թղթած­րա­րը:

­Դա­տա­կան թղթած­րա­րը կ­՛ընդգր­կէր.
ա.) ­Պատ­մա­կան թղթած­րար մը, պատ­րաս­տո­ւած թուրք պատ­մա­գէտ ­Մա­կար Էլ­ցի­նի կող­մէ, որ կը մի­տէր փաս­տել կա­թո­ղի­կո­սու­թեան սե­փա­կա­նա­տի­րու­թիւ­նը, պատ­մա­կան ան­ցեա­լի վա­ւե­րագ­րա­կան տո­ւեալ­նե­րու գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­մով (յայտ­նենք, որ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը չու­նի ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի տա­փուն):
բ.) Ի­րա­ւա­կան թղթած­րա­րը պատ­րաս­տո­ւած է յանձ­նա­խում­բի փաս­տա­բան­նե­րուն կող­մէ: ­Սոյն թղթած­րա­րի հիմ­նա­ւո­րում­նե­րը կա­րե­լի է խտաց­նել հե­տե­ւեալ կէ­տե­րուն մէջ.
1) ­Սի­սի ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը կա­թո­ղի­կո­սա­կան նստա­վայր էր ու մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր ­Կի­լի­կիոյ հա­յու­թեան հա­մար:
2) 1915էն ի վեր հա­յե­րը ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով հե­ռա­ցո­ւած են ի­րենց կա­լո­ւած­նե­րէն:
3) ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը օ­րի­նա­կան ի­րա­ւա­տէրն է այդ կա­լո­ւա­ծին:
4) «Լ­քեալ կա­լո­ւած»նե­րու օ­րէնք­նե­րը, զորս թուր­քե­րը հնա­րած են՝ ան­հա­տա­կան կա­լո­ւած­նե­րու բռնագ­րա­ւու­մը օ­րի­նա­կա­նաց­նե­լու հա­մար, գոր­ծադ­րե­լի չեն ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան պա­րա­գա­յին:
5) ­Կա­լո­ւած­նե­րու օ­րի­նա­կա­նաց­ման թրքա­կան օ­րէնք­նե­րը կը հա­կադ­րո­ւին մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի սկզբունք­նե­րուն:
6) ­Լօ­զա­նի դաշ­նա­գի­րի 37էն 44րդ ­յօ­դո­ւած­նե­րու ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը կը գե­րա­դա­սեն կա­լո­ւած­նե­րու գծով ­Թուր­քիոյ պե­տու­թեան հաս­տա­տած ներ­քին օ­րէնք­նե­րը:
­Վե­րոն­շեալ օ­րէնք­նե­րու հի­մամբ, յանձ­նա­խում­բը եզ­րա­կա­ցուց, թէ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը ի­րա­ւունք ու­նի այդ հո­ղա­տա­րած­քը օգ­տա­գոր­ծե­լու, ինչ­պէս նաեւ՝ պա­հան­ջե­լու ա­նոր վե­րա­դար­ձը:

Ի՞նչ կը պա­հան­ջէ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը՝ ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դա՞րձ, թէ՞ նիւ­թա­կան հա­տու­ցում:

­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան բա­ցած դա­տին մէջ մեր պա­հան­ջը յստակ է՝ վե­րա­դարձ­նել ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի կա­լո­ւա­ծը իր ի­րա­ւա­կան սե­փա­կա­նա­տի­րոջ՝ ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան: Այլ խօս­քով՝ թէ՛ ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին եւ թէ Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րա­նին մօտ մեր բա­ցած դա­տը հիմ­նո­ւած է կա­լո­ւա­ծի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քին վրայ: ­Դա­տի պատ­րաս­տու­թեան ըն­թաց­քին ոչ մէկ կեր­պով ար­ծար­ծո­ւած կամ քննար­կո­ւած է նիւ­թա­կան հա­տուց­ման խնդի­րը: ­Յանձ­նա­խում­բը կը հա­ւա­տայ, որ ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դարձ­ման պա­հանջ­քի դա­տը ա­ռա­ջին օ­ղակն է մեր բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ ե­կե­ղե­ցա­կան կա­լո­ւած­նե­րու վե­րա­դարձ­ման պա­հանջ­քին: ­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դարձ­ման պա­հանջ­քի գծով առ­նո­ւած դա­տա­կան քայ­լով՝ ա­ռա­ջին ան­գամն է, որ ­Հայ ­Դա­տը մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի ի­րա­ւա­կան շրջա­գի­ծէն ներս մուտք կը գոր­ծէ եւ, հե­տե­ւա­բար, ինչ­պէս նշե­ցինք, ա­նի­կա կա­րե­ւոր դար­ձա­կէտ մը կը հան­դի­սա­նայ 100ա­մեայ մեր պայ­քա­րին մէջ: Ինչ­պէս կ­՛ը­սէ Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը.- «Այս դա­տը սո­վո­րա­կան դատ չէ. ան կը պա­հան­ջէ մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող ­Սի­սի պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի հո­ղա­տա­րած­քի վե­րա­դար­ձը, որ­պէս ա­ռա­ջին հանգրո­ւան մեր ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան ու ազ­գա­պատ­կան կա­լո­ւած­նե­րու վե­րա­դարձ­ման մեր պա­հան­ջին»:
Արդ դար­ձեալ, ինչ­պէս կ­՛ը­սէ ­Վե­հա­փա­ռը, «այս հա­յե­ցա­կէ­տով հարկ է դի­տել այս դա­տը եւ շեշ­տել ա­նոր իւ­րա­յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ծի­րէն ներս»:

Ին­չո՞ւ ո­րո­շո­ւե­ցաւ դի­մել ուղ­ղա­կի ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րան:

­Մեր առ­ջեւ կը գտնո­ւէին օ­րի­նա­կան ե­րեք ու­ղի­ներ.
1) ­Թուր­քիոյ ներ­քին դա­տա­րան­ներ։
2) ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րան։
3) Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րան:
Ա­ռա­ջին հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը կրնար մո­ռա­ցու­թեան տալ դա­տը՝ եր­կար տա­րի­ներ ան­պա­տաս­խան ձգե­լով: Եր­րորդ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը կրնար բա­խիլ ­Թուր­քիոյ ներ­քին դա­տա­րան­նե­րու ի­րա­ւա­կան ըն­թաց­քը ամ­բող­ջա­ցու­ցած չըլ­լա­լու Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րա­նի օ­րէն­քին: ­Հե­տե­ւա­բար, յանձ­նա­խում­բը ո­րո­շեց ուղ­ղա­կիօ­րէն դի­մել ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րան՝ պար­զե­լով, բնա­կա­նա­բար տրա­մա­բա­նա­կան հիմ­նա­ւո­րում­նե­րով, այն բո­լոր ար­գելք­նե­րը, ո­րոնք զինք մղած են շրջան­ցե­լու ­Թուր­քիոյ ներ­քին դա­տա­րան­նե­րը: ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նի կող­մէ մեր­ժո­ղա­կան ո­րե­ւէ պա­տաս­խա­նի պա­րա­գա­յին, յանձ­նա­խում­բը պատ­րաստ պի­տի ըլ­լար դա­տա­կան թղթած­րա­րը, ո­րոշ բա­րե­փո­խում­նե­րով ու վեց ամ­սո­ւան օ­րէն­քով ճշդո­ւած ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին, ներ­կա­յաց­նե­լու Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րան: Այս փու­լերն ու կա­րե­լու­թիւն­նե­րը նկա­տի ու­նե­նա­լով պատ­րաս­տուած էր դա­տա­կան թղթած­րա­րը:

Ի՞նչ պատ­ճառ­նե­րով դա­տա­րա­նը մեր­ժեց դա­տի քննար­կու­մը:

­Նախ յի­շեմ, թէ ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նը, որ սկզբուն­քով վեց ամ­սո­ւան ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին պէտք է պա­տաս­խա­նէր դա­տա­կան հայ­ցե­րու, ներ­կա­յաց­ման թո­ւա­կա­նէն ութ ա­միս ետք, տա­կա­ւին լուռ կը մնար մեր դա­տին գծով: Ուս­տի՝ մեր թուրք փաս­տա­բա­նը ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րու­թեան 68րդ ­յօ­դո­ւա­ծի հի­ման վրայ պա­հանջ ներ­կա­յա­ցուց դա­տի ա­րա­գաց­ման հա­մար: Ն­կա­տի ա­ռած դա­տի ի­րա­ւա­կան-քա­ղա­քա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ու ա­նոր զգա­յուն բնոյ­թը, ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նը կը խնդրէ ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան տե­սա­կէ­տը: Ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը թե­լադ­րէ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին չքննար­կել այս հար­ցը՝ շեշ­տե­լով, որ ա­նի­կա ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նի ի­րա­ւա­սու­թեան սահ­ման­նե­րէն դուրս կ­՛իյ­նայ:
­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նը 15 ­Յու­նիս 2016ին ար­ձա­կեց իր վճի­ռը՝ մեր­ժե­լով դա­տի քննար­կու­մը եւ յայտ­նե­լով, որ դա­տը պէտք է ու­ղար­կել թրքա­կան ներ­քին դա­տա­րան­ներ: Այս­տեղ կ­՛ար­ժէ կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշել, թէ դա­տա­րա­նին մեր­ժու­մը ըստ էու­թեան չէր, այլ՝ ըստ ձե­ւի, եւ այս մէ­կը կը պար­տինք մեր փաս­տա­բան­նե­րուն կող­մէ հար­ցի ման­րազ­նին ու­սում­նա­սի­րու­թեան ու պատ­շաճ բա­նա­ձեւ­ման: Իսկ մեր­ժու­մի գծով տրո­ւած պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րը (19 է­ջե­րու վրայ տա­րա­ծուած) ի­րա­ւա­կան մօ­տե­ցու­մով ան­հիմն էին: ­Խոր­քին մէջ ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նը ի մտի ու­նէր եր­կու կէտ.
ա.) ­Մեր առ­ջեւ փա­կել Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րա­նի դռնե­րը, եւ
բ.) ­Դա­տը ու­ղար­կել թրքա­կան ներ­քին դա­տա­րան­ներ: Եր­կու պա­րա­գա­նե­րուն ալ իր նպա­տա­կը հար­ցը քննար­կու­մէ հե­ռու պա­հել էր ու մո­ռա­ցու­թեան դա­տա­պար­տել:

Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին ուղ­ղուած թղթած­րա­րը եւ Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րա­նի թղթած­րար­նե­րը նոյն հիմ­նա­ւո­րում­ներն ու մօ­տե­ցում­նե­րը ու­նի՞ն:

­Թու­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նի վճի­ռը ստա­նա­լէ ետք, ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տի թե­լադ­րու­թեամբ յանձ­նա­խում­բը ան­մի­ջա­պէս ժո­ղով մը գու­մա­րեց ­Ժը­նե­ւի մէջ: Եր­կար խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րէ ետք ո­րո­շուե­ցաւ դա­տը փո­խան­ցել Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րան: Ինչ­պէս օ­րին յայտ­նած էինք, այս գոր­ծի ըն­թաց­քի սկիզ­բէն մեր հիմ­նա­կան նպա­տակն էր դա­տը ներ­կա­յաց­նել Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րան, ո­րով­հե­տեւ թրքա­կան դա­տա­րան­նե­րէն դրա­կան մօ­տե­ցում չէինք սպա­սեր: ­Հե­տե­ւա­բար, մեր դա­տա­կան տո­ւեալ­նե­րը եւ ի­րա­ւա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը այն­պէս բա­նա­ձե­ւո­ւած էին, որ հա­մընկ­նէին Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րա­նին մօտ կա­տա­րո­ւե­լիք մեր հայ­ցին հետ:
Այ­սօր, Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րան ներ­կա­յա­ցո­ւած մեր դա­տը կը հիմ­նո­ւի նոյն դա­տա­րա­նի պաշտ­պա­նած Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Ուխ­տի հե­տե­ւեալ եր­կու հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րուն վրայ.
ա.) կա­լո­ւա­ծի սե­փա­կա­նու­թեան վե­րա­հաս­տա­տում, եւ բ.) պաշ­տա­մուն­քի ի­րա­ւունք, ո­րոնք փաս­տօ­րէն ի­րա­րու հետ սեր­տօ­րէն առն­չո­ւած են:

6 ­Դեկ­տեմ­բեր 2016ին թղթած­րա­րը Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րան ներ­կա­յա­ցո­ւե­լէն ետք, ի՞նչ են ձեր առ­նե­լիք յա­ջորդ քայ­լե­րը:

Ինչ­պէս յի­շե­ցիք, թղթած­րա­րը 6 ­Դեկ­տեմ­բեր 2016ին յանձ­նո­ւե­ցաւ Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րան: Այժմ կը սպա­սենք, որ դա­տա­րա­նը ըն­դու­նի դա­տին քննար­կու­մը կա­տա­րել եւ ա­պա անց­նի ըստ էու­թեան քննար­կու­մի փու­լե­րուն: Այս հանգ­րո­ւա­նին, որ­պէս ար­գելք, տա­կա­ւին ու­նինք թրքա­կան դա­տա­կան ներ­քին ու­ղի­նե­րը ու պայ­ման­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ լրա­ցու­ցած չըլ­լա­լու դժո­ւա­րու­թիւ­նը. բան մը, որ ե­թէ կա­տա­րած ըլ­լա­յինք, ինչ­պէս ը­սինք, մեզ փա­պու­ղիի առ­ջեւ պի­տի դնէր ու ա­նե­լի մատ­նէր: ­Սա­կայն, հարկ է նշել, թէ Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րա­նի պա­րա­գա­յին եւս մեր փաս­տա­բա­նե­րը մեծ աշ­խա­տանք տա­րին ու շուրջ հա­զար է­ջե­րէ բաղ­կա­ցած մեր դա­տա­կան թղթած­րա­րին մէջ հարկ ե­ղած հիմ­նա­ւո­րում­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին: Ա­նոնք նաեւ սեր­տե­ցին իւ­րա­քան­չիւր հա­ւա­նա­կան պա­տաս­խա­նի այլ ընտ­րանք­նե­րը:
­Սի­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի վե­րա­դարձ­ման դա­տի փոր­ձա­ռու­թե­նէն մեկ­նե­լով, կա­րե­լի է եզ­րա­կաց­նել, թէ որ­քան դժո­ւար է ու փշոտ՝ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ի­րա­ւա­կան ու­ղին, մա­նա­ւանդ ժա­ման­ցե­լիու­թեան խնդի­րին եւ կա­լո­ւած­նե­րու վե­րա­դար­ձի գծով թուրք պե­տու­թեան կող­մէ դրո­ւած ար­գելք­նե­րուն պատ­ճա­ռով: ­Սա­կայն, այդ բո­լո­րը մենք ար­գելք չնկա­տե­ցինք ու հե­տե­ւե­ցանք Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի խի­զախ ո­րո­շու­մին: ­Նաեւ այս գի­տակ­ցու­թեամբ ու նո­ւի­րու­մով գոր­ծեց մեր ի­րա­ւա­կան յանձ­նա­խում­բը: Ար­դա­րեւ, 100 տա­րի­ներ ետք ­Թուր­քիոյ ­Սահ­մա­նադ­րա­կան ­Դա­տա­րա­նին եւ ա­պա Եւ­րո­պա­յի ­Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց ­Դա­տա­րա­նին մօտ դատ բա­նա­լը մեծ մար­տահ­րա­ւէր մըն էր: ­Մեր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց տո­ւաւ, որ ե­թէ ա­ւե­լի եր­կար սպա­սէինք, շատ ուշ պի­տի ըլ­լար: ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը ի­րա­ւա­կան դաշտ մտնե­լու եւ հո­ղա­յին պա­հանջք ներ­կա­յաց­նե­լու ա­ռա­ջին քայ­լը ա­ռաւ: ­Հարկ է շա­րու­նա­կել այս ու­ղին: ­Պէտք չէ ան­տե­սել պե­տա­կան ու­ղի­նե­րով եւս ի­րա­ւա­կան աս­պա­րէզ ներ­կա­յա­նա­լու ընտ­րան­քը, որ ինչ­պէս քննար­կո­ւե­ցաւ 2012ի Ան­թի­լիա­սի խորհր­դա­ժո­ղո­վին, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան առ­ջեւ կը բա­նայ ի­րա­ւա­կան հե­տապն­դու­մի տար­բեր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ: