Ի­րան ա­նըն­դու­նե­լի կը հա­մա­րէ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու լու­ծու­մը ու­ժի կի­րառ­մամբ,- Ի­րա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան եւ քա­րոզ­չու­թեան վար­չու­թեան փո­խանց­մամբ` յայ­տա­րա­րած է Հ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Վի­գէն ­Սարգ­սեա­նի հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ Ի.Ի.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան եւ Զ.Ու. ա­ջակց­ման նա­խա­րար ­Հո­սէյն ­Տեհ­ղան: Ի­րա­նի պաշտ­պա­նա­կան գե­րա­տես­չու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուն, իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նե­լով ­Հա­յաս­տան-Ի­րան զար­գա­ցող յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու առն­չու­թեամբ, ը­սած է.- «Ի­րան, ու­նե­նա­լով 15 հա­րե­ւան, միշտ կը ձգտի իր հա­րե­ւան­նե­րուն հետ բա­րի-դրա­ցիա­կան եւ բարձր մա­կար­դա­կի յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ հաս­տա­տե­լու»,- կը տե­ղե­կաց­նէ panorama.am: ­Հո­սէյն ­Տեհ­ղան, անդ­րա­դառ­նա­լով տա­րա­ծաշրջա­նա­յին հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րուն, մաս­նա­ւո­րա­պէս ը­սած է.- «­Տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու լու­ծու­մը ու­ժի կի­րառ­մամբ ա­նըն­դու­նե­լի է: Ա­նոնց լու­ծու­մը բա­ցա­ռա­պէս պէտք է տե­ղի ու­նե­նայ խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով` բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով, եւ Ի­րա­նը այդ գոր­ծըն­թա­ցին ա­ջակ­ցե­լու հա­մար ոչ մէկ ջանք կը խնա­յէ»: ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան, կա­րե­ւոր հա­մա­րե­լով տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ Ի­րա­նի ու­նե­ցած դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը, վստա­հե­ցու­ցած է, որ ­Հա­յաս­տան պատ­րաս­տա­կամ է Ի­րա­նի հետ ընդ­լայ­նե­լու իր գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ բարձ­րաց­նե­լու երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մա­կար­դա­կը: ­Հա­յաս­տան կը փա­փա­քի Ի­րա­նի հետ պաշտ­պա­նա­կան ո­լոր­տին մէջ ընդ­լայ­նել հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, հա­մո­զո­ւած ենք, որ այ­ցը պի­տի նպաս­տէ հե­տա­գայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան»: ­Վի­գէն ­Սարգ­սեան, ող­ջու­նե­լով Ի­րա­նի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը Լ.Ղ. հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծին մէջ, հա­մո­զո­ւած է, որ հա­կա­մար­տու­թիւ­նը ռազ­մա­կան լու­ծում չու­նի։