Ս­պա­նիոյ ­Քա­թա­լո­նիա մար­զի ­Սա­պա­տէլ քա­ղա­քը ­Յու­նո­ւար 23ին պաշ­տօ­նա­պէս ճանչ­ցած եւ դա­տա­պար­տած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Այս մա­սին կը յայտ­նեն Ս­պա­նիոյ Հ.Հ. դես­պա­նու­թե­նէն:
­Սա­պա­տէ­լի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւած բո­լոր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն ղե­կա­վար­նե­րը ստո­րագ­րած են հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րա­թիւն, ո­րուն հա­մա­ձայն, տե­ղի ու­նե­ցա­ծը կը բնո­րո­շո­ւի իբ­րեւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եւ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն մարդ­կու­թեան դէմ: «­Մարդ­կու­թեան դէմ գոր­ծած իւ­րա­քան­չիւր յան­ցանք պէտք է դա­տա­պար­տո­ւի, որ­պէս­զի նման բա­ներ չկրկնո­ւին աշ­խար­հի այլ վայ­րե­րու, ո­րե­ւէ ազ­գի, դա­սի կամ դա­ւա­նան­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ: ­Սա­պա­տէ­լի քա­ղա­քա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս կը ճանչ­նան ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը»,- նշո­ւած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ:
­Փաս­տա­թուղ­թը հե­ղի­նա­կած է «Ciudadanos» կու­սակ­ցու­թիւ­նը` բա­ւա­րա­րե­լով ­Սա­պա­տէ­լի հայ հա­մայն­քի հա­մա­պա­տաս­խան հայ­ցը: ­Կու­սակ­ցու­թեան խօս­նակ Ատ­րիան Էր­նան­տէ­սը նշած է, որ ի­րենք կ­՝ող­ջու­նեն քա­ղա­քա­յին խոր­հուր­դին կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած գոր­ծըն­կեր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­ջակ­ցու­թիւ­նը այս հար­ցով, քա­նի որ ա­տի­կա ­Սա­պա­տէ­լին թոյլ կու տայ միա­նա­լու ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ար­դէն իսկ պաշ­տօ­նա­պէս ըն­դու­նած եւ դա­տա­պար­տած սպա­նա­կան այլ քա­ղաք­նե­րու ցան­կին: