Աւստ­րա­լիոյ ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բը ­Յու­նուար 23ին շնոր­հա­ւո­րեց նոյն օ­րը ­Նոր ­Հա­րա­ւա­յին ­Կա­լես նա­հան­գի վար­չա­պե­տի պաշ­տօ­նին ընտ­րո­ւած Կ­լե­տիս ­Պե­րե­ճիք­լեա­նը։
Ան այդ պաշ­տօ­նին ընտ­րո­ւե­ցաւ՝ դառ­նա­լով Ա­զա­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վա­րը, նախ­կին ղե­կա­վար ­Մայք ­Պեր­տի հրա­ժա­րա­կա­նէն ետք։
Կ­լե­տիս ­Պե­րե­ճիք­լեան նա­խա­պէս  գան­ձա­պետն էր Աւստ­րա­լիոյ ա­մե­նա­մեծ նա­հան­գը հան­դի­սա­ցող ­Նոր ­Հա­րա­ւա­յին ­Կա­լե­սի։
­Նա­հան­գը ու­նի 7.5 մի­լիոն բնակ­չու­թիւն։
46 ա­մեայ ­Պե­րե­ճիք­լեան թոռ­նիկն է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած հա­յոր­դի­նե­րու։ Ան այս պաշ­տօ­նին վրայ պի­տի մնայ մին­չեւ 2019ի ընտ­րու­թիւն­նե­րը։ Կ­լե­տիս յա­ճա­խած է շրջա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Շա­բա­թօ­րեան, գոր­ծօն տարր մըն է ­Սիտ­նիի հայ հա­մայն­քին մէջ եւ մե­ծա­պէս նպաս­տած է նա­հան­գին կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն ու Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թիւ­նը ճանչ­ցող բա­նա­ձե­ւե­րուն վա­ւե­րա­ցու­մը ա­պա­հո­վե­լու ջան­քե­րուն։ Ան նաեւ Ատր­պէյ­ճա­նի «սեւ ցանկ»ին վրայ կը գտնո­ւի, ո­րով­հե­տեւ ­Նոր ­Հա­րա­ւա­յին ­Կա­լես նա­հան­գէն քա­ղա­քա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մը հետ Ար­ցախ այ­ցե­լած էր։