«Ա­զատ Օր», իր 75ա­մեայ պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, միշտ նա­խան­ձախն­դիր ե­ղած է իր է­ջէ­րէն ներ­կա­յաց­նել եւ վեր­լու­ծել գա­ղու­թին հետ կա­պո­ւած կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ, ո­րոնց մա­սին կ­՚ար­ժէ մտա­ծել, խօ­սիլ, քննար­կել եւ հան­րու­թեան սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դարձ­նել։ ­Մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն հետ կեն­դա­նի հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն մը պա­հե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ, ներ­կայ եւ յա­ջոր­դա­կան եր­կու թի­ւե­րով պի­տի անդ­րա­դառ­նանք ե­րեք ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու, ո­րոնք յատ­կան­շա­կա­նօ­րէն կը հե­տաքրք­րեն հայ­րե­նա­կից­նե­րու ստո­ւար թիւ մը եւ ո­րոնց մա­սին զրոյ­ցը՝ կը հա­ւա­տանք, որ ա­ռա­ւել աշ­խու­ժու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու նա­խադ­րեա­լը կրնայ դառ­նալ։

* * *

Ա­ւե­լի քան 10 տա­րիէ ի վեր, գա­ղու­թը ծա­րա­ւը կը զգար ըն­բոշխ­նե­լու «­Հա­մազ­գա­յին»ի երգ­չա­խում­բի հա­մերգ մը։ ­Թէեւ, միու­թեան «Յ. ­Փա­փա­զեան» երգ­չա­խում­բը միշտ ներ­կայ է գա­ղու­թա­յին կա­րե­ւոր ձեռ­նարկ­նե­րուն, այ­սու­հան­դերձ, ե­լոյ­թի մը ընդ­հա­նուր յայ­տագի­րին մէջ սահ­մա­նա­փակ բա­ժի­նով հան­դէս գա­լու ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, ա­ռի­թը չէր ստեղ­ծած, որ­պէս­զի երգ­չա­խում­բը ծա­ւա­լէ իր եր­գա­սա­ցու­թեան լման կա­րո­ղա­կա­նու­թիւ­նը։
Ան­մահն ­Կո­մի­տաս վար­դա­պե­տի ծննդեան 150ա­մեա­կը, որ հա­մազ­գա­յին նշու­մի եւ հա­մա­հայ­կա­կան ո­գե­ւո­րու­թեան ա­ռիթ մըն էր բո­վան­դակ 2019ին, երգ­չա­խում­բի խմբա­վա­րի ու ան­դամ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ «­Հա­մազ­գա­յին»ի վար­չու­թեան հա­մա­տեղ ջան­քե­րով, իս­կա­կան տօն մը ե­ղաւ, փա­ռա­բա­նու­թիւն մը առ մեծն ­Կո­մի­տաս, ­Շա­բաթ՝ 25 ­Յու­նո­ւա­րի ե­րե­կո­յեան, ­Յու­նաց կա­թո­ղի­կէ մայր տա­ճա­ռի կա­մար­նե­րուն տակ։
Օ­րո­ւայ յայ­տա­գի­րին մա­սին եւ ա­նոր թո­ղած տպա­ւո­րու­թեան հա­մար յա­ւե­լեալ գրե­լիք չու­նինք այս սիւ­նա­կին մէջ։ Ար­դէն, «­Հա­մազ­գա­յին»ի թղթա­կի­ցի նկա­րագ­րա­կա­նը կրցաւ փո­խան­ցել հա­մեր­գի խորհր­դա­ւոր մթնո­լոր­տի զգա­ցում­նե­րը, ո­րոնք կո­մի­տա­սեան մե­ղե­դի­նե­րու հմայ­քը տա­րին մին­չեւ ունկն­դիր­նե­րու հո­գի­նե­րուն խոր ծալ­քե­րը։ Երգ­չա­խում­բը, իր սի­րո­ղա­կան կազ­մո­ւած­քով, ան­թե­րի էր։ Խմ­բա­վա­րը՝ մո­գա­կան։ Ե­րեք ե­րի­տա­սարդ­նե­րու զան­գակ­նե­րով ձայ­նակ­ցու­մը՝ խորհր­դա­ւոր, իսկ օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րու­հին՝ մեղ­մա­նուշ ձայ­նով մեր առ­ջեւ բա­ցաւ ­Կո­մի­տա­սի նրբա­հիւս նե­րաշ­խար­հը։
Այժմ, ե­լոյ­թը յի­շո­ղու­թեան դաշ­տը ան­ցաւ, ո­րուն տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն հո­գե­կան հրճո­ւան­քով լեց­նել ներ­կայ ե­ղող հան­դի­սա­տես­նե­րու յու­զա­կան աշ­խար­հը։
Երգ­չա­խում­բի թո­ղած տպա­ւո­րու­թիւ­նը պէտք է իր շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ու­նե­նայ։
Նախ եւ ա­ռաջ, «­Հա­մազ­գա­յին»ը պէտք է յա­ջոր­դա­բար ծրագ­րէ, որ­պէս­զի նոյն հա­մեր­գը ներ­կա­յա­ցո­ւի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ Թ­րա­կիոյ հայ հա­մայնք­նե­րէն ներս։ ­Հոն եւս, հայ եր­գի ծա­րա­ւը զգա­ցող հայ­րե­նա­կից­նե­րը, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ծնած ու հայ­րե­նի մշա­կու­թա­յին ա­ւան­դով սնած զան­գո­ւած­նե­րը ա­ռի­թը պէտք է ու­նե­նան վա­յե­լե­լու եւ ճա­շա­կե­լու մեր երգ­չա­խում­բի բարձր ո­րա­կը, զգա­լու ­Կո­մի­տա­սի լա­րե­րը։
­Բայց, ա­նոնք լոկ հա­մերգ­ներ պէտք չէ ըլ­լան միայն։
Ա­նոնք, պէտք է դառ­նան ազ­դան­շա­նը, որ­պէս­զի այ­լեւս հե­ռա­ւոր այդ շրջան­նե­րէն ներս վե­րա­կեն­դա­նա­նայ ան­ցեա­լի սէ­րը հայ եր­գին հան­դէպ, ստեղ­ծե­լով եւ վե­րա­կազ­մե­լով երգ­չա­խում­բեր, թե­կուզ սի­րո­ղա­կան, ո­րոնք հայ եր­գի նրբա­ճա­շակ հարս­տու­թիւ­նը պի­տի փո­խան­ցեն նոր սե­րուն­դին։
Իսկ հոս, Ա­թէն­քի մէջ, երգ­չա­խում­բը պէտք չէ կանգ առ­նէ։ ­Բո­լորս պար­տինք օգ­նել խմբա­վա­րին եւ ան­դամ­նե­րուն, խրա­խու­սել ա­նոնց, նոր ան­դամ­ներ հա­մո­զել, որ­պէս­զի հայ եր­գը, ա­կումբ­նե­րէն ներս, սրահ­նե­րուն մէջ, ըն­կե­րա­յին եւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ե­րե­կո­նե­րու ըն­թաց­քին, միշտ ու միշտ լսո­ւի եւ յա­գեց­նէ մշա­կու­թա­յին մեր ծա­րա­ւը։
«­Հա­մազ­գա­յին»ը, իր բո­լոր վար­չու­թիւն­նե­րով եւ կա­ռոյ­ցով, պար­տի ծռիլ հայ հա­սա­րա­կու­թեան վրայ՝ յու­նա­հայ գա­ղու­թի ամ­բողջ տա­րած­քին։
­Գա­ղու­թը ու­նի՛ մար­դուժ։ ­Կը բա­ւէ քա­կել ա­նոր կա­պե­րը, կը բա­ւէ զբա­ղիլ ե­րի­տա­սարդ­նե­րով։ Այս գոր­ծը սոսկ միու­թեան մը պար­տա­կա­նու­թիւ­նը չէ. ա­նի­կա բո­լոր ու­ժե­րու լա­րում եւ ծրագ­րում կը պա­հան­ջէ։
Ի խնդիր հայ մշա­կոյ­թի յա­րա­տեւ­ման, սե­րունդ­նե­րու հայ­րե­նա­կերտ սե­ւե­ռու­մին։

«Ա­զատ Օր»