­Պոլ­սոյ տիե­զե­րա­կան ­Պատ­րիարք ­Վար­թո­լո­մէո­սի պաշ­տօ­նա­կան ներ­կա­յու­թեան ա­ռի­թով ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցան շարք մը ե­լոյթ­ներ, ո­րոնց հրա­ւի­րո­ւե­ցան ներ­կայ ըլլ­լա­լու նաեւ շրջա­նի հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

­Նա­հան­գա­պե­տա­րա­նի նոր շէն­քի բա­ցում

­Կեդ­րո­նա­կան ­Մա­կե­դո­նիոյ նա­հան­գա­պե­տա­րա­նի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Ուր­բաթ՝ 18 ­Հոկ­տեմ­բեր 2019ի ա­ռա­ւօ­տուն, նա­հան­գա­պե­տա­րա­նի նոր շէն­քին դի­մաց տե­ղի ու­նե­ցաւ բաց­ման պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թիւն, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ ­Պոլ­սոյ ­Վար­թո­լո­մէոս տիե­զե­րա­կան ­Պատ­րիար­քին, ինչ­պէս նաեւ պաշ­տօ­նա­կան քա­ղա­քա­կան եւ կրօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րու։ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հայ­կա­կան հա­մայն­քին ա­նու­նով, հան­դի­սու­թեան ներ­կայ ե­ղան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեան ու ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ պրն. Ար­թին Աբ­րա­հա­մեան։

­Պատ­րիար­քա­կան հան­դի­սա­ւոր պա­տա­րագ

Հ­րա­ւէ­րով ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մետ­րո­պո­լի­տին եւ ΑΜΚΕ «Βυζαντινή Θεσσαλονίκη»ի խոր­հուր­դին, ­Շա­բաթ՝ 19 ­Հոկ­տեմ­բեր 2019ի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ մա­տու­ցո­ւած հան­դի­սա­ւոր պա­տա­րա­գին, շրջա­նի հա­յու­թեան ա­նու­նով, ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեան։
­Ներ­կայ ե­ղան յոյն ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռաջ­նորդ­ներ եւ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, ինչ­պէս նաեւ տար­բեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէ ժա­մա­նած հո­գե­ւո­րա­կան­ներ եւ պաշ­տօ­նա­կան քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ։
­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց եւ յա­ւուր պատ­շա­ճի իր պատ­գա­մը փո­խան­ցեց ­Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ տիե­զե­րա­կան ­Պատ­րիարք ­Վար­թո­լո­մէո­սը։

Ն­կար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սի բա­ցում

Ուր­բաթ, 18 ­Հոկ­տեմ­բեր 2019ի ե­րե­կո­յեան, «Τέχνη Φ.Α.Α.Θ.»ի սրա­հէն ներս, ձե­ռամբ տիե­զե­րա­կան ­Պատ­րիար­քին կա­տա­րո­ւե­ցաւ նկար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սի բա­ցում։
Կ­րօ­նա­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յաց­նող նկար­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին 5 տար­բեր նկա­րիչ­ներ՝ Ալ­պեր­թօ ­Մո­տիա­նօ, ­Պերճ Ա­րա­պեան, Է­մի­նէ Իւլ­քէ­րիի, Մկր­տիչ Ար­ծի­ւեան եւ ­Նի­քո­լաոս ­Մա­կի­նաս, ո­րոնք ա­րո­ւես­տի պրիս­մա­կէն դի­տե­լով, ի­րենց նկար­նե­րուն մէջ կա­րո­ղա­ցան յար­գան­քի ու փոխ-ըմբռն­ման հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը նե­րա­ռել։
Ըն­դա­ռա­ջե­լով ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Φιλόπτωχος Αδελφότητα Ανδρών»ի խոր­հուր­դի հրա­ւէ­րին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հա­յու­թեան ա­նու­նով ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մի շրջա­նի Ազգ. վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ տիկ. ­Վե­րա Պ­լէ­ճեան, «­Հա­մազ­գա­յին»ի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Տի­րու­հի ­Ղա­լի­լէա-­Գալ­ֆա­յեան ու ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» ­Ծաղ­կոց շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­հի տիկ. ­Զա­պէլ ­Գալ­ֆա­յեան։