­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան

­Քա­ռա­սուն օ­րեր ան­ցան ա­ռանց ­Յով­սէ­փի…
Դ­ժո­ւար ե­ղան այս քա­ռա­սուն օ­րե­րը: Ինչ­պէս ան­ձիս, նոյն­պէս իր մտեր­մու­թեան մէջ ե­ղած շա­տե­րուն հա­մար դժո­ւար պի­տի ըլ­լայ եր­կար ժա­մա­նակ, որ վար­ժո­ւին ա­ռանց ­Յով­սէ­փի ժո­ղո­վա­կան մի­ջա­վայ­րին թէ ըն­կե­րա­կան կամ կեն­ցա­ղա­յին հան­դի­պում­նե­րուն, ո­րոնք նոյն «հա­մը» պի­տի չու­նե­նան եր­բեք, ինչ­պէս որ կ­’ու­նե­նա­յին ա­նոնք, երբ ներ­կայ էր ինք:
Ա­մէն ան­գամ, որ ե­րէ­կի մտե­րիմ­նե­րը կամ գոր­ծա­կից­նե­րը քով-քո­վի գան, ան­պայ­ման պի­տի զրու­ցեն ա­նոր բա­ցա­կա­յու­թեան հետ եւ զինք պի­տի վե­րա­կեն­դա­նաց­նեն յու­շե­րու ճամ­բով:
­Զար­մա­նա­լի է ­Նա­խախ­նա­մու­թեան տնօ­րի­նու­մը: Հ­րաշք-կեան­քի պար­գե­ւին հետ եւ թե­րեւս այդ պար­գե­ւին շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան հա­մար իսկ ­Նա­խախ­նա­մու­թիւ­նը կեն­դա­նա­կան աշ­խար­հին վի­ճա­կած է նաեւ մահ-«պա­տիժ»ը, ո­րու ան­խու­սա­փե­լի ի­րա­կա­նու­թեան հետ չէ կրցած հաշ­տո­ւիլ մարդ ա­րա­րա­ծը, հա­կա­ռակ որ այդ տխուր ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ըն­կե­րա­ցած է ի­րեն շատ հի­նէն՝ ի սկզբա­նէ իր գո­յու­թեան: ­Չէ հաշ­տո­ւած եւ միշտ ցնցո­ւած է ան սի­րե­լի դէմ­քի մը կո­րուս­տին դի­մաց:
­Սի­րե­ցեալն ­Յով­սէ­փին հա­սած ա­նո­ղոք ու մա­հա­ցու հա­րո­ւա­ծէն ցնցո­ւե­ցաւ ամ­բողջ յու­նա­հայ գա­ղու­թը. նաեւ ցնցո­ւե­ցան բո­լոր ա­նոնք, հայ թէ յոյն, որ ճանչ­ցած էին զինք: ­Մա­հը ափ­սո­սա­ցին նոյ­նիսկ ա­նոնք, ո­րոնք թէեւ անձ­նա­պէս չէին տե­սած ու ճանչ­ցած զինք, բայց լսած էին ­Յով­սէ­փին ա­նու­նը եւ տե­ղեակ՝ ա­նոր ծա­ւա­լած խմբագ­րա­կան, յօ­դո­ւա­ծագ­րա­կան, գրա­կան, մշա­կու­թա­յին, միու­թե­նա­կան, կու­սակ­ցա­կան ու քա­ղա­քա­կան բազ­մա­ճիւղ գոր­ծու­նէու­թեան: ­Կա­րե­լի է պատ­կե­րաց­նել ու­րեմն, թէ որ­քան խո­րունկ ե­ղած պի­տի ըլ­լայ ցնցու­մը իր հա­րա­զատ­նե­րուն, տիկ­նո­ջը՝ ­Մայ­տա­յին, դուստ­րե­րուն ու քրո­ջը՝ Ար­մի­կին, ­Լո­ռիին, ­Ռե­բե­կա­յին, միւս­նե­րուն: ­Նաեւ ա­նոնց, ո­րոնք ապ­րած են իր մտեր­մու­թիւ­նը, գոր­ծած են միա­սին, ազ­գին հո­գե­րո­վը տագ­նա­պած են միա­սին, ջեր­միկ մթնո­լոր­տի մէջ զբօս­նած են միա­սին, գրե­թէ ա­մէն օր փնտռած են ի­րա­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը…:
Չս­պա­սո­ւած ու ահ­ռե­լի հա­րո­ւա­ծին ազ­դե­ցու­թեա­նը տակ՝ մեզ խեղ­դող յու­զու­մէն այս­քան օ­րեր ան­ցած ըլ­լա­լով, հի­մա կը կա­րո­ղա­նանք զսպել ինք­զինք­նիս եւ իբ­րեւ վկա­յու­թիւն եր­կու խօսք ը­սել սի­րե­ցեալն ­Յով­սէ­փի՝ ան­խո՛նջ գոր­ծի­չին եւ ան­յու­սա­հա՛տ պայ­քա­րո­ղի յի­շա­տա­կին:
Կրկ­նենք տար­րա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը, թէ՝ «մա­հէն ա­ռաջ կ­՚ապ­րէր ան…»:
­Մին­չեւ վեր­ջին օ­րը կ­՚ապ­րէր ան յու­նա­հայ օ­ճա­խին ու ազ­գին հո­գե­րով, կ­՚ապ­րէր հա­ւա­տար­մու­թեամ­բը իր գա­ղա­փա­րին, կ­՚ապ­րէր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու եւ ա­ւան­դու­թեանց կառ­չա­ծու­թեամբ, զո­հա­բե­րու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ, կ­՚ապ­րէր աշ­խա­տան­քի մէջ չտկա­րա­ցող ե­ռան­դով եւ իբ­րեւ ըն­տա­նի­քի տէր՝ հայ­րա­կան հո­գա­ծու­թեամբ:
— ­Հի­ւան­դա­տար ինք­նա­շար­ժին մէջ կը փոր­ձեմ հանգս­տաց­նել զինք, թէ կը հե­ռա­խօ­սեմ «­Հա­մազ­գա­յին»ի վար­չա­կան­նե­րուն, որ նոյն ի­րի­կուան հա­մար ո­րո­շո­ւած ժո­ղո­վա­կան հան­դի­պու­մը կը յե­տաձ­գո­ւի: ­Յով­սէփս վեր­ջին ճի­գով մը կ­’ար­գի­լէ ին­ծի այդ հե­ռա­խօ­սը։ ­Կը հա­ւա­տայ, թէ բժշկա­կան նախ­նա­կան քննու­թե­նէ ու մի­ջամ­տու­թե­նէ մը ետք պի­տի վե­րա­դառ­նայ ու հաս­նի ժո­ղո­վին: «Ը­նե­լիք գոր­ծեր կան, որ ան­պայ­ման պէտք է կա­տա­րո­ւին…»: Իր տի­կինն է՝ ­Մայ­տան, որ կը յայտ­նէ, թէ հի­ւան­դա­տա­րին մէջ վերջ­նա­կան ու­շա­թա­փու­մէ-զգա­յա­զուրկ ըլ­լա­լէ ա­ռաջ ա­մուս­նուն վեր­ջին խօս­քը ե­ղած է ա­նի­կա. «ը­նե­լիք գոր­ծեր կան…»: ­Յով­սէ՛­փը… միշտ ը­նե­լիք գոր­ծեր ու­նե­ցող:
Ի՞նչ ը­նենք, այս­պէս է տնօ­րի­նու­մը: ­Կեանք կո­չո­ւած հրաշ­քէն ետք դա­ժան մահն է, որ ա­մէն ինչ կ­՚ա­նէաց­նէ եւ մե­զի կը թո­ղու ան­դարձ մեկ­նո­ղի գործն ու բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րը միայն:
­Յով­սէ՜­փը եւ իր բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րը: Այն­քա՜ն շատ են ա­նոնք:
­Նա­խակր­թա­րա­նի ու ­Ճե­մա­րա­նի հա­յակր­թու­թեամբ դրոշ­մո­ւած՝ «ա­նուղ­ղե­լի» ու գլխա­գիր ՀԱՅՆ էր ­Յով­սէ­փը, ջեր­մե­ռա՛նդ, ա­ւան­դա­պա՛հ, աշ­խա­տու­նա՛կ: Իբ­րեւ կու­սակ­ցա­կան՝ գա­ղա­փա­րի զի­նո­ւոր մը՝ հաս­տա­տուն ու ան­զի­ջող: Ե­րի­տա­սարդ հա­սա­կին, իբ­րեւ տո­ղա­շա­րի պաշ­տօ­նեայ մէկ ան­դա­մը դար­ձաւ «Ա­զատ Օր»ի ըն­տա­նի­քին եւ ան­կէ դուրս ե­կաւ խմբագ­րա­պե­տի հան­գա­ման­քով այն տա­րի­քին, երբ մար­դիկ հանգս­տեան կը կո­չո­ւին: «­Դուրս ե­կաւ»ը եւ «հանգս­տեան կը կո­չո­ւին»ը պար­զա­պէս ը­սե­լու ձե­ւեր են, որ եր­բե՛ք չպատ­շա­ճե­ցան ­Յով­սէ­փին: Ան եր­բեք «դուրս չե­կաւ» «Ա­զատ Օր»էն եւ ինք­զինք հանգս­տեան չկո­չեց: ­Միշտ ապ­րե­ցաւ «Ա­զատ Օր»ով այն­պէս, ինչ­պէս ապ­րած էր ա­ւե­լի քան քա­ռա­սուն տա­րի:
­Կը մտա­բե­րեմ «Ա­զատ Օր»ի հին, 1965-75ա­կան թո­ւա­կան­նե­րը: Եր­կու-ե­րեք սե­նեա­կի տա­րած­քով փոքր ու մութ ստո­րերկ­րեայ վայր մը, ուր հաս­նե­լու հա­մար քա­նի մը աս­տի­ճան պէտք էր իջ­նել: ­Հոն զե­տե­ղո­ւած էին թէ՛ տպագ­րա­կան մե­քե­նան, թէ՛ գրա­շար­նե­րու հա­մար մեծ սե­ղա­նը ի­րեն յա­տուկ կազ­մած­նե­րով եւ թէ՛ խմբագրի գրա­սե­ղա­նը: Այդ վայ­րին մէջն էր, որ լոյս կը տես­նէր օ­րա­թեր­թը: Անձ­րե­ւոտ օ­րե­րուն յա­ճախ ա­նի­կա ջու­րով կ­’ո­ղո­ղո­ւէր եւ անձ­նա­կազ­մը կը լծո­ւէր վայ­րը ջրա­զեր­ծե­լու աշ­խա­տան­քին: ­Գոր­ծի սկսե­լու տհաճ մի­ջա­վայր մը՝ յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սար­դի մը հա­մար …: Այդ անհ­րա­պոյր մի­ջա­վայ­րին մէջն էր, որ ե­ղե­րա­բախտ մեր ըն­կե­րը ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին ան­քակ­տե­լի կա­պով կա­պո­ւե­ցաւ «Ա­զատ Օր»ին, ինչ­պէս որ իր­մէ ա­ռաջ կա­պո­ւած էին ա­նոր ­Վազ­գէնն ու Ա­հա­րոն Ս­տե­փա­նեա­նը…:
­Հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն, աշ­խա­տան­քի յա­րա­բե­րա­բար բա­րե­լաւ վի­ճակ մը ու­նե­ցաւ «Ա­զատ Օր»ը: ­Հոս եւս «բա­րե­լաւ»ը ը­սե­լու ձեւ մըն է: ­Հա­զիւ մէկ ձեռ­քի մատ­նե­րու վրայ հա­շուո­ւող սա­կա­ւա­թիւ անձ­նա­կազ­մով եւ սե­փա­կան տպա­րա­նէ զուրկ դժո­ւար պայ­ման­նե­րու մէջ, օ­րը օ­րին տե­ղա­կան, մի­ջազ­գա­յին ու հայ­կա­կան լրա­տո­ւու­թեամբ եր­կա՜ր տա­րի­ներ ան­խա­փան հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ «Ա­զատ Օր»ը: Ա­մէն օր, ա­ռա­ւօ­տեան ճշդո­ւած ժա­մե­րուն պէտք էր թեր­թը է­ջադ­րո­ւէր, կազ­մո­ւած ըլ­լար եւ տա­րո­ւէր օ­տա­րի տպա­րան, որ չէր կրնար նոյ­նիսկ կարճ պա­հով մը «Ա­զատ Օր»ին սպա­սել՝ իր միւս պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ան­տե­սե­լով…: Օ­րա­թեր­թի հեւ­քոտ ու մա­շեց­նող աշ­խա­տան­քը բա­ւա­րար չե­ղաւ ­Յով­սէ­փին գոր­ծե­լու ե­ռան­դը յա­գեց­նե­լու հա­մար, ո­րով եւ ան ձեռ­նար­կեց ա­ռան­ձին հա­տոր­նե­րով «բա­ցա­ռիկ թիւ»ե­րու հրա­տա­րա­կու­թանց: Ա­մէն տա­րե­վեր­ջի կը տքնէր յա­ջորդ տա­րո­ւան գե­ղա­տիպ օ­րա­ցոյ­ցե­րու պատ­րաս­տու­թեան ու հրա­պա­րակ­ման հա­մար, ինչ­պէս նաեւ իր վրայ վեր­ցու­ցած էր ­Հայ ­Դա­տի թէ միու­թիւն­նե­րու թռու­ցիկ-պռո­շիւռ­նե­րը, հրա­ւէր-յայ­տա­գիր­նե­րը պատ­րաս­տե­լու-տպե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը: ­Պա­տա­հած են օ­րեր, որ ցրո­ւի­չի բա­ցա­կա­յու­թեան ինք ան­ձա՛մբ շրջած է տու­նէ տուն եւ կա­տա­րած ցրւու­մը, որ­պէս­զի «Ա­զատ Օր»ի բա­րե­ւը չպակ­սի հայ­կա­կան ըն­տա­նիք­նե­րէ: ­Հան­գու­ցեալ մեր ըն­կե­րոջ հա­մար կա­րե­ւոր չէր գոր­ծին բնոյ­թը, միա՛յն գործ ըլ­լար, կա­րե­ւո­րը գո՛րծն էր, հան­րօ­գո՛ւտ գոր­ծը:
Հ­րա­պա­րա­կա­յին հան­դէս տօ­նա­կա­տա­րու­թի՞ւն է: ­Յա­ջորդ օրն իսկ ա­նոր ար­ձա­գան­գը կը տես­նո­ւէր «Ա­զատ Օր»ի մէջ լու­սան­կար­նե­րով միա­սին: Ուշ ե­րե­կո­յեան վեր­ջա­ցող մի­ջո­ցառ­ման թղթակ­ցու­թիւ­նը ե՞րբ կը գրո­ւէր, մա­նա­ւանդ ինչ­պէ՞ս ձեռք կը ձգէր լու­սան­կար­նե­րը այն տա­րի­նե­րուն, երբ թո­ւայ­նաց­ման թեք­նո­լո­ժի չկար, դժո­ւար չէր կռա­հել, թէ ի՛նքն է, ­Յով­սէ­փը, որ միա­սին աշ­խա­տա­նոց եր­թա­լու «պար­տադ­րան­քին» տակ դրած է լու­սան­կա­րի­չը, որ­պէս­զի լո­ւան­կար­նե­րը տպո­ւին ու յա­ջորդ օ­րո­ւան «Ա­զատ Օր»ին հաս­նին:
Ը­սո­ւած ու գրո­ւած է ար­դէն, որ խմբագ­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու զու­գա­հեռ եր­կար տա­րի­ներ մաս կազ­մած է ան ­Հայ ­Դա­տի յա­ջոր­դա­կան յանձ­նա­խում­բե­րու եւ կեդր. կո­մի­տէ­նե­րու: Ե­ռեակ հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով իր գոր­ծա­կից­նե­րուն հետ յա­ճախ շփում­ներ ու­նե­ցած է լրագ­րա­կան, ա­կա­դե­մա­կան եւ պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու հետ: Ն­շե­լի ու բա­րա­ցու­ցա­կան է, որ խմբագ­րի ու հան­րա­յին գոր­ծի­չի ա­ւե­լի քան քա­ռա­սուն տա­րի­նե­րու իր ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քին չէ պա­տա­հած, որ եր­բե­ւէ «Ա­զատ Օր»ի մէջ ինք­զինք ցու­ցադ­րած կամ առ­ջե­ւի ա­թոռ­նե­րու վրայ գտնո­ւած ըլ­լայ: ­Սի­րե­ցեա­լը միշտ կը փոր­ձէր չե­րե­ւիլ, լու­սար­ձակ­նե­րէ հե­ռու՝ վա­րա­գոյ­րի ե­տեւ մնալ, թէեւ չգիտ­ցող չկար, թէ ան որ­քան ներդ­րում ու­նե­ցած է կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ:
Չ­կար գա­ղու­թա­յին մեծ թէ փոքր ո­րե­ւէ խնդիր, որ իր տե­սա­դաշ­տէն ու դա­տու­մէն դուրս մնար: ­Նաեւ հա­մա­հայ­կա­կան հար­ցեր կը տագ­նա­պեց­նէին զինք: Լ­րագ­րա­կան աս­պա­րէ­զի մէջ թրծո­ւած իր հո­տա­ռու­թեամբ կը կռա­հէր հա­ւա­նա­կան «խմո­րում­ներ», ըլ­լա­լիք­ներ եւ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու կը յան­գէր ու քիչ ան­գամ կը պա­տա­հէր, որ սխա­լէր:
Ե­ղե­րա­բախտ մեր ըն­կե­րը իր նե­րաշ­խար­հին մէջ ստեղ­ծած էր հա­յու, դաշ­նակ­ցա­կա­նի ու միու­թե­նա­կան ան­դա­մի իւ­րա­յա­տուկ տի­պար մը եւ բարձ­րա­ձայն կը պա­հան­ջէր, որ հան­րա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան կո­չո­ւած ա­մէն ան­հատ նմա­նի ու գոր­ծէ ըստ իր ստեղ­ծած այդ մտա­տի­պա­րին, ինչ որ շա­տե­րու կող­մէ ա­տի­կա կը նկա­տո­ւէր չա­փա­զան­ցո­ւած ակն­կա­լու­թիւն:
Գ­րե­թէ օ­րընդ­մէջ կը կա­պո­ւէինք ի­րա­րու եւ շա­բա­թը գէթ եր­կու ան­գամ կը ժա­մադ­րո­ւէինք սուր­ճի եւ բնա­կան է՝ զրոյ­ցի: Ձ­մեռ-ան­ձե­ւոտ առ­տու մը կը հե­ռա­խօ­սեմ եւ «­Յով­սէ՛փ, պի­տի սրճե՞նք»: «­Կը նե­րես, այ­սօր չեմ կրնար, ար­դէն ճամ­բայ ե­լած եմ դէ­պի Ա­նա­վի­սօ, գոր­ծեր կան ըլ­լա­լիք…»: Ա­թէն­քէն բա­ւա­կան հե­ռու ծո­վա­փեայ գիւ­ղա­քա­ղաք մըն է Ա­նա­վի­սոն, ուր եր­բեմն «հան­գիս­տի» կ­՚եր­թար ան հանգս­տեան կո­չո­ւե­լէ ետք: ­Հան­գիս­տի՞, այն ալ ի՜նչ հան­գիստ: ­Տե­ղի բնա­կիչ­նե­րը հաս­տա­տե­լով հան­գու­ցեալ մեր ըն­կե­րոջ գոր­ծուն խառ­նո­ւած­քը ու աշ­խա­տե­լու ե­ռան­դը՝ ի­րեն վստա­հած էին քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի Մ­շա­կու­թա­յին յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հու­թիւ­նը, որ ընտ­րո­վի պաշ­տօն է եւ որ մին­չեւ իր մա­հը վա­րեց ան ձեռնհա­սու­թեամբ, ար­դիւ­նա­ւո­րու­թեամբ, «­Հա­մազ­գա­յին»ի ա­տե­նա­պե­տու­թեան պաշ­տօ­նին զու­գա­հեռ:
­Սի­րե­ցեալն ­Յով­սէ­փի ա­տե­նա­պե­տու­թեամբ մշա­կու­թա­յին նո­րո­վի աշ­խու­ժա­ցում ու­նե­ցաւ գա­ղու­թը եւ «­Հա­մազ­գա­յին»ը նոր ոս­տում­ներ ար­ձա­նագ­րեց:
­Միու­թեան ար­խիւ­նե­րը պի­տի վկա­յեն, թէ իր ա­տե­նա­պե­տու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին որ­քան ծա­ւա­լուն ե­ղաւ մինչ այդ գրե­թէ կազ­մա­լոյծ վի­ճա­կի մատ­նո­ւած «­Հա­մազ­գա­յին» միու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ որ­քան լայն շրջա­գիծ մը բա­ցո­ւե­ցաւ մշա­կու­թա­յին նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու հա­մար…: ­Նո­րա­նոր ծրա­գիր­ներ կ­՚ո­րո­ճար: ­Սահ­մա­նա­մերձ քա­ղաք­նե­րու՝ Ա­լեք­սանտ­րու­բո­լիի, ­Սե­րէ­սի ու ­Ռո­տոս կղզիի նա­խըն­թաց­նե­րու նման, կը յու­սար ­Հա­յաս­տա­նէն տար­բեր-տար­բեր քա­ղաք­նե­րու կամ կղզի­նե­րու մէջ հաս­տա­տո­ւած հայ­րե­նա­կից­նե­րով նոր մաս­նա­ճիւ­ղեր եւս կազ­մել եւ գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ւել ըն­դար­ձակ դաշտ բա­նալ «­Հա­մազ­գա­յին»ին առ­ջեւ, ո­րուն նո­ւի­րո­ւած էր վեր­ջին տա­րի­նե­րուն հոգ­ւով ու մտքով: ­Բայց…
­Բայց գրո­ւած է ե­ղեր, որ յա­ւէտ սի­րե­ցեալ մեր ըն­կե­րը այս­պէս, յե­ղա­կար­ծօ­րէն ու­ղե­ղա­յին ա­նո­ղոք ա­րիւ­նա­հո­սու­թիւն մը ու­նե­նայ լո­գան­քի պա­հուն եւ զգետ­նո­ւի վերջ­նա­կա­նա­պէ՛ս, ան­վե­րա­կանգ­նե­լի՛:
­Հուսկ, պէտք է ար­ձա­նագ­րել նոյն­պէս, որ իր ծա­ռա­յու­թեան ցու­ցա­կին մաս կը կազ­մէ նաեւ ­Նէա Զ­միռ­նի քա­ղա­քի հրա­պա­րակ­նե­րէն մէ­կուն մէջ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած զան­գակ-յու­շար­ձա­նի զե­տե­ղու­մը: ­Յու­շար­ձան զե­տե­ղե­լու գա­ղա­փա­րին եւ այդ տա­րի­նե­րու հա­յա­սէր քա­ղա­քա­պե­տին՝ ­Պեհ­լի­վա­նի­տիի հա­մամ­տու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու նախ­նա­կան աշ­խա­տան­քին գլխա­ւոր դե­րա­կա­տա­րը, շրջա­նի կո­մի­տէի ան­դա­մի համ­գա­ման­քով, ե­րի­տա­սարդ ­Յով­սէփն էր, որ­մէ վերջ այդ ծրա­գի­րը ստանձ­նեց ու ի­րա­գոր­ծեց հայ դա­տի յան­ձա­խում­բը:
­Սի­րե­ցեալդ իմ ­Յով­սէփ,
­Մար­դիկ բան մը գի­տեն ե­րե­ւի, որ կը հա­ւա­տան հե­ռազ­գաց խօ­սակ­ցու­թեան: ­Գի­տեմ, որ այդ­պի­սի հա­ւա­տա­լիք­նե­րը այն­քան ալ չէին յու­զեր քեզ: ­Բայց թոյլ տուր, որ ան­գա­մի մը հա­մար ես ալ փոր­ձեմ ա­տի­կա՝ քե­զի յայտ­նե­լու, թէ շատ դառն էր ու ան­համ եւ ըստ ա­մե­նայ­նի մեր­ժե­լի՛ վեր­ջին ա­նակնկալդ, ո­րուն առ­ջեւ ան­զօ­րու­թեան մատ­նո­ւե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի հա­յօ­ճա­խը, մա­նա­ւանդ գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­ներդ, մտե­րիմ­ներդ ո­րոնք այ­սօր կ­՚ափ­սո­սան քու ան­ժա­մա­նակ կո­րուս­տիդ հա­մար: Կ­՚ափ­սո­սան նաեւ ի­րենց հաշ­ւոյն, որ զրկո­ւած պի­տի մնան քու ներ­կա­յու­թե­նէդ, ու­ժա­կա­նու­թե­նէդ, քննա­դա­տե­լու ե­ռան­դէդ, մտեր­մա­կան շրջա­նա­կի մէջ դի­պուկ ու պատ­րաս­տի զո­ւար­թա­բա­նու­թիւն­նե­րէդ:
Ըն­կե՛րս, բա­րե­կա՛մս,
­Դիւ­րին չե­ղաւ այս գրու­թիւ­նը: ­Քու կեր­պարդ ու­րո­ւագ­ծե­լու այս փոր­ձիս մէջ ու ըն­թաց­քին՝ ա­մէն մէկ բառ կա­պա­րի ծան­րու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ հո­գիիս վրայ, ա­ռան­ձին զգա­լու ճնշո­ւա­ծու­թիւն մը ապ­րե­ցայ:
­Գա­ղու­թը եւ մենք՝ ա­ռանց ­Յով­սէ­փի՞…:
Գ­րիչս կը դժո­ւա­րա­նայ նոյ­նիսկ աս­տու­ծաշն­չա­կան խօսք մը ար­ձա­նագ­րե­լու, թէ «կեան­քի պա­տե­րազ­մը պա­տի­ւով պա­տե­րազ­մե­ցար, արդ քե­զի կը մնայ յա­ւի­տե­նա­կան հան­գիս­տը…»:
­Հո­ղը թե­թեւ, հան­գիս­տը չսի­րող ա­նուշ ըն­կեր: