­Հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան վեր­ջին բա­խում­նե­րէն ետք, ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու հայ հա­մայն­քը կը փոր­ձէ իր տե­սա­կէ­տը լսե­լի դարձ­նել Ա.Մ.Ն.ի պաշ­տօ­նեա­նե­րուն,- կը հա­ղոր­դէ «Ա­մե­րի­կա­յի ձայն»ը:
Ա.Մ.Ն. հայ հա­մայն­քը առ­ցանց ար­շա­ւի սկսած է` փոր­ձե­լով Ա.Մ.Ն. պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն հասց­նել սե­փա­կան տե­սա­կէ­տը հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան վեր­ջին ող­բեր­գա­կան բա­խում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ:
Ո­ւա­շինկ­թը­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րամ ­Համ­բա­րեան ուղ­ղա­կի դի­մած է սփիւռ­քին` յի­շեց­նե­լով, որ ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մի յար­ձա­կու­մը տե­ղի ու­նե­ցած է քրիս­տո­նեա­նե­րուն հա­մար կա­րե­ւոր Ա­մա­նո­րի եւ ­Սուրբ Ծ­նուն­դի տօ­նե­րուն:
­Համ­բա­րեան կոչ ուղ­ղած է ա­մե­րի­կա­հա­յե­րուն՝ միա­նա­լու առ­ցանց պայ­քա­րին.- «­Մենք որ­պէս սփիւռք կը կա­տա­րենք մեր գոր­ծը, մենք կը կա­պո­ւինք մեր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ, որ­պէս­զի ա­նոնք քննա­դա­տեն եւ հե­տաքն­նեն Ատր­պէյ­ճա­նի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը»:
Ա.Մ.Ն. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը կոչ ը­րած է Ա.Մ.Ն.ի մէջ բնա­կող հա­յե­րուն ան­յա­պաղ կապ հաս­տա­տե­լու Ա.Մ.Ն. գոր­ծա­դիր եւ օ­րէնս­դիր իշ­խա­նու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ՝ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու մի­ջո­ցով. «­Դուք կրնաք հա­ղոր­դագ­րու­թիւն ու­ղար­կել ­Քոնկ­րէ­սի ան­դամ­նե­րուն, Ս­պի­տակ ­Տուն եւ Ե.Ա.Հ.Կ. ­Մինս­քի Խմ­բա­կի ղե­կա­վա­րու­թեան` ա­նոնց հասց­նե­լով ձեր դիր­քո­րո­շու­մը: Twitterով կրնաք նաեւ կա­պո­ւիլ նո­րըն­տիր նա­խա­գահ Թ­րամ­փի հետ:
Ա.Մ.Ն. հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն խօս­քով՝ ի­րենք կը փոր­ձեն ը­նել այն­պէս, որ ատրպէյ­ճա­նա­կան կող­մին վրայ, մի­ջազ­գա­յին վար­կա­նի­շի տե­սան­կիւ­նէն, թանկ նստի հայ­կա­կան կող­մին դէմ յար­ձա­կու­մը: