­Կի­րա­կի՝ 31 ­Մարտ 2019ի ա­ռա­ւօ­տեան, Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գէն ան­մի­ջա­պէս ետք, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ «­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան, ե­կե­ղեց­ւոյ կից գտնո­ւող «­Հա­յաս­տան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ Եոր­ղոս Թ­րո­խո­բու­լո­սի «­Վան­տա» գիր­քին ներ­կա­յա­ցու­մը, ներ­կա­յու­թեամբ՝ շրջա­նի ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու, հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու, միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ հոծ բազ­մու­թեան։ Ու­րա­խա­լի ե­րե­ւոյթ էր տես­նել ներկաներու մէջ ­Փօլ ­Չոր­պա­ճեա­նի տի­կինն ու զա­ւակ­նե­րը։ ­Ներ­կայ էր նաեւ շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեան։
­Յայտ­նենք, որ «­Վան­տա» գիր­քը կը վե­րա­բե­րի լի­բա­նա­նա­հայ ­Փօլ ­Չոր­պա­ճեա­նի կեան­քի ո­դի­սա­կա­նին։ ­Պէտք է ը­սել նաեւ, որ ­Փօլ ­Չոր­պա­ճեան ե­ղած էր նաեւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Հ.Յ.Դ. «Ս. ­Թեհ­լի­րեան» Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ա­տե­նա­պետ։
­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ «­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ Կր­թա­կան եւ Մ­շա­կու­թա­յին ­Միու­թեան «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. ­Տի­րու­հի ­Ղա­լի­լէա-­Գալ­ֆա­յեա­նը, որ յու­զում­նա­խառն խօս­քե­րով ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ օ­րո­ւան ներ­կա­յաց­ման կա­պակ­ցու­թեամբ եւ իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց բո­լո­րի ներ­կա­յու­թեան հա­մար։
Ա­պա՝ յա­ջոր­դա­բար գիր­քի բո­վան­դա­կու­թեան եւ գլխա­ւոր հե­րո­սի՝ ­Փօլ ­Չոր­պա­ճեա­նի կեան­քի ո­դի­սա­կա­նին մա­սին խօսք ա­ռին հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն լե­զու­նե­րով Ա­նուշ ­Բա­բո­յեան, ­Փօ­լի դուստ­րը՝ ­Քա­թե­րի­նա ­Չոր­պա­ճեան, հե­ղի­նակ՝ Եոր­ղոս Թ­րօ­խո­բու­լոս եւ ­Մար­գա­րի­տա Մ­նա­ցա­կա­նեան։
­Տե­ղի ու­նե­ցաւ փոքր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ձեռ­նարկ, ուր ­Մա­րիա Ս­փի­րի­տօ­նի­տու իր գեղ­գե­ղուն ձայ­նով ներ­կա­նե­րուն հո­գի­նե­րը զո­ւար­ճա­ցուց, միան­գա­մայն յու­զում­նա­լից մթնո­լորտ ստեղ­ծեց։
Ա­ւար­տին, տե­ղի ու­նե­ցաւ հարց-պա­տաս­խան, ուր տրո­ւե­ցան լու­սա­բա­նիչ պա­տաս­խան­ներ։ Իր սրտի խօս­քը ու­նե­ցաւ նաեւ ­Փօ­լի տի­կի­նը՝ ­Վի­քի Օր­թան­ճօղ­լու ­Չոր­պա­ճեան իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը յայտ­նե­լով օ­րո­ւան ձեռ­նար­կի կազ­մա­կերպ­ման եւ յա­ջո­ղու­թեան հա­մար։
Ն­շենք, որ նոյն օ­րը տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ «­Վան­տա» գիր­քին վա­ճառ­քը։
­Ելոյթի աւարտին յաչորդեց պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն։