Նիկողայոս Ադոնց (Տէր-Աւետիքեան, 1871-1942)

Նիկողայոս Ադոնց (Տէր-Աւետիքեան, 1871-1942). ­Հայ Մտ­քի եւ հա­յոց պատ­մա­բա­նա­սի­րու­թեան հայ­րե­նա­շունչ բան­բե­րը Ն.

0
2035

­Յու­նո­ւա­րի 10ին, 148 տա­րի ա­ռաջ, հայ­րե­նի ­Սիւ­նեաց աշ­խար­հի Բռ­նա­կոթ գիւ­ղը հայ ժո­ղո­վուր­դին պար­գե­ւեց ­Հայ Մտ­քի եւ հա­յոց պատ­մա­բա­նա­սի­րու­թեան հայ­րե­նա­շունչ բան­բեր մը, որ աշ­խար­հով մէկ հռչա­կո­ւե­ցաւ եւ հա­յու հռչա­կը ա­մէ­նուր տա­րա­ծեց՝ մե­ծար­ժէք գի­տու­նի իր ­Նի­կո­ղա­յոս Ա­դոնց ա­նու­նով ու կտա­կած պատ­մա­բա­նա­սի­րա­կան ան­մահ ժա­ռան­գու­թեամբ։
­Գէորգ ­Տէր-Ա­ւե­տի­քեա­նի յար­կին տակ ծնած ­Նի­կո­ղա­յո­սը սե­րած էր դիւ­ցազ­նա­կան ­Դա­ւիթ ­Բէ­կի ա­ջա­կից եւ հե­րո­սա­տիպ ­Տէր-Ա­ւե­տի­քի տոհ­մէն։ Ազ­գա­յին ինք­նա­հա­ւա­տար­մու­թեան այդ զու­լալ ա­կուն­քէն ըմ­պեց սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին ու ա­նոր հո­գեմտա­ւոր պատ­մու­թեան ու ժա­ռան­գու­թեան հետ լիար­ժէք հա­ղոր­դու­թեան կե­նա­րար ջու­րը։
Եւ Ի­մաս­տու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու ան­յագ ծա­րաւ մը, մա­նուկ ու պա­տա­նի տա­րի­քէն, վա­րա­կեց ի­մա­ցա­կան ան­սահ­ման շնորհ­նե­րով օժ­տո­ւած ­Տէր-Ա­ւե­տի­քեան ­Նի­կո­ղա­յո­սին։
Եւ այդ ծա­րա­ւը յա­գեց­նե­լու ան­խոնջ ջա­նադ­րու­թիւ­նը ու­սում­նա­տեն­չու­թեան վա­րար կիր­քի վե­րա­ծո­ւե­ցաւ Ա­դոնց գրչա­նու­նը ընտ­րած ­Մեծ ­Հա­յուն մէջ, որ իր կեան­քին մե­ծա­գոյն մա­սը թէեւ ան­ցուց հայ­րե­նի ոս­տա­նէն հե­ռու՝ ­Ռու­սաս­տան եւ Եւ­րո­պա, բայց իր ապ­րած ժա­մա­նա­կը ան­պայ­ման շնչա­ւո­րեց հայ­րե­նիի ու մայ­րե­նիի ճա­նա­չո­ղու­թեան խո­րա­գոյն պաշ­տա­մուն­քով։
Իր նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ յա­ջոր­դա­բար ծննդա­վայ­րի՝ ­Տա­թե­ւի ծխա­կան դպրո­ցին, Էջ­միած­նի «­Գէոր­գեան» հո­գե­ւոր ­Ճե­մա­րա­նի եւ ­Թիֆ­լի­սի ռու­սա­կան ­Գիմ­նա­զիա­յի մէջ։ ­Փայ­լուն ու­սա­նող՝ 1885ին ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի հա­մալ­սա­րա­նը ու ա­նոր ա­րե­ւե­լեան լե­զու­նե­րու եւ պատ­մա­բա­նա­սի­րա­կան բա­ժան­մունք­նե­րը պա­տո­ւոյ յի­շա­տա­կու­թեամբ ու ոս­կեայ պար­գե­ւան­շա­նով ա­ւար­տեց 1889ին։ ­Դա­սա­խօս ու­նե­ցաւ մեծ հա­յա­գէտ Ն. ­Մա­ռը։ Ու­սում­նա­սի­րեց եւ տի­րա­պե­տեց, հա­յե­րէ­նի եւ ռու­սե­րէ­նի կող­քին, լա­տի­նե­րէ­նի եւ հին յու­նա­րէ­նի, ֆրան­սե­րէ­նի եւ գեր­մա­նե­րէ­նի, անգ­լե­րէ­նի եւ վրա­ցե­րէ­նի։
1889էն 1891, մաս­նա­գի­տա­կան իր պատ­րաս­տու­թիւ­նը խո­րաց­նե­լու նպա­տա­կով՝ Ա­դոնց գի­տա­կան աշ­խա­տան­քով ան­ցաւ Եւ­րո­պա՝ ­Միւ­նիխ, ­Փա­րիզ, ­Լոն­տոն եւ ­Վե­նե­տիկ։ ­Պատ­մա­գի­տա­կան, բա­նա­սի­րա­կան եւ լե­զո­ւա­գի­տա­կան իր ընդ­հա­նուր պատ­րաս­տու­թեան կող­քին, Ա­դոնց խո­րա­ցաւ բիւ­զան­դա­գի­տու­թեան մէջ։ 1893ին վե­րա­դար­ձաւ ­Կով­կաս եւ ո­րոշ ժա­մա­նակ ­Թիֆ­լի­սի մէջ վրա­ցա­կան սկզբնաղ­բիւր­նե­րու վրայ աշ­խա­տե­լէ ետք, հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Էջ­միա­ծին եւ փա­րե­ցաւ ­Մա­տե­նա­դա­րա­նի ձե­ռա­գիր­նե­րու աշ­խար­հին։
­Տա­րի­նե­րու իր այդ աշ­խա­տան­քին եւ հե­տա­զօ­տու­թեանց ար­գա­սի­քը ե­ղաւ 1898ին ա­ւար­տած «­Հա­յաս­տա­նը ­Յուս­տի­նիա­նո­սի դա­րաշր­ջա­նում» կո­թո­ղա­կան գոր­ծը (ռու­սե­րէն), որ հան­դի­սա­ցաւ վաղ-միջ­նա­դա­րու ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան նո­ւի­րո­ւած պատ­մա­գի­տա­կան գլուխ-գոր­ծոց երկ մը։ ­Գի­տա­կան այդ մե­ծար­ժէք աշ­խա­տա­սի­րու­թեան վրայ, 1908ին, Ա­դոնց պաշտ­պա­նեց Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի հա­մալ­սա­րա­նի իր մա­գիստ­րո­սա­կան ա­ւար­տա­ճա­ռը եւ ար­ժա­նա­ցաւ «պրի­վատ-դո­ցենտ» տիտ­ղո­սին ու միա­ցաւ հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօ­սա­կան կազ­մին։ 1915ին ա­ւար­տեց «­Դիո­նի­սիոս Թ­րա­կա­ցին եւ հայ մեկ­նիչ­նե­րը» աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը, ո­րուն հի­ման վրայ 1916ին պաշտ­պա­նեց իր բարձ­րա­գոյն ուս­ման ա­ւար­տա­ճա­ռը եւ Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի հա­մալ­սա­րա­նէն ար­ժա­նա­ցաւ բա­նա­սի­րու­թեան տոք­թո­րի աս­տի­ճա­նին եւ փրո­ֆե­սո­րի կոչ­ման։ ­Նոյն տա­րին իսկ Ա­դոնց ձեռ­նար­կեց հե­տա­զօ­տա­կան շրջապ­տոյ­տի ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին։ Ե­ղաւ Էջ­միա­ծին, ­Մուշ եւ ­Կա­րին։ ­Մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ ­Վա­նի հնա­գի­տա­կան պե­ղում­նե­րու ար­շա­ւա­խում­բին։
1917ին ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Մոս­կո­ւա­յի «­Լա­զա­րեան» ­Ճե­մա­րա­նի հո­գա­բար­ձու-պրո­ֆե­սոր եւ այդ պաշ­տօ­նին վրայ մնաց մին­չեւ 1920, երբ խորհր­դա­յին կար­գե­րու կաշ­կան­դում­նե­րուն հե­տե­ւան­քով վերջ­նա­կա­նա­պէս ան­ցաւ Եւ­րո­պա, ուր ­Լոն­տո­նի եւ ­Փա­րի­զի մէջ տաս­նա­մեակ մը դա­սա­խօ­սա­կան պաշ­տօն­ներ ստանձ­նե­լէ եւ գի­տա­կան իր աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կե­լէ ետք, 1930ին հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ Պ­րիւք­սէ­լի հա­մալ­սա­րա­նը՝ ստանձ­նե­լու հա­մար նո­րա­բաց հա­յա­գի­տա­կան ամ­պիո­նի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։
Եւ­րո­պա­կան եւ յատ­կա­պէս Պ­րիւք­սէ­լեան տա­րի­նե­րը եւս բեղմ­նա­ւոր ե­ղան Ն. Ա­դոն­ցի կեան­քին մէջ։ Ոչ միայն նոր աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն­նե­րով հարս­տա­ցուց պատ­մա­գի­տա­կան, բա­նա­սի­րա­կան, լե­զո­ւա­գի­տա­կան եւ պատ­մա­քա­ղա­քա­կան իր մե­ծար­ժէք վաս­տա­կը, այ­լեւ՝ հաս­ցուց սե­րունդ, ­Հա­յաս­տա­նի եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան ժա­ռան­գու­թեան տէր կանգ­նե­լու եւ վե­րա­նո­րո­գե­լու իր մեծ ծա­րա­ւին ու պաշ­տա­մուն­քին բաժ­նե­կից դարձ­նե­լով իր ու­սա­նող­նե­րը։
Երկ­րորդ Աշ­խար­հա­մար­տի տա­րի­նե­րուն ­Պել­ճի­քան եւս ին­կաւ նա­ցիա­կան գրաւ­ման տակ։ Ա­դոնց դար­ձեալ դի­մագ­րա­ւեց նո­րաբ­նոյթ ճնշում­ներ եւ կաշ­կան­դում­ներ, մին­չեւ որ 1941ին փա­կո­ւե­ցաւ Պ­րիւք­սէ­լի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ իր ղե­կա­վա­րած ամ­պիո­նը։
Եւ 27 ­Յու­նո­ւար 1942ին, աշ­խա­տե­լու եւ ա­րա­րե­լու տա­կա­ւին բուռն իր ծա­րա­ւը ա­ռանց յա­գե­ցու­ցած ըլ­լա­լու՝ մեր աշ­խար­հէն հե­ռա­ցաւ ­Հայ Մտ­քի 20րդ ­դա­րու Հս­կան հռչա­կո­ւած ­Նի­կո­ղա­յոս Ա­դոն­ցը։
Ն. Ա­դոն­ցի նո­ւի­րո­ւած ո­րե­ւէ անդ­րա­դարձ կա­րե­լի չէ փա­կել՝ ա­ռանց անդ­րա­դառ­նա­լու Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի տա­րի­նե­րուն եւ ա­ւար­տին, ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի ու­սում­նա­սի­րու­թեան եւ օ­տար­նե­րու ծա­նօ­թաց­ման ուղ­ղու­թեամբ, ­Նի­կո­ղա­յոս Ա­դոն­ցի կա­տա­րած մե­ծար­ժէք ներդ­րու­մին։ 1918ին անգ­լե­րէ­նով լոյս տե­սած իր եր­կու գոր­ծե­րը՝ «­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի պատ­մա­կան հիմ­քը եւ ­Թուր­քիոյ կոր­ծա­նու­մը» (Historical Foundation of the Armenian Question and the Collapse of Turkey) եւ «­Թուր­քիոյ բա­ժա­նու­մը» (The Partition of Turkey) ոչ միայն հիմ­նա­ւո­րե­ցին պատ­մա­քա­ղա­քա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցին, այ­լեւ՝ մե­ծա­պէս սա­տա­րե­ցին հա­յան­պաստ տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րու տա­րա­ծու­մին ու ար­մա­տա­ւո­րու­մին։ ­Նոյն տա­րին Ա­դոնց ռու­սե­րէ­նով հրա­տա­րա­կեց եր­կու այլ աշ­խա­տա­սի­րու­թիւն՝ «Թր­քա­կան նո­թը եւ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նը» (Turkey՚s Note and Western Armenia) եւ «­Հայ­կա­կան ­Հարցն ու գեր­մա­նա­կան ծրա­գիր­նե­րը» (The Armenian Question and Germany Plans), ի­րենց կար­գին կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցան հայ ժո­ղո­վուր­դի նկատ­մամբ ար­դա­րու­թիւն գոր­ծե­լու մի­ջազ­գա­յին զօ­րա­շար­ժի ա­ռա­ջաց­ման մէջ։ Այդ ա­ռու­մով ամ­բող­ջա­կան ե­ղաւ 1920ին անգ­լե­րէ­նով ­Լոն­տոն հրա­տա­րա­կո­ւած Ա­դոն­ցի «­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը ­Սեւ­րի մէջ» գոր­ծը (The Armenian Question at Sevres)։ Ընդգ­ծե­լի է, որ պատ­մա­քա­ղա­քա­կան իր այս գոր­ծե­րով՝ Ն. Ա­դոնց դա­տա­պար­տեց հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ եւ­րո­պա­կան մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը կը ծա­ռա­յեց­նէին ­Թուր­քիոյ վրայ ի­րենց ազ­դե­ցու­թիւ­նը զօ­րաց­նե­լու հա­շիւ­նե­րուն, թէ՛ խորհր­դա­յին­նե­րը, ո­րոնք Պ­րեսթ-­Լի­թովս­քիի դաշ­նագ­րով Ա­րեւմ­տա­հա­յաս­տա­նը ի­րո­ղա­պէս «ըն­ծա­յա­բե­րե­ցին» թուր­քե­րուն…
Այ­սօ­րո­ւան պատ­մա­բան­նե­րը եւ ա­կա­դե­մա­կան­նե­րը որ­քա՜ն շատ բան ու­նին սոր­վե­լիք ­Մեծն ­Նի­կո­ղա­յոս Ա­դոն­ցէն։
Ա­դոնց ժա­ռանգ ձգեց շուրջ 80 ա­նուն հա­յե­րէն, ռու­սե­րէն, ֆրան­սե­րէն, գեր­մա­նե­րէն եւ անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րով գրո­ւած ար­ժէ­քա­ւոր գի­տա­կան աշ­խա­տու­թիւն­ներ` նո­ւի­րո­ւած գլխա­ւո­րա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դի միջ­նա­դա­րեան պատ­մու­թեան ու գրա­կա­նու­թեան, հայ-բիւ­զան­դա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, հայ-յու­նա­կան բա­նա­սի­րու­թեան, ա­ռաս­պե­լա­բա­նու­թեան, կրօ­նին, լե­զո­ւա­բա­նու­թեան: Ա­տոնք մեծ մա­սամբ կարճ, մե­նագ­րա­կան բնոյ­թի ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ են: Իր կո­թո­ղա­կան «­Հա­յաս­տա­նը ­Յուս­տի­նիա­նո­սի դա­րաշր­ջա­նում» աշ­խա­տու­թիւ­նը հա­մընդ­հա­նուր գնա­հա­տու­մով կը նկա­տո­ւի 20րդ ­դա­րու հա­յա­գի­տու­թեան խո­շոր նո­ւա­ճում­նե­րէն մէ­կը: ­Հոն ման­րա­մաս­նօ­րէն ու­սում­նա­սի­րո­ւած են ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մա­կան-աշ­խար­հագ­րա­կան եւ հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան կա­ռու­ցո­ւած­քին, հայ-բիւ­զան­դա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց, նա­խա­րա­րա­կան տոհ­մե­րուն հետ կա­պո­ւած խնդիր­նե­րը, ա­ռա­ջին ան­գամ գի­տա­կան վեր­լու­ծու­թեան են են­թար­կո­ւած հայ ա­ւա­տա­տի­րու­թեան եւ հայ գիւ­ղա­ցիու­թեան ա­ռըն­չո­ւող շարք մը հար­ցեր:
­Հե­տա­գա­յին, Ա­դոնց հայ գիւ­ղա­ցիու­թեան պատ­մու­թեան կա­պո­ւած խնդիր­նե­րը ա­ւե­լի հան­գա­մա­նօ­րէն քննար­կեց «­Հայ հին շի­նա­կա­նու­թիւ­նը» (1927 թ) կո­չո­ւած իր ու­սում­նա­սի­րու­թեան մէջ: ­Միւս ծա­ւա­լուն աշ­խա­տու­թիւ­նը` «Ա­րո­ւեստ ­Դիո­նի­սեայ ­Քե­րա­կա­նի եւ հայ մեկ­նու­թիւնք նո­րին», հայ-յու­նա­կան բա­նա­սի­րու­թեան մա­սին ա­ռա­ջին ընդգր­կուն գործն է, ուր գի­տա­կան բարձր մա­կար­դա­կով Ա­դոնց վեր­լու­ծած է Թ­րա­կա­ցիի քե­րա­կա­նու­թեան հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թիւ­նը եւ ա­նոր վեց հայ մեկ­նիչ­նե­րուն բնա­գիր­նե­րը, կա­տա­րած է բա­նա­սի­րա­կան կա­րե­ւոր շտկում­ներ: ­Շարք մը այլ յօ­դո­ւած­նե­րու մէջ, Ա­դոնց վեր հա­նած է հայ-բիւ­զան­դա­կան ա­նո­ւա­նի ըն­տա­նիք­նե­րու եւ ­Բագ­րա­տու­նի­նե­րի տոհ­մա­բա­նու­թիւ­նը: Ի մի բե­րե­լով յոյն հե­ղի­նակ­նե­րու կցկտուր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը` բա­ցա­յայ­տած է բիւ­զան­դա­կան զօ­րա­վար Ար­տա­ւան Ար­շա­կու­նիի, ա­նոր եղ­բօր ­Վարդ ­Մա­մի­կո­նեա­նի, ­Վա­սի­լի Ա­ռա­ջի­նին եւ ­Մօ­րիկ կայս­րե­րուն ու այլ հա­յազ­գի գոր­ծիչ­նե­րու կեր­պար­նե­րը («­Պատ­մա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ», 1948): ­Մեծ ար­ժէք ու­նի նաեւ Ա­դոն­ցի աղ­բիւ­րա­գի­տա­կան ու բա­նա­սի­րա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը` նո­ւի­րո­ւած ­Փաւս­տոս ­Բիւ­զան­դին, ­Կո­րիւ­նին, Եզ­նիկ ­Կող­բա­ցիին:
«­Մաշ­տոց եւ նրա ա­շա­կերտ­նե­րը ըստ օ­տար աղ­բիւր­նե­րի» (1925) ա­նու­նով իր աշ­խա­տու­թեան մէջ, Ա­դոնց ցոյց տո­ւած է հայ գրե­րու ստեղծ­ման պատ­մա­կան ի­րադ­րու­թիւ­նը` մաշ­տո­ցեան գրե­րու ստեղ­ծու­մը դնե­լով 382-392ի մի­ջեւ: Ա­դոնց ձեռ­նար­կած էր գրել հայ ժո­ղո­վուր­դի ամ­բող­ջա­կան պատ­մու­թիւ­նը, ո­րուն ա­ռա­ջին հա­տո­րը (հնա­գոյն շրջան) լոյս տե­սաւ ֆրան­սե­րէն եւ հա­յե­րէն (1946, 1972): Ու­շագ­րաւ են Պ­րոք­հաու­զի եւ Էֆ­րո­նի հան­րա­գի­տա­րան­նե­րուն մէջ ­Հա­յաս­տա­նի մա­սին Ա­դոն­ցի յօ­դո­ւած­նե­րը: Ա­դոնց նաեւ հմուտ գրա­կա­նա­գէտ էր, գրած է շարք մը յօ­դո­ւած­ներ, 1903-1904ին Ս. ­Փե­թերս­պուր­կի մէջ խմբագ­րած է «­Բան­բեր գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րո­ւես­տի» պար­բե­րա­կա­նը:
­Հայ Մտ­քի ու հա­յոց պատ­մա­բա­նա­սի­րու­թեան կո­թո­ղա­կան մե­ծու­թեամբ այս ե­րախ­տա­ւո­րին ու­սա­նո­ղը ըլ­լա­լու պա­տե­հու­թիւ­նը ու­նե­ցած էր ծա­նօթ բա­նաս­տեղծ եւ իր կար­գին սե­րունդ­ներ հաս­ցու­ցած սի­րո­ւած ու­սու­ցիչ ­Մու­շեղ Իշ­խան։ 1984ին լոյս տե­սած «Իմ ու­սու­ցիչ­ներս» ա­նուն գոր­ծին մէջ, Մ. Իշ­խան ա­ռան­ձին գլուխ մը նո­ւի­րած է Ն. Ա­դոն­ցի, որ­մէ առ­նո­ւած հե­տա­գայ հա­տո­ւա­ծով կ­’ար­ժէ շնչա­ւո­րել վկա­յու­թեան այս է­ջը.
«­Հա­յաս­տա­նը չեմ տե­սած՝ իմ սե­րուն­դիս բո­լոր տա­րա­գիր տղոց նման։ ­Գիր­քեր ու ճա­ռեր, եր­գեր ու զրոյց­ներ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին իմ մէջ ստեղ­ծած են ա­ղօտ, բայց ե­րա­զա­յին գե­ղեց­կու­թիւ­նը մեր հայ­րե­նի­քի մտա­պատ­կե­րին։ Եր­բեմն, սա­կայն, հա­զո­ւա­դէ­պօ­րէն, ստա­ցած եմ յան­կարծ կեն­դա­նի, շօ­շա­փե­լի ի­րա­կա­նու­թեան մը հա­րա­զատ տպա­ւո­րու­թիւ­նը։ Փ­րոֆ. Ա­դոնց այն բա­ցա­ռիկ ան­ձե­րէն էր, ո­րոնց ներ­կա­յու­թեան մարդ կ’ու­նե­նայ ուղ­ղա­կի ­Հա­յաս­տա­նի հետ շփման գա­լու զգա­ցո­ղու­թիւ­նը։
«­Հա­յաս­տանն իսկ էր կար­ծես Ն. Ա­դոնց, ա­նոր լա­ւա­գոյն յատ­կա­նիշ­նե­րուն մարմ­նա­ցու­մը, ա­նոր