­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի 80րդ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­Ժո­ղո­վը գու­մա­րո­ւե­ցաւ ­Կի­րա­կի՝ 4 ­Նո­յեմ­բե­րին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան-­Սա­րա­ճեան» զոյգ սրահ­նե­րէն ներս։
­Ժո­ղո­վին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին Հ. Կ. ­Խա­չի Շրջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը, ­Ֆիք­սի «­Ռու­բի­նա», ­Գո­քի­նիոյ «­Սօ­սէ», ­Ֆա­լի­րո­յի «­Նա­յի­րի», ­Գա­րէա-­Կե­սա­րիանիի «Աղթա­մար» եւ Ա­թէն­քի «­Ծո­վի­նար» մաս­նա­ճիւղնե­րը՝ շրջան­նե­րէն ընտրուած ի­րա­ւա­սու եւ խորհրդակ­ցա­կան ձայ­ներ ներ­կա­յաց­նող պատ­գա­մա­ւոր­նե­րով: ­Ներ­կայ էին նաեւ ­Միու­թեան կեդ­րո­նա­կան յանձ­նա­խում­բե­րու ան­դամ­ներ եւ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կող­մէ հրա­ւի­րեալ­ներ:
Հ­րա­ւի­րո­ւած էին ու ներ­կայ ե­ղան նաեւ գա­ղու­թի ազ­գա­յին ու միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ՝ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Լի­զա Ա­ւա­գեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Քե­րոբ Է­քի­զեան, յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան եւ Ու­սում­նա­կան ­Խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, «­Հա­մազ­գա­յին»ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ ­Վեր­ժին ­Կա­րա­պե­տեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­շա ­Մա­նու­կեան, «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան», «­Զա­ւա­րեան» եւ «­Ճէ­նա­զեան» վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը եւ «Ա­զատ Օր»ի տնօ­րէ­նը:
Ն­կա­տի առ­նե­լով՝ որ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­Ժո­ղո­վի թո­ւա­կա­նը կը զու­գա­դի­պէր Հ.Կ.­Խա­չի ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­Ժո­ղո­վին, ­Միու­թեան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը նա­մա­կով մը Հ.Կ. ­Խա­չի 80րդ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­Ժո­ղո­վի դի­ւա­նին եւ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան իր յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­նե­րը յղեց: 80րդ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­Ժո­ղո­վի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Լի­զէթ ­Գի­րա­զեա­նի կող­մէ: Ըն­կե­րու­հի ա­տե­նա­պե­տու­հին՝ ժո­ղո­վը բա­ցո­ւած յայ­տա­րա­րե­լով, հրա­ւի­րեց ժո­ղո­վա­կան­նե­րը մէկ վայր­կեա­ն յոտն­կայս լռու­թեամբ յար­գե­լու մեզ­մէ առ­յա­ւետ բաժ­նո­ւած Հ. Կ. ­Խա­չի բա­րե­րար­նե­րը, մեր վար­ժա­րան­նե­րու կրթա­կան մշակ­նե­րը եւ վաս­տա­կա­ւոր ըն­կե­րու­հի­նե­րու յի­շա­տա­կը: ­Յա­ջոր­դա­բար, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր մաս­նա­ճիւ­ղնե­րու ըն­կե­րու­հի­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ բո­լոր ան­դամ­նե­րուն ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար:
­Ժո­ղո­վի մաս­նակ­ցող­նե­րու լիա­զօ­րագ­րե­րու քննու­թե­նէն ետք, ստու­գո­ւե­ցաւ ժո­ղո­վի օ­րի­նա­ւո­րու­թիւ­նը: Ա­պա՝ տե­ղի ու­նե­ցաւ մնա­յուն դի­ւա­նի ընտ­րու­թիւ­նը: ­Նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նին հա­մար ընտ­րո­ւե­ցան ըն­կե­րու­հի­ներ ­Մա­րի-­Ռոզ ­Գէոր­գեան եւ ­Զար­մի­նէ ­Քիւր­տօղ­լեան: ­Քար­տու­ղար­ներ՝ ըն­կե­րու­հի­ներ ­Շո­ղիկ ­Պա­պօղ­լեան եւ Է­վա ­Պէր­պէ­րեան:
Այնուհետեւ կա­տա­րո­ւե­ցաւ ար­խի­ւա­յին, բա­նա­ձե­ւի, նա­խա­հա­շի­ւի յանձ­նա­խում­բե­րու կազ­մե­րու ընտ­րու­թիւ­նը:

Ող­ջոյ­նի խօս­քեր

Սր­բա­զան ­Հայ­րը, ու­շադ­րու­թեամբ լսե­լէ ետք միու­թեան եր­կա­մեայ տե­ղե­կա­գի­րը, իր հայ­րա­կան խօս­քը ուղ­ղեց ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն՝ նշե­լով, թէ Հ.Օ.Մ.ը իր աշ­խար­հա­տա­րած կա­ռոյ­ցով կը վա­յե­լէ բո­լո­րին յար­գան­քը եւ գուր­գու­րան­քը: ­Միու­թիւ­նը պատ­մու­թեան մէջ գործ­նա­կա­նօ­րէն տեղ տո­ւաւ հայ կնոջ, ար­ժե­ւո­րեց անոր գո­յու­թիւ­նը ու շա­րու­նա­կեց հայ կնոջ պատ­մա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին: Հ. Կ. ­Խա­չը՝ ­Յու­նաս­տա­նի շրջա­նի Հ.Օ.­Մ.ի կա­ռոյ­ցը, կո­չո­ւած է կա­մա­ւոր, նո­ւի­րեալ եւ կար­գա­պա­հա­կան աշ­խա­տան­քով նոր սե­րունդ­ներ պատ­րաս­տելու, հին ու նոր սե­րունդ­նե­րը ի­րա­րու շա­ղա­խե­լով:
Անդ­րա­դառ­նա­լով Հ.Կ.­Խա­չի վար­ժա­րան­նե­րուն՝ նշեց, որ բո­լոր ազ­գա­յին եւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու յա­տուկ հո­գա­տա­րու­թեան եւ գուր­գու­րան­քի ա­ռար­կան պէտք է դարձ­նել զա­նոնք, քա­նի հոն կը կեր­տո­ւի գա­ղու­թի ա­պա­գան:
Իր կար­գին Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը շեշ­տեց միու­թեան ու­ժե­ղաց­ման եւ նոր ան­դամ­նե­րու ներգրաւ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, ին­պէս նաեւ՝ Հ. Կ. ­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու գո­յա­տեւ­ման եւ աշ­խու­ժաց­ման կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը:
­Բո­լոր հրա­ւի­րեալ­նե­րու ող­ջոյ­նի խօս­քե­րուն մէջ նշմա­րե­լի էր շնոր­հա­ւո­րա­կան ու գնա­հա­տան­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, միու­թեան տա­րած գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար, իսկ բո­լոր ազ­գա­յին ու միու­թե­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ի­րենց պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին՝ զօ­րա­վիգ կանգ­նե­լու Հ. Կ. ­Խա­չին եւ միաս­նա­կա­նու­թեամբ դե­րա­կա­տար հան­դի­սա­նա­լու, որ յաղ­թա­հա­ր­ւին բո­լոր այժ­մու դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը։

Օ­րա­կար­գե­րու քննար­կում

Ա­պա՝ ժո­ղո­վը ան­ցաւ իր օ­րա­կար­գե­րու քննարկ­ման: ­Կար­դա­ցո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան եր­կա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան տե­ղե­կա­գի­րը եւ նիւ­թա­կան հա­շո­ւեկ­շի­ռը, ո­րոնց յա­ջոր­դե­ցին լու­սա­բա­նա­կան հար­ցում­ներ:
­Ժո­ղո­վը լսե­լէ ետք Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան եր­կա­մեայ նիւ­թա­բա­րո­յա­կան տե­ղե­կա­գի­րը, գնա­հա­տեց միու­թեան նպա­տակ­նե­րուն ծա­ռա­յե­լու եւ Հ. Կ. ­Խա­չի կրթա­կան-խնա­մա­տա­րա­կան հիմ­նա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ու կո­չու­մին հա­մա­պա­տաս­խան աշ­խա­տանք ծա­ւա­լե­լու ճի­գը։
­Կազ­մա­կերպ­չա­կա­նի գլու­խին տակ կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշո­ւե­ցաւ, թէ մաս­նա­ճիւղնե­րը պէտք է ներգ­րա­ւեն ե­րի­տա­սարդ ան­դա­մու­հի­նե­րը, անոնց ա­ռի­թը տա­լով գործ­նա­կան մաս­նակ­ցու­թիւն ու­նե­նա­լու միու­թեան ծրագ­րում­նե­րուն եւ ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն: Այս օ­րա­կար­գին մէջ՝ ընդ­հա­նուր նկա­տա­ռում­ներ կա­տա­րո­ւե­ցան նաեւ միու­թեան կազ­մա­կերպ­չա­կան հար­ցե­րու շուրջ եւ քննար­կո­ւե­ցան տե­ղա­կան միա­ւոր­նե­րու վե­րա­բե­րող հար­ցեր:
Գ­րա­ւոր եւ բա­նա­ւոր քա­րոզ­չու­թեան օ­րա­կար­գին մէջ շեշ­տո­ւե­ցաւ, թէ պէտք է զարկ տալ յոյն հա­սա­րա­կու­թեան տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան աշ­խա­տան­քին մեր միու­թեան նպա­տակ­նե­րուն ու գոր­ծու­նէու­թեան ծալ­քե­րը ներ­կա­յաց­նե­լով, իսկ նոյն ուղ­ղու­թեամբ ու շա­րու­նա­կա­կան տե­ղե­կա­տո­ւու­թեամբ ի­րա­զեկ դարձ­նել մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը միու­թեան ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին:

Կր­թա­դաս­տիա­րակ­չա­կան

­Ժո­ղո­վին ներ­կայ ե­ղող «Ա. եւ Ժ. ­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կար­գի տնօ­րէն ընկ. ­Բաբ­գէն ­Գա­սա­պեան, «­Զա­ւա­րեան» նա­խակր­թա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի ընկ. ­Հայ­կա­նուշ ­Մի­նա­սեան եւ «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» նա­խակր­թա­րա­նի տնօ­րէն ընկ. ­Ռի­քար­տօ Եր­կա­նեան, ամ­փոփ զե­կոյց­նե­րով, լոյս սփռե­ցին վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւին, վար­ժա­րան­նե­րու դի­մագ­րա­ւած ա­ռօ­րեայ հար­ցե­րուն եւ գոր­ծադ­րո­ւող ծրա­գիր­նե­րուն շուրջ։ ­Զե­կոյց­նե­րու կա­րե­ւոր բա­ժին մը տրա­մադ­րո­ւե­ցաւ նոր ա­շա­կեր­տու­թիւն նե­րագ­րա­ւե­լու կա­րե­ւոր աշ­խա­տան­քի հե­ռան­կա­րին:
­Գո­հու­նա­կու­թեամբ նշո­ւե­ցաւ վար­ժա­րա­նա­յին հա­մա­կար­գէն ներս Հ. Կ. ­Խա­չի ան­սա­կարկ նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը այս նստաշր­ջա­նին եւս:
Հ.Կ.­Խա­չի սահ­մա­նած մրցա­նակ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն բե­րել ի­րենց դրա­կան բա­րո­յա­կան ներդ­րու­մը: Այս նստաշրջա­նին եւս ­միու­թիւ­նը յատ­կա­ցուց յա­տուկ կրթա­թօ­շակ­ներ ե­րեք վար­ժա­րան­նե­րու վեր­ջին դա­սա­րան­նե­րու հա­յե­րէ­նի յա­տուկ ճիգ ը­նող եւ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րող ա­շա­կերտ­նե­րուն:
Իր մաս­նա­ճիւ­ղնե­րու վար­չու­թիւն­նե­րուն կամ ան­դա­մու­հի­նե­րու մի­ջո­ցաւ Հ.Կ.­Խ.ը հո­վա­նա­ւո­րած է ու ստանձ­նած կա­րի­քա­ւոր ա­շա­կերտ­նե­րու ուս­ման սա­կե­րը:

Հ. Կ. ­Խա­չի գրա­սե­նեակ

Հ. Կ. ­Խա­չի գրա­սե­նեա­կը ու­նի իր քար­տու­ղա­րը: Ան­ջատ քար­տու­ղա­րու­թեան պաշ­տօ­նեա­յէն, Հ. Կ. ­Խա­չը կը գոր­ծակ­ցի փոր­ձա­ռու հա­շո­ւա­պա­հի եւ փաս­տա­բա­նու­հիի մը հետ:

­Գոր­ծու­նէու­թիւն

­Միու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կը ծա­ւա­լի հե­տե­ւեալ են­թա­բա­ժին­նե­րուն.-
­Միու­թեան եւ ա­նոր մաս­նա­ճիւ­ղնե­րու կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տան­քով, խնա­մա­տա­րա­կան ու բա­րե­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով, ­Հա­յաս­տան -Ար­ցա­խի ծրա­գիր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, գրա­ւոր եւ բա­նա­ւոր քա­րոզ­չու­թեամբ, յա­րա­բե­րա­կան (ներ­քին եւ ար­տա­քին) աշ­խա­տան­քով ու հա­յակր­թու­թեամբ:
­Միու­թիւ­նը որ­դեգ­րեց յանձ­նախմ­բա­յին դրու­թիւ­նը եւ ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ա­ռա­ւե­լա­պէս ար­դիւ­նա­ւո­րո­ւե­ցաւ:
Խ­նա­մա­տա­րա­կան բաժ­նէն ներս կը շա­րու­նա­կո­ւին նպաստ­նե­րը կա­րի­քա­ւոր մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­մար: ­Մաս­նա­ճիւ­ղնե­րը ստանձ­նե­ցին Ար­ցա­խի ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րու ծնո­ղա­զուրկ փոք­րե­րու հո­գա­տա­րու­թիւ­նը: Ա­ռող­ջա­կան կա­րիք­նե­րով հայ­րե­նա­կից­նե­րուն օգ­նու­թիւն տրո­ւած է, ինչ­պէս նաեւ Ապ­րիլ 24ի ըն­թաց­քին ի­րա­գոր­ծուած ա­րիւ­նա­տո­ւու­թեան ար­շա­ւէն գո­յա­ցած ա­րեան պա­հես­տէն՝ բազ­մա­պա­տիկ քա­նա­կու­թեամբ օգ­տո­ւած են ա­րեան կա­րի­քը ու­նե­ցող հայ­րե­նա­կից­ներ:
Իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը ցու­ցա­բե­րած է օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու քոյր միու­թիւն­նե­րուն՝ ըլ­լայ ան նիւ­թա­կան թէ բա­րո­յա­կան։
­Դի­մա­տետ­րի մի­ջո­ցաւ բազ­մա­պատ­կած է իր հա­մա­կիր­նե­րը։
Հ­րա­տա­րա­կած է Հ. Կ. ­Խա­չի Է­ջը «Ա­զատ Օր»ին մէջ, նե­րառ­ե­լով կնո­ջա­կան, այժ­մէա­կան ու այլ նիւ­թեր։
«­Մայ­րե­րու Օր»ո­ւան ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պած է հրա­պա­րա­կա­յին ե­րե­կոյ՝ հրա­ւի­րե­լով հայ­կա­կան ծա­գում ու­նե­ցող ի­րա­ւա­բան ­Ֆե­թիյ­հէ ­Չե­թի­նը:
Հ. Կ. ­Խա­չը իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րած է նաեւ Հ.Օ.Մ.ի ­Հա­յաս­տա­նեան եւ Ար­ցա­խեան ծրա­գիր­նե­րուն:
Ե­րե­ւա­նի վի­րա­ւոր եւ հաշ­ման­դամ զինուոր­նե­րու վե­րա­կանգ­նո­ղա­կան հի­ւան­դա­նո­ցին ան­կո­ղին­ներ գնե­լու Հ.Օ.Մ.ի ծրագ­րին մաս­նակ­ցե­ցաւ 3 ան­կո­ղին­նե­րու գու­մա­րը ա­պա­հո­վե­լով մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեամբ:
Ա­մէն տա­րի իր յար­գան­քի տուր­քը կը մա­տու­ցէ Հ. Կ. ­Խա­չի բա­րե­րար­նե­րուն, վար­ժա­րան­նե­րու կրթա­կան մշակ­նե­րուն եւ վե­թե­րան ըն­կե­րու­հի­նե­րուն հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թեամբ:
Այս նստաշր­ջա­նին եր­կու մե­ծա­գու­մար նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րուն ա­ռի­թով՝ Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը «Հ. Կ. ­Խա­չի ­Բա­րե­րար»ի տիտ­ղո­սը տո­ւաւ Ար­թին ­Գա­լուս­տեա­նին եւ ­Վա­հան եւ ­Տի­րու­հի ­Տէր-­Յով­սէ­փեան­նե­րուն:

­Նոր կազ­մի ընտ­րու­թիւն

­Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ 2018-2020 նստաշր­ջա­նի 9 ան­դամ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ընտ­րու­թիւ­նը:
Այս­պէս, ընտ­րո­ւե­ցան հե­տե­ւեալ ըն­կե­րու­հի­նե­րը.-

­Ա­ճէ­մեան Ազ­նիւ
­Գէոր­գեան Մա­րի-­Ռոզ
Գի­րա­զեան Լի­զէթ ­
Խտ­րեան Մե­րի
­Մի­քա­յէ­լեան Կա­րի­նէ ­
Չեր­չեան Ֆ­լո­րա ­
­­Պա­րա­զեան Մայ­տա
Սի­մո­նեան Ար­մե­նու­հի ­
Փա­փա­զեան ­Ա­լիս ­
­Փոխ ան­դամ ընտ­րո­ւե­ցաւ
­Պա­պօղ­լեան Շո­ղիկ ­

­Ժո­ղո­վը՝ շնոր­հա­ւո­րա­կան եւ յա­ջո­ղու­թեան մաղթանքներ փոխանցելով նորըն­տիր Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան, փա­կեց իր աշ­խա­տանք­նե­րը Հ. Կ. ­Խա­չի քայ­լեր­գով: