Էտուար Ակնունիի ծննդեան 155ամեակ

Հայ Կապոյտ Խաչի էջ

0
25348

ՀՕ­Մի գա­ղա­փա­րը ի­րա­կա­նու­թեան վե­րա­ծած՝
Է­տո­ւար Ակ­նու­նիի ծննդեան 155-ա­մեա­կին ա­ռի­թով

Ա­լիս ­Յա­րու­թիւ­նեան

Ե­թէ Է­տո­ւար Ակ­նու­նին եր­կար ապ­րած ըլ­լար ­Ճոն ­Լե­նո­նին ճանչ­նա­լու հա­մար, վստա­հա­բար հա­մա­ձայն գտնո­ւած պի­տի ըլ­լար իր խօս­քե­րուն, երբ կ’ը­սէր, թէ «Ա­ռան­ձին ե­րա­զածդ պարզ ե­րազ մըն է. Ու­րիշ­նե­րու հետ միա­սին սա­կայն նոյն ե­րա­զը ու­նե­նա­լը՝ ի­րա­կա­նու­թիւն է»։
Եւ այդ­պէս էր Ակ­նու­նիին հա­մար։ Հ­րա­պա­րա­կա­խօս ու քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ Է­տո­ւար Ակ­նու­նի ե­րազ մը ու­նէր։ Այդ ե­րա­զը ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ, երբ 1910 թո­ւա­կա­նի ­Սեպ­տեմ­բե­րին, Ակ­նու­նի այ­ցե­լեց Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րը, տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քին հետ տե­սակ­ցու­թիւն­ներ ու­նե­նա­լու հա­մար։ Ան ա­ւար­տած էր ­Թիֆ­լի­սի դպրո­ցը, ա­պա իր ու­սու­մը շա­րու­նա­կած էր ­Ժը­նե­ւի մէջ, միա­ժա­մա­նակ ան­դա­մագ­րո­ւե­լով Հ. Յ. ­Դաշ­նակ­ցու­թեան։ ­Հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ էր, հե­ռա­տես ու ե­ռան­դուն հայ­րե­նա­սէր ե­րի­տա­սարդ մը, որ քա­րոզ­չա­կան մեծ աշ­խա­տանք ստանձ­նած էր Եւ­րո­պա­յի մէջ, ի նպաստ ­Հայ ­Դա­տին։ Ան թրծո­ւած էր Ք­րիս­տա­փոր ­Մի­քա­յէ­լեա­նի կող­քին, աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լով Ե­գիպ­տո­սի, ­Լի­բա­նա­նի, Զ­միւռ­նիոյ, Էրզ­րու­մի եւ այլ շրջան­նե­րու մէջ։ Երբ Ա­մե­րի­կա այ­ցե­լեց, եր­կու-ե­րեք ա­միս մնա­լու ծրա­գիր մը ու­նէր միայն, սա­կայն իր այ­ցե­լու­թիւ­նը եր­կար տե­ւեց, իր խօս­քե­րու հմայ­քով եւ անձ­նա­կան վառ նկա­րագ­րով ան խրա­խու­սեց ժո­ղո­վուր­դին, որ­պէս­զի կառ­չած մնայ հայ­րե­նի­քին ու հա­յու­թեան նպա­տակ­նե­րուն։ ­Հայ ­Դա­տի պաշտ­պան մըն էր ան, ազ­դե­ցիկ ակ­տի­վիստ մը։ Իր ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան ըն­թաց­քին ան բազ­մա­թիւ հայ կի­նե­րու կը հան­դի­պէր, ո­րոնք պատ­րաստ էին ծա­ռա­յե­լու ի­րենց գա­ղու­թին, ի­րենց ազ­գին։ Եւ այդ կի­նե­րու աշ­խոյժ կե­ցո­ւած­քը՝ ա­րիւն ու սիրտ տո­ւաւ իր ե­րա­զին, երբ միա­ւո­րե­լով ան­հատ­նե­րը՝ ան հի­մը դրաւ կա­նանց ու­ժեղ ու զար­գա­ցող կազ­մա­կեր­պու­թեան մը։ Իր ո­գեշն­չող տե­սիլ­քի ար­դիւն­քը ե­ղաւ Հ.Օ.­Մ.ի հիմ­նադ­րու­թիւ­նը։ ­Նիւ Եոր­քի մէջ հիմ­նո­ւե­ցաւ Հ.Օ­.Մ.ը, ա­պա շատ ա­րագ տա­րա­ծո­ւե­ցաւ ու կա­յա­ցած ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձաւ աշ­խար­հի բո­լոր ցա­մա­քա­մա­սե­րուն մէջ, ըն­դար­ձա­կե­լով իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը բո­լոր այն բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ, ուր հայ ե­րե­խա­յին, հայ ըն­տա­նի­քին, հայ կա­րի­քա­ւո­րին կրնար օգ­նել։ Ակ­նու­նիի տես­լա­կա­նով, մտայ­ղա­ցու­մով եւ կազ­մա­կեր­պա­կան խիստ ջան­քե­րով հիմ­նո­ւած կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, թե­ւեր ա­ռաւ իր բազ­մա­հա­զար ուխ­տեալ ան­դա­մու­հի­նե­րուն հա­ւատ­քով ու կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք ան­վե­րա­պահ զո­հա­բե­րու­թեամբ նո­ւի­րո­ւե­ցան Հ.Օ.­Մ.ի գոր­ծին։
­Մեր սի­րած կազ­մա­կեր­պու­թեան պատ­մու­թիւ­նը լե­ցուն է՝ այր թէ կին նո­ւի­րեալ­նե­րու կա­տա­րած գոր­ծով։ Ի­րենց ձեռք­բե­րում­նե­րուն շնոր­հիւ է, որ կեն­դա­նի ու ա­ռողջ կազ­մա­կեր­պու­թեան մը կ’ան­դա­մակ­ցինք, որ միայն հպար­տու­թիւն եւ ներշն­չում կու­տայ մեր բո­լո­րին։
­Մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն առ­ջեւ դեռ ա­ւե­լի ա­մուր կանգ­նե­լով, ան­ցեա­լի անձ­նո­ւէր­նե­րու գոր­ծէն օ­րի­նա­կո­ւե­լով, մեր միու­թեան ճա­նա­պար­հէն կը քա­լենք։ Որ­պէս­զի Ակ­նու­նիի ե­րա­զը շա­րու­նա­կենք ար­դա­րաց­նել՝ այ­սօր եւ վա­ղը եւ միշտ։

*Է­տո­ւար Ակ­նու­նի ծնած էր 1863ին, ­Մեղ­րի։ Ան ­Մեծ Ե­ղեռ­նի զո­հե­րէն է։ ­Կեան­քը կորսն­ցուց 1915ին։ Իր իս­կա­կան ա­նու­նը՝ ­Խա­չա­տուր ­Մա­լու­մեան էր, սա­կայն գոր­ծեց Է. Ակ­նու­նի ա­նու­նով։