Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան

Ու­շադ­րու­թիւնս գրա­ւեց ա­ռա­ջին նկա­րը։ ­Ցու­ցա­րար կի­նե­րու շար­քին մէկ ե­րի­տա­սարդ աղ­ջիկ, խիստ դէմ­քով ու ան­վախ նա­յո­ւած­քով։ Ան կանգ­նած է զի­նո­ւո­րի մը առ­ջեւ, զայ­րոյ­թը աչ­քին…
Եւ յե­տոյ սկսայ դի­տել հա­մա­ցան­ցի լու­րե­րու բաժ­նին մէջ, աշ­խար­հի բո­լոր ցա­մա­քամա­սնե­րուն վրայ ըն­թա­ցած ու ըն­թա­ցող բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րէն նկար­ներ, ուր կի­ներ՝ խի­զա­խօ­րէն կը կանգ­նին ոս­տի­կա­նա­կան ու զի­նո­ւո­րա­կան ա­պա­հո­վա­կան ու­ժե­րուն առ­ջեւ, ար­տա­յայ­տե­լով ի­րենց բար­կու­թիւնն ու ցա­սու­մը։ Ա­նոնք պա­հանջ­ներ կը ներ­կա­յաց­նեն ա­ւե­լի ար­դար հա­մաշ­խար­հա­յին ըն­կե­րու­թեան մը հա­մար։
­Տե­սա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը տար­բեր ե­լա­կէտ կրնան ու­նե­նալ, ա­ռա­ջար­կո­ւող լու­ծում­ներն ալ կրնան ի­րա­րու շատ տար­բեր ըլ­լալ, այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ կի­նե­րմէ ու­ժա­կա­նու­թիւնն ու խի­զա­խու­թիւ­նը մէկ է ու ա­նա­ռար­կե­լի։
­Քո­ւէի ի­րա­ւունք, սեք­սիզմ, աշ­խա­տան­քի վայ­րե­րէ ներս հա­ւա­սար վճա­րում, բռնու­թիւն, ա­փարթ­հայտ, ցե­ղա­պաշ­տու­թիւն, կրթա­կան մա­կար­դա­կի բարձ­րա­ցում, քա­ղա­քա­կան կեան­քի մէջ մաս­նակ­ցու­թիւն, հա­ւա­սա­րու­թիւն… ­Շատ ու շատ են պա­հանջ­նե­րը, որ ա­ռիթ կու­տան կի­նե­րուն հա­մախմ­բո­ւե­լու եւ աշ­խու­ժա­նա­լու։
Ա­մէ­նէն սրտաճմ­լի­կը սա­կայն ի­րենց զա­ւակ­նե­րը փնտռող մայ­րե­րու ցոյ­ցերն են։ ­Կարճ ժա­մա­նակ ա­ռաջ էր, երբ տե­սանք ­Պոլ­սոյ մէջ 1995էն ի վեր ա­մէն ­Շա­բաթ օր կազ­մա­կեր­պո­ւող ցոյ­ցի պատ­կեր­նե­րուն։ ­Ցու­ցա­րար­նե­րը՝ մայ­րեր, ո­րոնք կը բո­ղո­քեն, ի­րենց ան­յայտ կոր­սո­ւած զա­ւակ­նե­րուն բախ­տը ի­մա­նա­լու պա­հան­ջով։ Եւ յան­ցա­գործ­նե­րը յայտ­նա­բե­րե­լու պա­հան­ջով։
­Պոլ­սոյ մէջ Օ­գոս­տո­սի վեր­ջա­ւո­րու­թեան ­Շա­բաթ օ­րը կա­տա­րո­ւած ցոյ­ցը, իր կար­գին 700րդ­ էր, ո­րը սա­կայն սո­վո­րա­կան խա­ղաղ մթնո­լոր­տով չըն­թա­ցաւ, երբ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը փոր­ձեց ձեր­բա­կա­լել Հ­րան­դ ­Տին­քի զա­ւա­կը եւ ­Թուր­քիոյ խորհրդա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նը, ինչ­պէս նաեւ ի­րենց կող­քին գտնո­ւած այլ պատ­գա­մա­ւոր­ներ եւս։ Այս լու­րը, որ ա­րա­գօ­րէն տա­րա­ծո­ւե­ցաւ, ան­գամ մը եւս լոյս սփռեց աշ­խար­հի մէջ պայ­քար տա­նող մայ­րե­րու պա­հանջ­նե­րուն վրայ։
­Պոլ­սոյ մայ­րե­րու պատ­մու­թիւ­նը շատ տար­բեր չէ ­Նի­քա­րա­կո­ւա­յի, կամ ­Չի­լէի, կամ Ար­ժան­թի­նի «Փ­լա­զա տէ ­Մա­յօ»ի մայ­րե­րէն, ոչ ալ ­Կիպ­րո­սի սե­ւազ­գեստ եւ գլու­խը ծած­կո­ւած մայ­րե­րէն, ո­րոնք 1974էն ան­յայ­տա­ցած ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն բախ­տով կը տան­ջո­ւին։
­Բո­լոր ա­նոնք մայ­րեր են, ո­րոնք ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն հա­մար ա­պա­հով ու ար­դար կեանք մը կ­’ակնկա­լէին, բայց ա­նոր փո­խա­րէն՝ սար­սափ ու տա­ռա­պանք ապ­րե­ցան։ Ոչ քա­ղա­քա­կան դէմ­քեր, որ ծայր աս­տի­ճան քա­ղա­քա­կան պայ­քար կը մղեն, հաս­տատ հա­ւատ­քով ու ա­նընդ­հատ կիր­քով։ Այս­պի­սի պայ­քար մը, շատ ա­ւե­լի ազ­դու է եւ ի­րա­կան, քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու մղած պայ­քար­նե­րէն, որ թուղ­թե­րու վրայ եւ սե­ղան­նե­րու շուրջ շա­տա­խօ­սու­թեամբ կը տա­րո­ւին։ ­Մայ­րե­րը զօ­րա­ւոր եւ անս­պա­սե­լի ուժ կը ցու­ցա­բե­րեն, որ շատ ան­գամ­ներ կը հա­կա­սէ ըն­կե­րու­թեան կող­մէ սահ­մա­նո­ւած մայ­րու­թեան ա­ւան­դա­կան սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րուն։ Ն­ման շար­ժում­նե­րու ձգած ժա­ռան­գու­թեան եւ պատ­գամ­նե­րուն վրայ խարս­խո­ւած են կնո­ջա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեանց ու մար­դոց ի­րա­ւունք­նե­րուն հա­մար պայ­քա­րող խում­բե­րու խորհր­դա­նիշ­ներն ու գա­ղա­փար­նե­րը։
­Մայ­րե­րը, մեծ մայ­րե­րը, կո­ղա­կից­նե­րը՝ յստա­կօ­րէն ճշդո­ւած դե­րեր ու­նին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Ի­րենց բուն նպա­տա­կը շատ ճշգրիտ է՝ պաշտ­պա­նել ու խնա­մել։ ­Պաշտ­պա­նու­թեան այս զօ­րա­ւոր իղձն է, որ մղիչ ու­ժը կը դառ­նայ կի­նե­րուն։ ­Պաշտ­պա­նել հայ­րե­նիք, պաշտ­պա­նել ըն­տա­նիք, պաշտ­պա­նել զա­ւա­կը։ Եւ այս պաշտ­պա­նե­լու մղձա­ւան­ջէն է, որ մայ­րե­րու կիր­քը վառ կը պա­հո­ւի, ա­ւե­լի ար­դար ու ա­ւե­լի ա­պա­հով ըն­կե­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծե­լու նպա­տա­կով։