Հայ ժո­ղո­վուր­դի ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան լրիւ չբա­ցա­յայ­տո­ւած ե­րես­նե­րէն մէկն է 1960ա­կան­նե­րուն ա­րա­գօ­րէն թափ ա­ռած եւ ան­մի­ջա­պէս խստա­գոյն հա­լա­ծան­քի՝ ձեր­բա­կա­լու­թեանց, բան­տար­կու­թեանց եւ, մին­չեւ իսկ, բան­տա­յին սպա­նու­թեանց գնով խորհր­դա­յին պե­տա­կան ար­գել­քի տակ դրո­ւած հայ ազ­գայ­նա­կան­նե­րու այ­լա­խո­հա­կան շար­ժու­մը։
Յու­լի­սի այս ա­ռա­ջին օ­րե­րուն կը յի­շենք եւ լու­սար­ձա­կի տակ կ­’առ­նենք յիս­նա­մեա­կը այ­դօ­րի­նակ՝ խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րա­կան բռնա­րար­քի մը. 1968ի Յու­լիս 2-3ի այս օ­րե­րուն, Ե­րե­ւա­նի մէջ, Խ. Միու­թեան Պե­տա­կան Անվ­տան­գու­թեան Կո­մի­տէի (Պ.Ա.Կ. — KGB) ծա­ռա­յող­նե­րը ձեր­բա­կա­լե­ցին եւ եր­կա­րա­մեայ բան­տար­կու­թեան դա­տա­պար­տե­ցին խումբ մը հայ այ­լա­խո­հա­կան­ներ, ո­րոնք ընդ­յա­տա­կեայ թերթ մը կը հրա­տա­րա­կէին՝ «­Յա­նուն Հայ­րե­նի­քի» ա­նու­նով։
Մին­չեւ 1988ի Ար­ցա­խեան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան պոռթ­կու­մը, ոչ միայն խորհր­դա­յին կողմն աշ­խար­հի եւ նոյ­նինքն Հա­յաս­տա­նի մէջ, այ­լեւ ար­տերկ­րի տա­րած­քին եւ, նմա­նա­պէս, սփիւռ­քա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան այս­պէս կո­չո­ւած «հա­յաս­տա­նա­սէր» շրջա­նակ­նե­րուն մէջ, ընդ­հան­րա­պէս ար­գի­լո­ւած էր խօ­սիլ կամ գրել քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեա­լի ծանր ճա­կա­տագ­րին դա­տա­պար­տո­ւած հայ այ­լա­խո­հա­կան­նե­րուն եւ ա­նոնց դէմ կի­րար­կո­ւած դա­ժա­նա­գոյն պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րուն մա­սին։
Բա­ցա­ռու­թիւն կը կազ­մէր միայն դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լը, որ Լի­բա­նա­նի մէջ 1969ին իր հրա­տա­րա­կու­թեան նո­րա­գոյն շրջա­նը սկսած Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Ազ­դակ Շա­բա­թօ­րեակ-ԴՐՕՇԱԿ»ի գլխա­ւո­րու­թեամբ, թէ՛ օ­րը օ­րին կ­’ար­ձա­գան­գէր ուղ­ղա­կիօ­րէն հայ­րե­նի այ­լա­խոհ­նե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ստա­ցո­ւած տե­ղե­կու­թեանց, թէ՛ ընդ­յա­տա­կեայ հրա­տա­րա­կու­թեանց ար­տատ­պում­նե­րով մեր ժո­ղո­վուր­դին կը ներ­կա­յաց­նէր հայ ազ­գայ­նա­կան­նե­րու այ­լա­խո­հա­կան մտա­ծում­նե­րը, կե­ցո­ւածք­նե­րը եւ քա­ղա­քա­կան ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը՝ զօ­րակ­ցե­լով յատ­կա­պէս ազ­գա­յին մեր յի­շո­ղու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ հոն տեղ գտած գա­ղա­փա­րա­կան դիր­քո­րո­շում­նե­րուն։
Ա­տե­նին, ան­շո՛ւշտ, Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը շա­րու­նակ մե­ղադ­րան­քի տակ առ­նո­ւե­ցաւ հայ ազ­գայ­նա­կան­նե­րուն եւ այ­լա­խո­հա­կան­նե­րուն նկատ­մամբ իր դրսե­ւո­րած ե՛ւ լրա­տո­ւա­կան ար­ձա­գան­գին, ե՛ւ զօ­րակ­ցա­կան կե­ցո­ւած­քին հա­մար՝ դա­տա­պար­տո­ւե­լով իբ­րեւ հա­կա­խորհր­դա­յին պայ­քա­րը շա­րու­նա­կող հայ­կա­կան միակ գա­ղա­փա­րա­կան հո­սան­քը։
Խորհր­դա­յին կար­գե­րու տակ հա­լա­ծո­ւող հայ ազ­գայ­նա­կան­նե­րուն եւ այ­լա­խո­հա­կան­նե­րուն նկատ­մամբ պար­տա­դիր ու ա­մօ­թա­լի այդ լռու­թիւ­նը աս­տի­ճա­նա­բար տե­ղի տո­ւաւ 1980ա­կան­նե­րուն, երբ հա­մաշ­խար­հա­յին տա­րո­ղու­թեամբ բուռն պայ­քար ծա­ւա­լե­ցաւ մարդ­կա­յին ու քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը ոտ­նա­կո­խե­լու խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան դէմ։ Հա­մընդ­հա­նուր այդ զօ­րա­շար­ժին՝ Մարդ­կա­յին Ի­րա­ւանց Պաշտ­պան­նե­րու եւ Նե­րու­մի Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի ճնշու­մին տակ, խորհր­դա­յին բան­տե­րէն ա­զատ ար­ձա­կո­ւող եւ Խ. Միու­թե­նէն «ար­տաք­սո­ւող» քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեալ­նե­րու ընդ­հա­նուր շրջա­գի­ծին մէջ, հայ ազ­գայ­նա­կան­ներն ու պահ­պա­նո­ղա­կան­նե­րը եւս քայլ առ քայլ վե­րագտան ի­րենց ա­զա­տու­թիւ­նը. ո­մանք պար­տա­ւորո­ւե­ցան կամ ու­զե­ցին ար­տա­սահ­ման անց­նիլ, մեծ մա­սը սա­կայն մնաց հայ­րե­նի հո­ղի վրայ եւ իր կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ 1988ի հա­մա­ժո­ղովրդա­յին շարժ­ման ա­լե­կո­ծու­մին մէջ։
Ա­նոնց շար­քին կա­րե­ւոր տեղ կը գրա­ւէին Յո­վիկ Վա­սի­լեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, ո­րոնք «­Յա­նուն Հայ­րե­նի­քի» ընդ­յա­տա­կեայ թեր­թը հրա­տա­րա­կե­լու «յան­ցանք»ով եր­կա­րա­մեայ տա­ժա­նա­կիր բան­տար­կու­թե­նէ ա­զա­տագ­րո­ւած՝ Փետ­րո­ւար 1988ի Ղա­րա­բա­ղեան Շար­ժու­մի մա­կըն­թա­ցու­թեան ժա­մա­նակ հրա­պա­րակ ի­ջան «­Հայ Դատ» կազ­մա­կեր­պու­թեամբ եւ ի­րենց դրոշ­մը դրին հայ­րե­նի հա­յու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան զար­թօն­քի գա­ղա­փա­րա­կան հու­նա­ւոր­ման վրայ։
Տա­սը տա­րի ա­ռաջ, 2008ի Յու­լիս 2ին, Հա­յաս­տա­նի Գ­րող­նե­րու Միու­թիւ­նը յա­տուկ մի­ջո­ցա­ռում մը նո­ւի­րեց 60ա­կան­նե­րուն լոյս տե­սած «­Յա­նուն Հայ­րե­նի­քի» ամ­սագ­րի անդ­րա­նիկ հա­մա­րի խա­փան­ման 40ա­մեա­կին:
1968ի Յու­լիս 2ին Պ.Ա.Կ.ը ձեր­բա­կա­լած էր ամ­սագ­րին հրա­տա­րա­կիչ­նե­րը՝ ոչն­չաց­նե­լով ամ­սագրի 343 օ­րի­նակ­նե­րը: Բա­րե­բախ­տա­բար փճացուած այդ հա­մա­րին նիւ­թե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ պահ­պա­նո­ւած էին ձեր­բա­կա­լու­թե­նէ զերծ մնա­ցած գա­ղա­փա­րա­կից­նե­րու մօտ եւ տա­սը տա­րի ա­ռաջ, «­Յա­նուն Հայ­րե­նի­քի» խա­փան­ման 40ա­մեա­կին առ­թիւ, վե­րահ­րա­տա­րա­կու­թեան ար­ժա­նա­ցան ամ­սագ­րի խնդրոյ ա­ռար­կայ հա­մա­րի բո­լոր յօ­դո­ւած­նե­րը, ուր այդ ժա­մա­նա­կի հա­մար սուր լե­զո­ւով ու ծաղ­րով քննա­դա­տու­թեան թի­րախ դար­ձած են խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու բռնա­պե­տա­կան կար­գե­րը:
Ե­լեկտ­րո­նա­յին հա­մա­ցան­ցի վրայ Սեր­գէյ Գա­լո­յեան, «Եօ­թի գոր­ծը» խո­րագ­րո­ւած իր ծա­ւա­լուն հրա­պա­րա­կու­մով, ման­րա­մաս­նօ­րէն կ­’անդ­րա­դառ­նայ մեր ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան ու­սա­նե­լի այդ դրո­ւա­գին՝ «Ի՞նչ է կա­տա­րո­ւել 1968 թո­ւա­կա­նի Յու­լի­սի 2ին» հար­ցադ­րու­մով: Եւ կը պատ­մէ հե­տե­ւեա­լը.
«Այդ օ­րը ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցին ընդ­յա­տա­կում տպագրո­ւած «­Յա­նուն Հայ­րե­նի­քի» ամ­սագ­րի հրա­տա­րա­կիչ­ներ՝
«- Ա­սա­տուր Յու­նա­նի Բա­բա­յեա­նը («­Յա­նուն Հայ­րե­նի­քի» ընդ­յա­տա­կեայ կազ­մա­կեր­պու­թեան հսկող անձ, ծած­կա­նու­նը «­Զար­զանդ Մաշ­տոց»).
«- Ա­ղա­սի Անդ­րու­շի Ան­տո­նեա­նը (ծնո­ւել է 1931 թ. Փետ­րո­ւա­րի 12ին, Ս­պի­տա­կի շրջա­նի Կաթ­նա­ջուր գիւ­ղում, «­Յա­նուն Հայ­րե­նի­քի» կազ­մա­կեր­պու­թեան տպագ­րա­կան գոր­ծե­րու ղե­կա­վար, ծած­կա­նու­նը` «Ար­տա­ւազդ Կո­չենց», 1968ին դա­տա­պար­տո­ւել է 5 տա­րի ա­զա­տազրկ­ման, մա­հա­ցել է 2000 թո­ւա­կա­նի Նո­յեմ­բե­րի 5ին).
«- Յո­վիկ Մար­տի­նի Վա­սի­լեա­նը (ծնո­ւել է 1936 թո­ւա­կա­նի Փետ­րո­ւա­րի 20ին, Ի­ջե­ւա­նի Վե­րին Աղ­դան գիւ­ղում, «­Յա­նուն Հայ­րե­նի­քի» ընդ­յա­տա­կեայ կազ­մա­կեր­պու­թեան ղե­կա­վար, գոր­ծել է Յա­րու­թիւն Բագ­րա­տու­նեանց ծած­կա­նու­նով, դա­տա­պար­տո­ւել է 6 տա­րի ա­զա­տազրկ­ման).
«- Շի­րակ Պա­վե­լի Գիւ­նա­շեա­նը (ծնո­ւել է 1939 թ. Մա­յի­սի 1ին, Ա­խու­րեա­նի Հայ­կա­ւան գիւ­ղում, կազ­մա­կեր­պու­թեան ֆի­նանս­նե­րի գծով տե­ղա­կալ, ծած­կա­նու­նը՝ Շա­ւարշ Սի­րու­նեան, դա­տա­պար­տուել է 4 տա­րի ա­զա­տազրկ­ման, մա­հա­ցել է 1997 թո­ւա­կա­նի Սեպ­տեմ­բե­րի 20ին).
«- Գէորգ Ռու­բէ­նի Հե­քի­մեա­նը (ծնո­ւել է 1937 թո­ւա­կա­նի Օ­գոս­տո­սի 15ին, Հա­լէ­պում, կազ­մա­կեր­պու­թեան ղե­կա­վա­րի տե­ղա­կալ, ծած­կա­նու­նը` Գար­սե­ւան Յով­հան­նի­սեան, դա­տա­պար­տո­ւել է 6 տա­րի ա­զա­տազրկ­ման, մա­հա­ցել է 2005 թո­ւա­կա­նի Յու­նո­ւա­րի 12ին).
«- Սար­գիս Խա­չի­կի Թո­րո­սեա­նը (ծնո­ւել է 1930 թո­ւա­կա­նի Փետր­վա­րի 13ին Աշ­տա­րա­կի շրջա­նի Եղ­վարդ գիւ­ղում, «­Յա­նուն Հայ­րե­նի­քի» ընդ­յա­տա­կեայ կազ­մա­կեր­պու­թեան մա­տա­կա­րար­ման գծով տե­ղա­կալ, գոր­ծել է Սմ­բատ Պո­ղո­սեան ծած­կա­նու­նով, դա­տա­պար­տո­ւել է 6 տա­րի ա­զա­տազրկ­ման, մա­հա­ցել է 2000 թո­ւա­կա­նի Ապ­րի­լի 19ին):
«­Ձեր­բա­կալ­ւում են նաեւ ամ­սագ­րի հրա­տա­րակ­մա­նը նպաս­տած Լե­ւոն Ռու­բէ­նի Ա­ռու­շա­նեա­նը (դա­տա­պար­տո­ւել է 1 տա­րի 6 ա­միս ա­զա­տազրկման) եւ Հայկ Բաղ­դա­սա­րի Իս­կան­դա­րեա­նը, ով մա­հա­ցել է Պ.Ա.Կ.ի մե­կու­սա­րա­նում»:
Բռ­նագ­րա­ւո­ւած ամ­սագ­րի նիւ­թե­րուն եւ գա­ղա­փա­րա­կան բո­վան­դա­կու­թեան եւ ուղ­ղու­թեան անդրա­դառ­նա­լով՝ Ս. Գա­լո­յեան կը շա­րու­նա­կէ.-
«… Ներ­կա­յաց­նե­լով պար­բե­րա­կա­նի խնդիր­նե­րը՝ աս­ւում է, որ բաց է բո­լոր այն կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րի, կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րի եւ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րի հա­մար, ո­րոնք ի­րօք նպա­տակ ու­նեն պաշտ­պա­նե­լու հայ ժո­ղովր­դի շա­հե­րը եւ դրանք բարձր են դա­սում բո­լոր տե­սա­կի քա­ղա­քա­կան ու սո­ցիա­լա­կան հար­ցե­րից, հաս­կա­նում են ամ­բողջ հայ ժո­ղովրդի միաս­նու­թեան ու միա­ձայ­նու­թեան կեն­սա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը: Ար­ժէ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ շեշ­տել, որ ամ­սագ­րի խմբագ­րա­կազ­մը, ա­ռա­ջար­կե­լով ա­մէ­նօ­րեայ, յա­մառ, հե­տե­ւո­ղա­կան պայ­քա­րի անհ­րա­ժեշ­տու­թեան գի­տակ­ցու­թիւ­նը նե­րար­կել ժո­ղովր­դին, քա­րո­զում է զերծ մնալ ա­վան­տիւ­րիս­տա­կան քա­րոզ­նե­րից ու ազ­գայ­նա­մո­լու­թիւ­նից:
«Ամ­սա­գիրն իր առ­ջեւ խնդիր էր դրել նաեւ ճշմա­րիտ գնա­հա­տա­կան տալ հայ ժո­ղովր­դի պատ­մու­թեան փաս­տե­րին: Այս ի­մաս­տով հե­տաքրք­րա­կան է «Ապս­տամ­բու­թեան աղ­բիւր­նե­րը» նիւ­թը, ո­րը վե­րա­բե­րում է 1920 թո­ւա­կա­նի Նո­յեմ­բե­րի 29ին Դի­լի­ջա­նում տե­ղի ու­նե­ցած «բա­նո­ւո­րա­գիւ­ղա­ցիա­կան յե­ղա­փո­խու­թեա­նը», այ­սինքն Հա­յաս­տա­նում խորհր­դա­յին կար­գե­րի հաս­տատ­մա­նը: Եւ այս­պէս՝ Դեկ­տեմ­բե­րի 2ին իշ­խա­նու­թեան «խա­ղաղ փո­խանց­ման» ժա­մա­նակ նոր իշ­խա­նա­ւոր­ներ են ե­րե­ւան գա­լիս: Ով­քե՞ր էին նրանք»…
Այ­նու­հե­տեւ կը կա­տա­րո­ւի մեր­կա­ցու­մը ա­ռա­ջին հայ պոլ­շե­ւիկ­նե­րու բուն ինք­նու­թեան, ո­րոնք ցա­րա­կան կար­գե­րէն վե­րապ­րած կա՛մ կե­ղե­քիչ­ներ էին, կա՛մ ցա­րա­կան սպա­սար­կու­թեանց ծա­ռա­յող­ներ։ Ամ­սա­գի­րը ա­նուն առ ա­նուն ներ­կա­յա­ցու­ցած է զա­նոնք։
1968 թո­ւա­կա­նին այս­պի­սի՛ յօ­դո­ւած մը հրա­տա­րա­կե­լը, խորհր­դա­յին ամ­բող­ջա­տի­րու­թեան աչ­քին, մա­հա­ցու մեղք էր…
Այդ աս­տի­ճան ծանր ու դա­ժան ե­ղաւ խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեանց հա­րո­ւա­ծը՝ ուղ­ղո­ւած հայ ազ­գայ­նա­կան ե­րի­տա­սար­դու­թեան, ո­րոնք 1965ին, Մեծ Ե­ղեռ­նի յիս­նա­մեա­կին ա­ռի­թով թափ ա­ռած Հայ Դա­տի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան նո­ւի­րեալ հա­ւա­տա­ւոր­ներն էին եւ պատ­րաստ էին, գե­րա­գոյն զո­հա­բե­րու­թեան գնով, տէր կանգ­նե­լու հայ ժո­ղո­վուրդ ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու վե­րա­կանգն­ման, յատ­կա­պէս ազ­գա­յին մեր յի­շո­ղու­թիւ­նը խորհր­դա­յին Մեծ Ու­րա­ցու­մէն եւ Չա­րա­փո­խու­մէն ա­զա­տագ­րե­լու պայ­քա­րին։
2-3 Յու­լիս 1968ի ձեր­բա­կա­լու­թիւն­ներն ու բան­տար­կու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս «­Յա­նուն Հայ­րե­նի­քի» ընդ­յա­տա­կեայ լոյս տե­սած թեր­թին խա­փա­նու­մը ու­սա­նե­լի յու­շա­րար մըն է հա­յոց սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։
Ու­սա­նե­լի է նաեւ այն ա­ռու­մով, որ խորհր­դա­յին բռնա­կալ հա­լա­ծան­քին ու գա­ղա­փա­րա­կան լու­ծին դէմ ար­դա­րա­ցի ընդվ­զու­մը ապ­րած ու պատ­մու­թեան յանձ­նած է իր ժա­մա­նա­կը։
Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մով մեր ժո­ղո­վուր­դը թե­ւա­կո­խած է նոր դա­րաշր­ջան, ուր հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը՝ «օ­րի­նա­պահ» թէ «այ­լա­խո­հա­կան» իր թե­ւե­րով, կո­չո­ւած է մեր ու­ղին հու­նա­ւո­րե­լու ոչ թէ սոսկ «ընդ­դէմ» գա­ղա­փա­րա­կան բռնա­դատ­ման, կաշ­կան­դու­մի եւ հա­լա­ծան­քի, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ «յա­նուն» հայ ժո­ղո­վուր­դի վա­ղո­ւան օ­րը ա­ռողջ հի­մե­րու վրայ նո­ւա­ճե­լու մե­ծա­գոյն մար­տահ­րա­ւէ­րին։
«­Յա­նուն Հայ­րե­նի­քի»՝ այ­սօր ա­մէն բա­նէ վեր կա­րի­քը ու­նինք ազ­գա­յին մեր յի­շո­ղու­թեան վրայ խարս­խո­ւած նոր հո­րի­զոն բա­ցող գա­ղա­փա­րա­կան ստեղ­ծա­գործ թռիչ­քի։