Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի ­Դի­ւա­նը կը հա­ղոր­դէ, որ ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 13 ­Յու­նիս 2018ի կէ­սօ­րին, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տո­ւաւ ­Նէա Զ­միռ­նիի Տ. ­Սի­մէոն ­Մետ­րո­պո­լի­տին։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր կ­՚ը­կե­րա­նար Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան, ինչ­պէս նաեւ «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան, ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի եւ ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նոյ կող­մէ ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. Ար­շա­լոյս Տր­դա­տեան-­Նա­քու։
Տ. ­Սի­մէոն ­Մետ­րո­պո­լի­տի բա­րի գա­լուս­տի ջերմ խօս­քե­րէն ետք, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան ներ­կա­յա­ցուց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին հո­գե­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը՝ սկսե­լով ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վո­ւու­թեան եւ ­Լի­բա­նա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նոր­դու­թեան տա­րի­նե­րէն ու, ներ­կա­յիս, որ­պէս ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի նո­րըն­տիր Ա­ռաջ­նոր­դի։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը ա­ռա­ջին հեր­թին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ­Մետ­րո­պո­լի­տին ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար՝ անդ­րա­դառ­նա­լով ­Յու­նաս­տա­նի թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ընտ­րո­ւե­լէն ի վեր ե­կե­ղե­ցա­կան թէ պե­տա­կան անձ­նա­ւո­րու­թեանց տրո­ւած այն բո­լոր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց ա­ռա­ջի­նը ե­ղաւ Ա­թէն­քի եւ հա­մայն ­Յու­նաս­տա­նի Ար­քե­պիս­կո­պոս Իէ­րո­նի­մո­սին որ­պէս հո­գե­ւոր ա­ւագ եղ­բայ­րի, ու նաեւ գլխա­ւո­րա­գոյ­նը՝ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին պրն. Փ­րո­քո­փիս ­Բաւ­լո­փու­լո­սին, կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց ­Նէա Զ­միռ­նիի ­Մետ­րո­պո­լի­տին այ­ցե­լու­թիւ­նը, ո­րուն շրջա­նին մէջ կը գտնո­ւին բա­ւա­կան կա­րե­ւոր թի­ւով հա­յեր, ո­րոնք զա­ւակ­ներն ու թոռ­ներն են հայ ժո­ղո­վուր­դին, որ պատ­մա­կան Իզ­մի­րի մէջ յոյն ժո­ղո­վուր­դին հետ, կողք-կող­քի, ապ­րած ու բար­գա­ւա­ճած են սի­րով եւ հա­մե­րաշ­խու­թեամբ:
­Նոյն ո­գիէն մէկ­նած պա­տա­հա­կան չէ, որ տաս­նա­մեակ­ներ ա­ռաջ քա­ղա­քիս «կոր­սո­ւած հայ­րե­նիք­ներ»ու պու­րա­կին մէջ զե­տե­ղո­ւած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած ­Յու­նաս­տա­նի ա­ռա­ջին յու­շա­կո­թող «­Զան­գակ»ը:
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ­Մետ­րո­պո­լի­տին շրջա­նի հա­յու­թեան նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րած բա­րեա­ցա­կամ վե­րա­բեր­մուն­քին եւ գոր­ծակ­ցու­թեան բա­րի տրա­մադ­րու­թեան հա­մար։ Եւ այս բա­րե­պա­տեհ ա­ռի­թով՝ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը ­Մետ­րո­պո­լի­տին նո­ւի­րեց մեր ­Տէր ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ար­ծա­թա­պատ սրբա­պատ­կեր մը, իսկ «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի եւ ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նոյ կող­մէ ­Նա­րեկ ­Քա­հա­նայ ­Հայ­րը ­Մետ­րո­պո­լի­տին նո­ւի­րեց Աս­տո­ւա­ծա­մօր ար­ծա­թա­պատ սրբա­պատ­կեր մը։
­Մետ­րո­պո­լիտ ­Սի­մէոն իր կար­գին ­Գե­ղամ Սր­բա­զան ­Հօր նո­ւի­րեց իր գրչին պատ­կա­նող հո­գե­ւոր գիր­քե­րու շարք մը, ա­պա հա­մակ­րա­կան ու դրա­կան խօս­քե­րով անդ­րա­դար­ձաւ եւ վկա­յեց շրջա­նին մէջ ապ­րող ու գոր­ծող հա­յու­թեան մա­սին, եւ շնոր­հա­կալ ըլ­լա­լով ե­ղած այ­ցե­լու­թեան ու տրո­ւած նո­ւէր­նե­րուն հա­մար՝ ան­գամ մը եւս բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր, ինչ­պէս նաեւ ա­ռաջ­նոր­դա­կան բա­րի ծա­ռա­յու­թիւն եւ ար­գա­սա­բեր գոր­ծու­նէու­թիւն՝ միշտ եղ­բայ­րա­կան մթնո­լոր­տի մէջ գոր­ծակ­ցու­թեան տրա­մադ­րու­թեամբ։