­Հինգ­շաբ­թի՝ 7 ­Յու­նիս 2018ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի նո­րըն­տիր Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ եղբ. ­Յա­կոբ Ե­դի­մեան, փոխ-ա­տե­նա­պետ եղբ. ­Հայ­կազ ­Տէօք­մէ­ճեան, քար­տու­ղա­րու­հի քոյր Ար­շա ­Սա­մո­ւէ­լեան, ինչ­պէս նաեւ լրագ­րող եւ միու­թեան բա­րե­կամ պրն. Գ­րի­գոր ­Չա­քի­ճեան հան­դի­պում մը ու­նե­ցան մարմ­նա­մար­զի նա­խա­րա­րու­թեան փոխ-նա­խա­րար պրն. Եոր­ղօ ­Վա­սի­լիա­տի­սի հետ:
­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ միու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմ­նադ­րու­թեան 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով յա­ռա­ջի­կայ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րու շար­քը:
­Փոխ-նա­խա­րա­րը յայտ­նեց, թէ պատ­րաստ է ա­ջակ­ցե­լու միու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն եւ իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց կա­յա­ցած հան­դի­պու­մին հա­մար: