Հ.Հ. վար­չա­պետ ­Նի­կոլ ­Փա­շի­նեան ան­հասկ­նա­լի կը հա­մա­րէ այն, որ ո­րոշ քա­ղա­քա­ցի­ներ պատ­շաճ ձե­ւով չեն ար­ձա­գան­գեր քա­ղա­քա­ցիա­կան անհնա­զան­դու­թեան բո­լոր ցոյ­ցե­րը դադ­րեց­նե­լու իր կո­չին: Այս մա­սին ան գրած է դի­մա­տետ­րի իր է­ջին վրայ: «Ին­ծի հա­մար ան­հաս­կա­նա­լի է, որ կան քա­ղա­քա­ցի­ներ, ո­րոնք պատ­շաճ ձե­ւով չեն ար­ձա­գան­գեր քա­ղա­քա­ցիա­կան անհ­նա­զան­դու­թեան բո­լոր ցոյ­ցե­րը դադ­րեց­նե­լու եւ առ­կայ խնդիր­նե­րու շուրջ կա­ռա­վա­րու­թեան հետ աշ­խա­տե­լու իմ կո­չին:
«­Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ, կրկին ան­գամ կը խնդրեմ, կը յոր­դո­րեմ եւ կը պա­հան­ջեմ` դադ­րեց­նել քա­ղա­քա­ցիա­կան անհ­նա­զան­դու­թեան ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան բո­լոր ցոյ­ցե­րը եւ աշ­խա­տիլ կա­ռա­վա­րու­թեան հետ` ձեզ յու­զող հար­ցե­րը քննար­կե­լու եւ լու­ծե­լու հա­մար»,- նշած է ­Փա­շի­նեան:
Ա­նոր խօս­քով` ժո­ղո­վուր­դի վստա­հու­թիւ­նը վա­յե­լող կա­ռա­վա­րու­թեան դէմ քա­ղա­քա­ցիա­կան անհ­նա­զան­դու­թեան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լը կը նշա­նա­կէ քա­ղա­քա­ցիա­կան անհ­նա­զան­դու­թեան ցոյ­ցեր ի­րա­կա­նաց­նել ի­րենք ի­րենց դէմ կամ ի­րա­կա­նաց­նել խա­փա­նա­նար գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ:
«Կր­կին ան­գամ կը խնդրեմ, կը յոր­դո­րեմ եւ կը պա­հան­ջեմ այս պա­հէն սկսեալ դադ­րեց­նել քա­ղա­քա­ցիա­կան անհ­նա­զան­դու­թեան ա­ռանց բա­ցա­ռու­թեան բո­լոր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը, ե­թէ ա­տոնք խա­փա­նա­րար գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ չեն ընդ­դէմ ժո­ղո­վուր­դի վստա­հու­թիւ­նը վա­յե­լող կա­ռա­վա­րու­թեան, հե­տե­ւա­բար` ընդ­դէմ ժո­ղո­վուր­դի»,- ը­սած է Հ.Հ. վար­չա­պե­տը:
Ան կոչ ը­րած է իր ա­ջա­կից­նե­րուն տա­րա­ծե­լու այս ու­ղեր­ձը եւ գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ ի­րա­կա­նաց­նող քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ներ­կա­յաց­նե­լու ա­նոր բո­վան­դա­կու­թիւ­նը, «ի հար­կէ` սի­րոյ եւ հա­մե­րաշ­խու­թեան մթնո­լոր­տի մէջ»: