­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րէն ներս, ­Շա­բաթ՝ 28 Ապ­րիլ 2018ին, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան եւ Կ­րօ­նա­կան ­Ժո­ղո­վի ան­դամ­ներ, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան դի­ւա­նը՝ ա­տե­նա­պետ ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան, ա­տե­նադ­պիր ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան եւ վար­չու­թեան ան­դամ տիկ. Ա­րաք­սի Ա­բէ­լեան-­Քո­լա­նեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­Քա­լա­մա­թա­յի Ա­յիոս ­Նո­քո­լաոս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւած հայ­կա­կան ­Սուրբ եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գին։ ­Պա­տա­րա­գեց Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Վահ­րիճ Վրդ. ­Ղա­րա­խա­նեան։ ­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը ղե­կա­վա­րեց Կ­րօ­նա­կան ­Ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ Հ­րայր Ա­ւագ Քհնյ. ­Նի­կո­լեան։ Ս. ­Պա­տա­րա­գին ներ­կայ գտնո­ւե­ցաւ՝ իր օգ­նա­կան ե­րեք վար­դա­պետ­նե­րով՝ ­Մե­սի­նիա­սի մետ­րո­պո­լիտ Խ­րի­սոս­թո­մոս Ար­քե­պիս­կո­պոս, որ ե­կե­ղեց­ւոյ մետ­րո­պո­լի­տա­կան գա­հը տրա­մադ­րեց Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր. նաեւ ներ­կայ էին հիւ­րա­բար քա­ղա­քը գտնո­ւող Ա­ղեք­սանդ­րիոյ յու­նաց պատ­րիար­քու­թեան Ե­գիպ­տո­սի Իս­մա­յի­լիա­յի նա­հան­գի ­Ղավ­րիլ մետ­րո­պո­լի­տը, ­Քա­լա­մա­թա­յի փոխ-քա­ղա­քա­պետ տիկ. ­Մա­րիա Ի­քո­նո­մա­քու եւ ­Քա­լա­մա­թա­յի մէջ կայք հաս­տա­տած ութ­սուն հայ­րե­նա­կից­ներ։
­Յայտ­նենք, որ նա­խօ­րօք՝ 15 ­Փետ­րուար 2018ին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տին եւ Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րուն ­Քա­լա­մա­թա­յի ­Մետ­րո­պո­լի­տի տո­ւած ծա­նօ­թաց­ման եւ քա­ղա­քա­վա­րա­կան այ­ցե­լու­թեան առ­թիւ, ­Քա­լա­մա­թա­յի հա­յու­թեան ազ­գա­յին եւ հո­գե­ւոր կա­րիք­նե­րու մա­տա­կա­րար­ման հար­ցով Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի դի­մում­նե­րուն ըն­դա­ռա­ջե­լով՝ Խ­րի­սոս­թո­մոս Ար­քե­պիս­կո­պո­սը իր ազ­նիւ տրա­մադ­րու­թիւ­նը յայտ­նած էր, որ միշտ պատ­րաստ է շրջա­նի հա­յու­թեան հո­գե­ւոր կա­րիք­նե­րու մա­տա­կա­րար­ման հա­մար ե­կե­ղե­ցի մը տրա­մադ­րե­լու։ ­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը յու­նա­րէն լե­զո­ւով ող­ջու­նեց ­Մե­սի­նիա­սի ­Մետ­րո­պո­լի­տը, յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ըն­ձե­ռուած այս ա­ռի­թին եւ ե­կե­ղեց­ւոյ տրա­մադ­րո­ւե­լուն հա­մար՝ ը­սե­լով, որ քրիս­տո­նէա­կան եղ­բայ­րա­կան ո­գիի ի՜նչ գե­ղե­ցիկ ե­րե­ւոյթ է, որ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ զա­ւակ­ներ՝ յոյն ե­կե­ղեց­ւոյ կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ հոգ­ւոր եւ ազ­գա­յին կա­րիք­նե­րու մա­տա­կա­րա­րում կը ստա­նան։ Այս գե­ղե­ցիկ ե­րե­ւոյ­թը կը պար­տինք ­Մե­սի­նիա­սի ­Մետ­րո­պո­լի­տին հո­գա­տար հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թեան կող­քին նաեւ ա­նոր ա­կա­դե­մա­կան եւ աս­տո­ւա­ծա­բա­նա­կան ներ­հուն գիտ­նա­կան ըլ­լա­լուն։ Ա­ռաջ­նորդ Սրբա­զա­նը նաեւ շեշ­տեց այն ի­րո­ղու­թիւ­նը, որ լու­սա­միտ եւ լայն գի­տու­թեան տէր հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­ներ, ո­րոնք լա­ւա­պէս կը ճանչ­նան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ուղ­ղա­փառ դա­ւա­նան­քը՝ պատ­մա­կան, աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան, ժա­մա­նակ­նե­րու մտայ­նու­թեան ազ­դակ­նե­րու յա­ռա­ջա­ցու­ցած իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րը, օրհ­նանք են ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մեր­ձեց­ման եւ միու­թեան աշ­խա­տան­քին մէջ։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր խօս­քէն ետք, ­Մե­սի­նիա­սի մետ­րո­պո­լի­տը նաեւ իր սրտի խօս­քը ուղ­ղեց՝ ող­ջու­նե­լով եւ իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նե­լով, որ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը հո­վո­ւա­կան եւ ազ­գա­յին հո­գա­տա­րու­թեամբ հե­տա­մուտ են ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ապ­րող բո­լոր հա­յե­րու եւ ի մաս­նա­ւո­րի ­Քա­լա­մա­թա շրջա­նի հա­յու­թեան կա­րիք­նե­րու մա­տա­կա­րար­ման։ Ս. ­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ստա­ցան սուրբ հա­ղոր­դու­թիւն։ Ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը, նախ­քան սրբա­դա­սո­ւած նա­հա­տակ­նե­րու բա­րե­խօ­սու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րե­լը, հա­յե­րէն լե­զո­ւով ներ­կայ հայ­րե­նա­կից­նե­րուն խօսք ուղ­ղե­լով ը­սաւ, թէ այ­սու­հե­տեւ հո­գե­հան­գիստ ա­րա­րո­ղու­թիւն չենք կա­տա­րեր, այլ՝ սուր­բե­րու յա­տուկ ա­ղօթք։ Անդ­րա­դար­ձաւ, սուր­բե­րու կեան­քի օ­րի­նա­կին, յատ­կա­պէս ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նա­հա­տակ­նե­րու օ­րի­նա­կին, ո­րոնք Ք­րիս­տո­սի ­Յա­րու­թեան հա­ւատ­քով զո­հե­ցին նիւ­թա­կանն ու ան­ցա­ւո­րը, պա­հե­լու հա­մար հո­գե­կանն ու յա­ւի­տե­նա­կա­նը եւ մե­զի կտա­կե­ցին հա­ւատ­քի եւ ազ­գու­թեան պահ­պան­ման հա­մար նո­ւի­րա­բե­րու­մի եւ զո­հո­ղու­թեան գե­րա­գոյն գի­տակ­ցու­թիւ­նը։ ­Նա­հա­տակ սուր­բե­րը յաղ­թա­կան­ներ են, հե­րո­սա­կան տի­պար­ներ՝ ո­րոնք այ­սօր եւ ա­մէ­նուր մե­զի կը թե­լադ­րեն, որ մենք՝ յա­րա­բե­րա­բար նա­հա­տակ­նե­րուն դի­մագ­րա­ւած տա­ռա­պան­քին, ա­ւե­լի բնա­կա­նոն եւ խա­ղաղ կեան­քի պայ­ման­նե­րու մէջ, ա­ռա­ւել եւս ու­շա­դիր պէտք է ըլ­լանք չօ­տա­րա­նա­լու մեր պա­պե­րու հա­ւատ­քէն եւ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թե­նէն եւ ջա­նանք մեր նոր սե­րունդ­նե­րը մա­նա­ւանդ հայ պա­հել։
Ա­ւար­տին, ­Քա­լա­մա­թա­յի հա­յու­թեան ա­նու­նով նաեւ խօսք ա­ռաւ տիկ. ­Վար­սիկ ­Գալս­տեան, որ հա­յե­րէն եւ յու­նա­րէն լե­զու­նե­րով անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ա­նար­դա­րու­թեան եւ նոր սե­րունդ­նե­րուն պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը յայտ­նեց ան­նա­հանջ կո­րո­վով յա­ռաջ տա­նե­լու մեր բիւ­րա­ւոր նա­հա­տակ­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րուն պա­հանջ­ման ար­դա­րա­ցի դա­տը։
Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­փա­կին մէջ զե­տե­ղուած յու­շա­կո­թո­ղին առ­ջեւ, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան եւ ­Քա­լա­մա­թա­յի հա­յու­թեան ա­նու­նով տիկ. ­Սո­Ֆիա ­Մար­գա­րեան դափ­նեպ­սակ­ներ զե­տե­ղե­ցին եւ բո­լոր ներ­կա­նե­րը հնչե­ցու­ցին հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ազ­գա­յին քայ­լերգ­նե­րը։ Ա­պա՝ ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն ի պա­տիւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նին, Կ­րօ­նա­կան ­Ժո­ղո­վի եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րուն, ի ներ­կա­յու­թեան ­Մե­սի­նիա­սի ­Մետ­րո­պո­լի­տին եւ իր հիւ­րե­րուն։ ­Սոյն հիւ­րա­սի­րու­թեան ըն­թաց­քին հա­ւա­քո­ւած հայ­րե­նա­կից­նե­րուն խօսք ուղ­ղեց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան՝ յայտ­նե­լով, որ Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը մօ­տէն կը հե­տե­ւի ի­րենց եւ պատ­րաստ է կա­րե­լի ե­ղած օ­ժան­դա­կու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու։ ­Նոյն­պէս Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը իր խօս­քը ուղ­ղեց ներ­կայ հայ­րե­նա­կից­նե­րուն՝ յատ­կա­պէս նշե­լով հայ­րե­նի­քէն ե­կած մեր հայ­րե­նա­կի­ցի­նե­րուն հայ­րե­նա­սի­րա­կան ո­գին եւ ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւ­նը, զոր տաս­նա­մեակ­նե­րով ա­նոնք ար­տա­յայ­տած են Ապ­րիլ 24ին դէ­պի ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բերդ հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր­նե­րու քայ­լար­շա­ւով եւ յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցա­նե­լով նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին։ Սր­բա­զան ­Հայ­րը նաեւ մատ­նան­շեց՝ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան մէկ դա­րու փոր­ձա­ռու­թե­նէն մեկ­նած, օ­տար ա­մա­յի ճամ­բէ­քի մո­լո­րե­ցու­ցիչ եւ այ­լա­սե­րող դիւ­թանք­ներն ու հմայք­նե­րը, ո­րոնք կը շա­րու­նա­կեն կուլ տալ հա­զա­րա­ւոր հա­յոր­դի­ներ։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը նաեւ աշ­խա­տան­քա­յին կարճ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան ­Քա­լա­մա­թա­յի հա­յու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու տիկ. ­Սո­Ֆիա ­Մար­գա­րեա­նի եւ ա­նոր օգ­նա­կան­նե­րուն հետ, յա­ռա­ջի­կա­յին ա­ւե­լի կազ­մա­կեր­պո­ւած ձե­ւով զբա­ղո­ւե­լու եւ հե­տաքրք­րո­ւե­լու ­Քա­լա­մա­թա­յի հա­յու­թեան կեան­քով։